Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Միւս Քաղաքապետութիւններն Ալ Պէտք Է Օրինակ Վերցնեն Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութենէն

Յուլիս 27, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԺԱՔ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

7-26-15_bourj-27

Վերջին շաբթուան ընթացքին քանի մը անգամ մամուլով անդրադարձանք Լիբանանի աղբահանութեան տագնապին եւ կը գնահատենք այս իմաստով Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան ճիգերը իր սահմանափակ կարողութիւններով հանդերձ շրջանին մէջ այս տագնապը թեթեւցնելու իմաստով:

Արդէն սկիզբէն ալ ամբողջ հարցը հոն էր, որ այս մարզին կառավարումը 1990-ականներէն ետք յանձնուած էր սեփական ընկերութեան մը` «Սուքլին»-ին, որ իր կարգին այդքան ալ չփայլեցաւ իր գործունէութեան թափանցիկութեամբ եւ յատկանշուեցաւ չարաշահումներով, մինչդեռ լիբանանեան պետութիւնը օրէնք ունի աղբահանութեան մարզը վստահելու քաղաքապետութիւններուն:

Հիմա որ Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի մէջ աղբերու կուտակումներ կը տեսնուին, ասիկա խթան է, որ քաղաքապետութիւնները իրենք նախաձեռնողները ըլլան եւ օրինակ վերցնելով Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան փորձեն, իրենք այս աշխատանքը կատարեն` նաեւ անձնական ընկերութեան չարաշահումներէն վերջնականապէս ձերբազատելու հեռանկարով:

Անշուշտ աղբահանութեան հարցին կողքին կայ նաեւ յետոյ այդ աղբերէն ձերբազատելու հարցը: Փորձը ցոյց տուաւ, որ աղբանոցները կամ այդ աղբերը այրելը լուծում չէ, լուծումը կը կայանայ շատ մեծ չափով վերամշակումին մէջ, եւ վերամշակումին համար նախ զտումը պէտք է ըլլայ աղբիւրէն` տունէն, ապակեայ շիշերը, թիթեղները, թուղթերը, խաւաքարտերը եւ օրկանական աղբերը առանձին-առանձին զտելու առումով:

Կասկած չկայ, որ այս իմաստով մեծ դեր ունի կատարելիք նաեւ դաստիարակչութիւնը` ժողովրդային մակարդակի վրայ: Շաբաթ օր Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ տեղի ունեցած ցոյցին ընթացքին լիբանանցի յայտնի բնապահպան գործիչ Փոլ Ապի Ռաշետ գիտականօրէն բացատրեց վերամշակումի անհրաժեշտութիւնը:

Եւ ամէն մէկ շրջան իր առանձին գործարանը պէտք է ունենայ այդ զտուած աղբը վերամշակելու իմաստով: Պէտք է այս իմաստով ճնշում բանեցնել իւրաքանչիւր քաղաքապետութեան վրայ` վերամշակման առումով եւ աղբերէն տեղւոյն վրայ ձերբազատելու իմաստով: Բայց կը շեշտենք, թէ որքան անհրաժեշտ պիտի ըլլար վարչական լայն ապակեդրոնացումը կիրարկելը` այս բոլոր հարցերուն շրջաններուն մէջ լուծում գտնելու համար: Եթէ Լիբանանի քաղաքական տագնապը լուծուի եւ կարելի ըլլայ նախ նախագահական եւ յետոյ խորհրդարանական սպասուած ընտրութիւնները կատարել, կը կարծենք, որ յաջորդ կարեւորագոյն հարցը արդէն իսկ պատրաստ վարչական ապակեդրոնացումի օրէնքը քննարկելն ու գործադրելը պէտք է ըլլայ:

 

 

 

 

Նախորդը

«Սփիւռք» Լրագրողներու Ամառնային Դասընթացքը Կը Շարունակուի

Յաջորդը

«Գագիկ Ծառուկեան» Բարեգործական Հիմնադրամը 100,000 Ամերիկեան Տոլարով Իր Մասնակցութիւնը Կը Բերէ Ազգային Միացեալ Վարժարանի Կառուցման Աշխատանքներուն

RelatedPosts

Պարտաւոր Ենք Շարունակելու Մայիս 28-եան Աւանդութիւնները
Անդրադարձ

Պարտաւոր Ենք Շարունակելու Մայիս 28-եան Աւանդութիւնները

Մայիս 30, 2023
Խենթերն Են Գտնում Հնար…
Անդրադարձ

Խենթերն Են Գտնում Հնար…

Մայիս 27, 2023
Պիտի Վերականգնենք Մայիս 28-ի Հանրապետութենէն Հասած Բոլո՛ր Աւանդները
Անդրադարձ

Պիտի Վերականգնենք Մայիս 28-ի Հանրապետութենէն Հասած Բոլո՛ր Աւանդները

Մայիս 27, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In