
Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ռէյիսի հաստատեց, որ Իրանի եւ Վեցեակին միջեւ բանակցութիւնները պիտի արձանագրուին համաշխարհային դիւանագիտութեան մէջ եւ այդ մասին պիտի դասաւանդուի դպրոցական դասագիրքերուն մէջ, եւ ատիկա իբրեւ լաւ օրինակ պիտի դիտուի միջազգային տագնապներու լուծման գործին մէջ: «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցին ընթացքին դեսպան Ռէյիսի խօսեցաւ նաեւ հայ-իրանեան մեծ ծրագիրներու կարեւորութեան մասին:
Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի Հայաստան այցելութեան մասին հարցումի մը դեսպանը պատասխանեց.
«Մենք կը յուսանք եւ հետամուտ կ՛ըլլանք, որ այդ այցելութիւնը այս տարի իրականանայ: Անշուշտ, յստակ թուական չեմ կրնար նշել: Այդ ուղղութեամբ աշխատանքներ կը կատարուին: Մօտիկ ապագային կը սպասուի նախագահի առաջին տեղակալին Հայաստան այցելութիւնը: Անոր այցելութենէն ետք հետամուտ պիտի ըլլանք Ռուհանիի այցելութեան»: