Զրոյցը վարեց` ՀՐԱՅՐ ԵՍԱՅԵԱՆ
Լիբանան տուած այցելութեան ծիրին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Ոսկերչական եւ ադամանդագործական ընկերակցութեան հիմնադիր-նախագահ Գագիկ Աբրահամեան կարճ զրոյց մը ունեցաւ «Ազդակ»-ի հետ:
Պատասխանելով Հայաստանի ներկայ տնտեսական վիճակին վերաբերող հարցումի մը` ան յայտնեց, որ Հայաստանի տնտեսական վիճակը այսօր ուղղակի եւ անուղղակի կապուած է Ռուսիոյ Մաքսային միութեան տնտեսական վիճակին հետ: Ըստ անոր, տնտեսական վիճակը ազդուած է լիազօրութիւններու հանգամանքէն մեկնած: Այսուհանդերձ, Հայաստանի կառավարութիւնը ամէն ինչ կ՛ընէ, որպէսզի իր տնտեսութիւնը ոտքի պահէ: Կառավարութիւնը փոքր եւ միջին աշխատանքներու վարկեր կը տրամադրէ եւ յատկացումներ կու տայ ընկերութիւններուն: Աբրահամեան հաստատեց, որ ռուսական շուկայի կայունութիւնը, ռուսական ռուբլիի արժենիշի կայունութիւնը հիմնական ազդեցութիւն կ՛ունենան Հայաստանի տնտեսութեան վրայ:
Ըստ Հայաստանի Հանրապետութեան Ոսկերչական եւ ադամանդագործական ընկերակցութեան հիմնադիր-նախագահին, Հայաստանի Եւրասիական միութիւն մտնելը շատ կարեւոր է անվտանգութեան տեսակէտէն: Մօտ 180 միլիոն բնակչութեամբ շուկայ կը բացուի Հայաստանի առջեւ սոյն միութեան անդամակցութեամբ: Երեւանէն Մոսկուա ապրանք փոխադրելը նոյնքան դիւրին կ՛ըլլայ, որքան` Երեւանէն Գյումրի: Տուրքերու իմաստով, ապրանքի փոխադրութիւնը շատ հեզասահ պիտի ըլլայ մաքսային միութեան երկիրներուն հետ: Սակայն բեռնարկղով ապրանք բեռնաւորելը նոյնքան դիւրին չէ երկաթուղիի չգոյութեան պատճառով: Հետեւաբար , ապրանքին գինը, որակը եւ անոր առաւելութիւնը կը ճշդեն արտադրանքին յաջողութիւնը:
Այս հարցի լուծման անդրադառնալով` Գագիկ Աբրահամեան յայտնեց, որ եթէ բացուի Հայաստան-Վրաստան-Ռուսիա երկաթուղին, որ հարիւրաւոր միլիոն տոլարի ծախսեր կը պահանջէ, Հայաստանի տնտեսական շրջափակումը ձեւով մը կ՛աւարտի, եւ տնտեսական վիճակը մեծապէս կը բարելաւուի: Ըստ անոր, այս առնչութեամբ Ռուսիան ջանք ի գործ կը դնէ, որպէսզի իրագործուի այս երկաթուղիին ծրագիրը: Վրաստանը իր կարգին տարանցումի տուրքերէն կ՛օգտուի երկաթուղիի գործածութեան պարագային:
Հայաստանի` Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութեամբ Հայաստանի ճարտարարուեստի զարգացման անդրադառնալով` Գագիկ Աբրահամեան դիտել տուաւ, որ անիկա կը զարգանայ այնքանով, որքանով Հայաստան ճիշդ ապրանքը կ՛արտադրէ` գինի, որակի եւ այլ մանրամասնութիւններէ մեկնելով: Շուկայական իրավիճակին մէջ պէտք է մրցիլ: Առաւել, մաքսային միութեան յաւելեալ արժէքի (VAT) տուրքի օրէնքը գնորդին առիթ կու տայ մինչեւ երկու ամիս կատարելու իր վճարումները:
«Ազդակ»-ի յաջորդ հարցումը կը վերաբերէր Հայաստանի վրայ հայաստանաբնակ սուրիահայերուն ունեցած տնտեսական ազդեցութեան:
«Մենք սփիւռքի նախարարութեան հետ մեծ ծրագիրներ փորձեցինք իրականացնել, սակայն չյաջողեցանք: Մօտ հարիւր սուրիահայ ընդունեցի աշխատանքի, բոլոր պայմանները մենք ստեղծած էինք: Մեծամասնութիւնը եկաւ, աշխատեցաւ, ապա հեռացաւ ընդհանրապէս դէպի Քանատա եւ այլ երկիրներ: Անոնցմէ մնացին քանի մը հոգին: Բոլոր պայմանները ստեղծուած են սուրիահայերուն համար Հայաստանի մէջ ձեռնարկութիւններ ընելու: