Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաքի Մասնակիցներուն Օգտաշատ Եւ Հաճելի Առօրեայէն

Յուլիս 17, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

1911922_837514366332390_4502017087183602244_n

Համազգայինի ուսանողական 21-րդ հաւաքը` Ֆորումը, շաբաթ, 11 յուլիս 2015-ի առաւօտեան սկսաւ Երեւանի մէջ` համախմբելով 35 երիտասարդներ` Հայաստանէն, Արցախէն, Վրաստանէն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն, Սուրիայէն, Լիբանանէն, Ֆրանսայէն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, Քանատայէն եւ Աւստրալիայէն:

11755895_838319826251844_5178079613328570755_n

Բացումը կատարուեցաւ «Եւրոպա» պանդոկին մէջ. մասնակցողներու կողքին ներկայ էին նաեւ Համազգայինի Հիմնարկի նախագահ Լիլիթ Գալստեան, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութենէն Սպարտակ Ղարաբաղցեան եւ Թամար Հաշօղլեան, դոկտ. Հրանդ Մարգարեան եւ Կարօ Յովհաննէսեան: Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Լիլիթ Գալստեան, ապա հերթականութեամբ իրենց սրտի խօսքը փոխանցեցին Սպարտակ Ղարաբաղցեանն ու դոկտ. Հրանդ Մարգարեանը, ինչպէս նաեւ` Ֆորումի ընթացիկ տարուան վարիչներ Արա Բարսեղեան եւ Թամար Տօնապետեան:

11214155_838036266280200_6796014806418307512_n

Ճաշի սպասարկութենէն ետք, «Սփիւռքի պատմութիւնը» խորագիրով դասախօսութիւն ներկայացուց Կարօ Յովհաննէսեան, որ ամփոփ ձեւով անդրադարձաւ սփիւռքի պատմութեան` առիթ տալով հարցումներու եւ զրոյցի: Դասախօսութենէն ետք ֆորումականները ուղղուեցան դէպի Հայաստանի Պատմութեան թանգարան, ուր առիթ ունեցան ամփոփ տեղեկութիւններ ստանալու Հայաստանի մէջ յայտնաբերուած հնագոյն իրերուն մասին. հետաքրքրական էր մանաւանդ տեսնել վերջերս Արենիի մէջ յայտնաբերուած հնագոյն կօշիկը, նաեւ` պատմական արժէք ներկայացնող շատ մը այլ իրեր:

Շարունակելով` երիտասարդները ուղղուեցան դէպի Սասունցի Դաւիթի արձանը, ապա` Մայր Հայաստանի յուշահամալիրը, ուր կը գտնուի Մայր Հայաստան արձանը:

Գիշերը ընկերային ջերմ ու խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ բարի գալուստի ընթրիքի սեղաններուն շուրջ. կենացներուն յաջորդեցին պարն ու երգը, որոնց մասնակցեցան բոլորը` առաջին օրէն իսկ շնորհներ բացայայտելով:

11050783_836945353055958_2104755271474081476_n

Համազգայինի ուսանողական հաւաքի երկրորդ օրուան թեման հայ ճարտարապետութիւնն էր: Օրուան ընթացքին մասնակցողներուն ընկերակցեցաւ հայ ճարտարապետութեան հանրայայտ մասնագէտներէն Սամուէլ Կարապետեանը: Սաղմոսավանքի շուրջ Կարապետեան բացատրութիւններ տուաւ տարածաշրջանին մասին, ինչպէս նաեւ Սաղմոսավանքը իբրեւ օրինակ բերելով` հայ ճարտարապետութեան զանազան ժամանակաշրջաններուն, խաչքարերուն եւ արձանագրութիւններուն մասին: Ապա դէպի Արագած պտոյտը մասնակցողներուն առջեւ պարզեց հայկական լեռնաշխարհի գեղեցկութիւնը. Արագած լերան լանջին, Քարէի լիճին շուրջ բնութեան մէջ ճաշելէ ետք, ֆորումականները ուղղուեցան դէպի Ամբերդ: Միջնաբերդին շուրջ Սամուէլ Կարապետեան բացատրութիւններ փոխանցեց Ամբերդի կառուցման եւ տարածքին մէջ գտնուող եկեղեցիին մասին` ակնարկելով գաւիթի իւրայատկութեան:

Վերադարձին, Երեւանի հրապարակին շուրջ, ֆորումականները նշեցին Վարդավառը` մասնակցելով օրուան յատուկ ջրախաղերուն, ապա ընկերային մթնոլորտը շարունակուեցաւ մինչեւ ուշ գիշեր:

11141257_836556853094808_1555725912193029285_n0716hahamzkayinforum1Երրորդ օրը ֆորումականները ուղղուեցան դէպի Հայաստանի ամէնէն գեղեցիկ վայրերէն մէկը` Դիլիջան, ուրկէ իրենց ճամբան շարունակեցին դէպի Հաղարծին, որուն հոգեւոր հովիւը` հայր Սամուէլ, հակիրճ բացատրական մը տուաւ շուրջի եկեղեցիներուն մասին: Ներկաները հետաքրքրութեամբ ունկնդրեցին բացատրութիւնները. այլ պատմական արժէք ներկայացնող կոթողներու կողքին, հոն կը գտնուին նաեւ Գագիկ եւ Սմբատ Բագրատունիներու դամբարանները, «Խորհուրդ խորին» շարականի հեղինակ Խաչատուր Տարօնեցիի դամբարանը եւ Ս. Աստուածածին եկեղիցին, ուր հեղինակը գրեց այդ շարականը: Ապա երիտասարդները բարձրացան դէպի Սեւանի կղզիի Սուրբ Կարապետ վանքը, ապա ուղղուեցան լողափ: Երեկոն շարունակուեցաւ Երեւանի մէջ:

Չորրորդ օրուան առաջին հանգրուանը եղաւ «Չարենցի կամար»-ը. Արարատը թաքուն դիտեց բոլորը, իսկ ֆորումականները, Չարենցի տողերէն ներշնչուած, ասմունքեցին «Ես իմ անուշ Հայաստանի»-ն: Ագաբելլա քառեակի մը ներկայութենէն օգտուելով, Կոմիտասէն ու Սայաթ Նովայէն երգեր ունկնդրելէ ետք, քառեակն ու ֆորումականները միասնաբար երգեցին «Գովք Հայաստանի»-ն (Ես իմ անուշ Հայաստանի):

Շարունակելով դէպի Գառնի, ու ճանապարհին Գառնիի մասին հակիրճ բացատրականներէ ետք, ֆորումականները առիթ ունեցան վայելելու Գառնիի տաճարի համալիրը, որմէ ետք հասան Գեղարդ: Գեղարդի մէջ տեղւոյն տուտուկահարներն ու տհոլ նուագողը հնչեցուցին Սասնայ եարխուշտան, ու ծայր առաւ պարը:  Ապա ֆորումականները առիթը ունեցան ունկնդրելու Գեղարդավանքի համալիրին պատմականը, տեսնելու այն խուցը, ուր մեր պատմութեան համաձայն, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ ճգնած է ամիսներով: Առաջնորդող հոգեւորականին աղօթքներէն ու օրհնութիւններէն ետք, խումբ մը երիտասարդներ, ներշնչուած մթնոլորտէն, հոգեւորականին մեկնումէն ետք, ինքնաբուխ կերպով երգեցին «Տէր ողորմեա»-ն:

Երեւան վերադառնալէ ետք Կարօ Յովհաննէսեան վարեց հետաքրքրական զրոյց մը` «Ո՞վ է հայը» թեմայով. ուշագրաւ էր լսել զանազան ու երբեմն իրարու հակազդող կարծիքները այս նիւթին շուրջ. բարդ հարցում մը, որ մաս կը կազմէ մեր բարդ իրականութեան:

Զրոյցին յաջորդեց այցելութիւն` Ջիւանիի անուան երաժշտանոցը, ուր խումբը լրիւ մէկ ժամ առիթ ունեցաւ լսելու աշուղական արուեստի մասնագէտ, Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտի կոչումին արժանացած Թովմաս Պօղոսեանի բացատրութիւններն ու «Սայաթ Նովա» աշուղական խումբին հրաշալի մեկնաբանութիւնները:

Այս տարի երեք տարբեր աշխատանոցներ մաս կը կազմեն հաւաքին. լուսանկարչական-ֆիլմ, լրատուի պատրաստութիւն, պարարուեստ: Նախընտրութիւններու  համաձայն, խումբերը իրենց աշխատանքային ծրագիրներուն լծուեցան:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (17 Յուլիս 1965)

Յաջորդը

Մովսէս Թ. Հերկելեանի Անմեռ Յիշատակին

RelatedPosts

Անդրադարձ.  Սփիւռքահայ Կեանքեր` Ինչպէս Որ Տեսայ  (Տոքթ. Հրայր Ճէպէճեանին Նոր Գիրքը)
Անդրադարձ

Մեր Եկեղեցին Եւ Ազգային Սահմանադրութիւնը (Վաւերացման 160-Ամեակի Առիթով) Բ. Մաս

Մարտ 24, 2023
Թուրք Ժխտողականները Չեն Կրնար Պարտութեան Մատնել Հայերը Քալիֆորնիոյ Մէջ
Անդրադարձ

Իրաւական Փորձագէտները Միջազգային Դատարանէն Կը Պահանջեն Քննութեան Ենթարկել Թուրքիոյ` Մարդկութեան Դէմ Գործած Յանցանքները

Մարտ 24, 2023
Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Դեղագործ Արմէն Պուճիքանեան
Անդրադարձ

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Դեղագործ Արմէն Պուճիքանեան

Մարտ 24, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In