Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մովսէս Թ. Հերկելեանի Անմեռ Յիշատակին

Յուլիս 17, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-17-15_Movses-T-HerguelianՆախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական¬քարոզչական յանձնախումբին, կիրակի, 19 յուլիսին, Մովսէս Թ. Հերկելեանի մահուան Ա. տարելիցին առիթով տեղի ունենալիք հոգեհանգիստէն ետք, պիտի կատարուի յիշատակի ձեռնարկ եւ անոր գիրքին շնորհահանդէսը:

Այս առիթով կը հրատարակենք անոր նոր լոյս տեսած «Բարեւներ Այնճարէն» գիրքին նախաբանը` Վարուժան արք. Հերկելեանի գրիչին պատկանող, եւ Մովսէս Թ. Հերկելեանի գրութենէն հատուածներ:

Նշենք, որ 1951-ին Այնճարի մէջ ծնած Մովսէս Թ. Հերկելեան Այնճարի մէջ ազգային գործիչ էր բառին իսկական առումով: Ան եղած է թաղապետ, կոմիտէի անդամ, մարմիններու եւ յանձնախումբերու գործօն մասնակից:

 

Նախաբան

Մուսալեռցի Էր Հայ Ըլլալէ Առաջ

Պատմելու շնորհը Հերկելեանները ժառանգած են իրենց մուսալեռցի պապերէն: Մեր մեծ հայրը Մովսէս, նշանաւոր հեքիաթասաց եղած է Մուսա լերան վրայ: Իսկ մեր հայրերը (Խաչիկ, Թովմաս եւ Սեդրակ) յայտնի պատմողներ էին գիւղին մէջ: Անոնք իրենց կենսագրական դրուագներն իսկ կը պատմէին հեքիաթի նման` փայլուն երեւակայութեամբ եւ մանրամասնօրէն: Իսկ երբ տակաւին մեր սիրելի ծննդավայրին` Այնճարի ջեռուցման եւ լուսաւորումի միջոցները միջնադարեան արհեստագիտութեամբ էին, ձմեռները կը հաւաքուէինք «թոնտըր»-ի շուրջ եւ յափշտակութեամբ կը լսէինք մեր ծնողներուն հեքիաթներն ու երգիծախառն պատմութիւնները: Հետագային սրամտելու եւ պատմելու շնորհը ամէնէն շատ ու ամէնէն առաջ արտայայտուեցաւ Պետիկի մօտ ու յաջողութեամբ կերտուեցաւ իր գրականութեան մէջ: Մովսէսի պարագային ո՛չ երգիծելու շնորհը կը պակսէր եւ ոչ ալ գրելու, սակայն չես գիտեր ինչո՛ւ աշակերտական լուրջ փորձերէ ետք, ան լքեց գրականութիւնը, թէեւ չլքեց ընթերցասիրութիւնը: Շնորհիւ կատաղի ընթերցող մը ըլլալուն, ան ինքնաշխատութեամբ ձեռք բերաւ մտաւորականի որոշ հասունութիւն: Իսկ երբ ազգային հայրենասիրական հարցերը սկսան մտահոգել զինք, գրիչը վերցուց ու պարբերաբար ստորագրեց հրապարակախօսական յօդուածներ, որոնցմէ շատեր արտատպուեցան նաեւ այլ թերթերու մէջ:

Այո՛, Մովսէսին համար ազգային հայրենասիրական հարցերը առաջնակարգ խնդիրներ էին, որոնց լուծման մէջ յաճախ շեշտը կը դնէր կուսակցութեան կենսական դերին վրայ, ջատագովը դառնալով ազգային բարոյականութեան կերտման եւ աւանդութիւններու պահպանման:

Մենք` Մովսէսին համար հարազատներ ըլլալէ առաջ ընկերներ էինք: Ա՛յս էր գլխաւոր պատճառը, որ մեր հանդիպումները կը վերածուէին ազգային հայրենասիրական հարցերու քննարկման, եւ, բնականաբար, նաեւ կը վիճէինք: Վէճի գլխաւոր պատճառը այն էր, որ ինք կատարելապաշտ էր, ազգային «թերութիւններ»¬ը չէր կրնար ընդունիլ եւ մարսել: Կը պահանջէր առաւելագոյնը նաեւ` ինքնիրմէ, ապա միայն`մեզմէ եւ մերիններէն: Իրեն համար հայրենիքը կը սկսէր Մուսա Լեռէն, հասնելու համար մինջեւ Ջաւախք եւ Ղարաբաղ: Ունէր մարդկային, ազգային եւ կուսակցական բարոյականութեան վրայ հիմնուած իր սկզբունքները, զորս երբեք չդրաւ նժարին վրայ: Սիրեց իր ազգն ու հայրենիքը, պաշտեց իր կուսակցութիւնը, եղաւ հայ, նոյնիսկ մարդ ըլլալէ առաջ, սակայն մնաց մուսալեռցի` հայ ըլլալէ առաջ:

Ան կը հաւատար, թէ այնքան ատեն որ այնճարցին կը կառչի իր արմատներուն իբրեւ մուսալեռցի, ապա անխուսափելիօրէն կը մնայ հայ` զերծ մնալով ձուլման ահաւոր վտանգէն:

Այո՛, մուսալեռցի էր, հայ ըլլալէ առաջ:

Այս հատորը, որ միակ ժողովածուն է Մովսէսի յօդուածներուն, է՛ նաեւ յուշամատեան մը, ուր կը ներկայանան նաեւ իր մասին վկայութիւններ եւ իր հարիւրաւոր նկարներէն մէկ քանին:

Հիւանդանոցին մէջ, մեր հանդիպումին, լաւատեսօրէն կ’ըսէր, որ այսուհետեւ «ամէն շաբաթ յօդուած մը պիտի ստորագրեմ»:

Հիւանդանոցէն տուն չվերադարձաւ… Ու իր օճախին մէջ իր բացակայութիւնը մեղմելու միտումով այս հատորը կը դնենք իր թափուր գրասեղանին վրայ` որպէս յուշարձան…

ՎԱՐՈՒԺԱՆ ԱՐՔ. ՄՈՎՍԷՍ
Ս. ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ

Հայապատկան Սրբութիւնները Եւ
Թրքական Պղծութիւնները

7-17-15_HerguelianԱնկասկած որ բոլոր հայապատկան տարածքները, քաղաքները, գիւղերը, լեռները սարերը, ձորերը, վանքերն ու եկեղեցիները սրբութիւններ են հայ ժողովուրդի զաւակներուն համար: Սակայն Թուրքիան պիղծ է, շատ հասկնալի պատճառներով: Վստահաբար մենք մեր կարելի միջոցներով հետամուտ ենք հայոց պահանջատիրութեան: Հայ դատին հետապնդումը մեզի համար ամէնօրեայ ապրում է: Առանց Հայ դատի առօրեայ ներշնչումին, մենք` աւանդական սփիւռքահայերս, դատապարտուած ենք արագօրէն ձուլուելու, ոչնչանալու: Սակայն մեր ջանքը անբաւարար է մեր նպատակին հասնելու համար: Այն, ինչ որ կ’ընենք, պարզապէս մեր գոյութիւնը պահելու համար, շատ ալ յուսադրիչ չի թուիր ըլլալ: Այդ անճառակութիւնը քօղարկելու համար կը փորձենք յաւելեալ ձեռնարկներու նախաձեռնել, որ փոխանակ գօտեպնդելու մեր գոյութեան երաշխիքը, անգիտակցաբար կը հարուածենք մեր հայկական պահանջատիրութեան հիմնական ռազմավարութեան մղիչ զօրութիւնը: Աներկբայօրէն Ս. Խաչ եկեղեցին մեզի համար սրբութիւն մըն է, մշակութային թանկագին կառոյց մը, որ ամէն հայու սրտին մէջ ունի իր տաքուկ անկիւնը: Երբ վերանորոգուեցաւ, մենք որոշ գոհունակութիւն զգացինք: Բացման արարողութեան տատամսեցանք` մասնակցի՞լ, թէ՞ չմասնակցիլ, ապա մտահոգուեցանք խաչի տեղադրման հարցով: Այս հարցերը որոշ չափով տիրապետող էին այդ հանգրուանին:

Մենք` հայերս, միշտ կ’ըսենք ու կը կրկնենք, որ պէտք է թրքական կեղծիքներէն զգոյշ ըլլալ, նոյնիսկ կը փորձենք հանրային կարծիքը համոզել այդ կեղծիքներուն գծով, երբեմն ահազանգ կը բարձրացնենք, բայց արդեօք երբեմն մենք ալ չե՞նք ենթարկուիր այդ փորձութիւններուն:

Եթէ իսկապէս համոզուած ենք, պէ՛տք է համոզուած ըլլանք թրքական կեղծիքին, ապա ինչո՞ւ հարց կը ծագի Ս. Խաչի բացման արարողութեան կամ խաչի տեղադրման գծով, ինչո՞ւ այս մասին լայնածաւալ վերլուծումներ կը կատարուին, երբ համոզուած ենք ու քաջ գիտենք, որ Ս. Խաչ եկեղեցին վերանորոգուեցաւ պարզապէս թրքական տնտեսութեան, աւելի՛ն, զբօսաշրջութեան զարկ տալու համար, նաեւ որպէսզի արեւմուտքի աչքին փոշի սրսկելու համար: Սակայն հաստատ է, որ ատիկա չվերանորոգուեցաւ իբրեւ հայկական կոթող, եւ ոչ մէկ առնչութիւն ունի հայկական պահանջատիրութեան հետ: Եթէ մենք եղածը պիտի ըմբոշխնենք իբրեւ հայկական մշակութային կառոյցի վերանորոգութիւն, պէտք է ատիկա սահմանափակուի մեր սրտերուն մէջ, առանց որեւէ ձեւով գնահատականներով արտայայտուելու հանրային կարծիքին: Այլապէս մենք զմեզ հակասութեան մէջ դրած կ’ըլլանք` մէկ կողմէն հայոց պահանջատիրութեան կարծրատիպ կեցուածքը, որուն մղիչ հիմնական ուժը թրքական կեղծիքներն են, միւս կողմէ` թրքական «բարի կամեցողութեան» նկատմամբ գնահատանքը:

Շատ հաւանաբար ծայրայեղութիւնը ապահով կայք չ’առաջնորդեր մեզ, սակայն թուլութիւնն ալ կը զօրացնէ թշնամիին դիրքը: Այս պարագային, այնքան ատեն որ մենք չունինք ազդու միջոցներ, իւրաքանչիւր հայու համար անհրաժեշտ է կարծրանալ:

Նախորդը

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաքի Մասնակիցներուն Օգտաշատ Եւ Հաճելի Առօրեայէն

Յաջորդը

Վերժիհան Զիֆլիօղլուի Գիրքը ՔԱԿ-ի Զինեալ Պայքարին Միացած Եւ Իսլամացած Հայերու Մասին

RelatedPosts

«Նախ Ձեր Սիրտերը Նետեցէք…»
Անդրադարձ

«Նախ Ձեր Սիրտերը Նետեցէք…»

Մարտ 25, 2023
Անդրադարձ.  Սփիւռքահայ Կեանքեր` Ինչպէս Որ Տեսայ  (Տոքթ. Հրայր Ճէպէճեանին Նոր Գիրքը)
Անդրադարձ

Մեր Եկեղեցին Եւ Ազգային Սահմանադրութիւնը (Վաւերացման 160-Ամեակին Առիթով) Գ. Մաս

Մարտ 25, 2023
Մեծ Պահքի Կիրակիներ.  Գալստեան Կիրակի Եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Մուտն Ի Վիրապ
Անդրադարձ

Մեծ Պահքի Կիրակիներ. Գալստեան Կիրակի Եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Մուտն Ի Վիրապ

Մարտ 25, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In