Ռուսիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշեց, որ պաշտօնանկ ըրաւ երկրի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Ֆապիօ Քափելլոն, յայտնեց TotalFootball.am կայքը` մէջբերելով «Տէյլի Մէյլ»-ին հրապարակած մէկ լուրը:
Ինչպէս կը նշուի, պայմանագրի ժամկէտէն առաջ Քափելլոյին հեռացնելուն համար ֆետերասիոնը անոր պիտի վճարէ 11 միլիոն փաունտ սթերլինկ (930 միլիոն ռուբլի):
Նշենք, որ 69 տարեկան իտալացին յուլիս 2012-ին նշանակուեցաւ մարզիչ:
Եուրօ – 2016-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքի 6-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Ռուսիա 8 կէտով կը գրաւէ խմբակին 3-րդ դիրքը: