
Իտալիոյ ախոյեան Եուվենթուս հաստատեց, որ խումբին մաս կազմող արժանթինցի յառաջապահ Քարլոս Թեւեզ տեղափոխուեցաւ Պոքա Ժունիորզ:
Արժանթինեան ակումբը 31 տարեկան ֆութպոլիստին փոխանցման համար պիտի վճարէ 6.5 միլիոն եւրօ:
Փոխարէնը Եուվէ մինչեւ 2017 փոխ առաւ 18 տարեկան միջնապահ Կիտօ Վատալը, այն համաձայնութեամբ, որ ապագային 9.4 միլիոն եւրոյով անոր ստորագրութիւնը պիտի գնէ:
Բացի ատկէ, Եուվենթուս Պոքա Ժունիորզէն նաեւ ստացաւ միանգամայն 3 ֆութպոլիստի փոխանցումները գնելու նախնական իրաւունքը: Անոնք են` Ռոտրիկօ Փեթանքուրա, Անտրիանա Քուպասայ եւ Ֆրանքօ Քրիսթալտօ:
TotalFootball.am իր այս լուրը եզրափակեց նշելով, որ 2013-ին Եուվենթուսի միացած Թեւեզ 96 մրցումի ընթացքին նշանակած է 50 կոլ: