ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակը, ինչպէս նաեւ երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպը: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը ձերբակալեց ահաբեկչական վտանգաւոր խմբաւորում մը, որ անօդաչու թռչող սարքերով հետախուզութիւններ կը կատարէր արեւելեան լեռնաշղթային վերեւ:
ԱՊՐԱՅԻ դէպքերուն ընթացքին ձերբակալուած յանցագործներուն դատավարութիւնը յետաձգուեցաւ 30 յուլիսին:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ երեսփոխանական պլոքը յայտնեց, որ երկրին քաղաքական բոլոր ուժերուն պարտաւորութիւնն է երկխօսութիւն կատարել` համագործակցութեան շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու նպատակով:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Մըքտատ յայտնեց, որ եթէ Դիմադրութիւնը յաղթանակներ արձանագրած չըլլար, ապա Հերմելն ու Պաալպեքը արդէն իսկ սիոնական բնակեցման վայրերու վերածուած էին:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ Քլեմանսոյի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակը եւ Լիբանանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպան Ֆրանսուա Փարասը: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ արհեստից ուսման վերաքննութիւնները պիտի սկսին 15 սեպտեմբերին:
ՄԱՅՍԷԼ Ժապալի հիւանդանոցին պաշտօնեաները երէկ փակեցին հիւանդանոցին դռները` իբրեւ բողոք վեց ամիսէ ի վեր իրենց ամսական աշխատավարձերը չստանալուն դէմ:
ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի յայտնեց, որ կառավարութեան օրինականութիւնը սահմանադրական է եւ ոչ թէ այս կամ այն քաղաքական ուժին կողմէ սահմանուած իրաւասութիւն:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Զահրաման շեշտեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի դաշնակիցներուն կողմէ դաշնակցային դրութիւն մը ստեղծելու մասին գաղափարին մերժումը շատ աւելի սուր էր, քան` Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կեցուածքը: Ան յայտնեց, որ երկրին հարցերուն լուծման հիմնական բանալին նախագահական ընտրութիւնն է:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ղազի Արիտի յայտնեց, որ կառավարութեան տագնապին լուծման վերաբերեալ խորհրդակցութիւնները արդէն իսկ ընթացքի մէջ են, սակայն լուսարձակներէ հեռու:
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ շեշտեց, որ իրենք կարող են երկրին նիւթական եւ դրամատնային կայունութիւնը երկար տեւողութեամբ պահպանել:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Քըպպէի բանտին մէջ արգելափակեալները չարչարանքի եւ բռնաբարումի կ՛ենթարկուին` յարանուանական իրենց պատկանելիութեան համաձայն:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա յայտնեց, որ երկրին տագնապին պատասխանատուները քաղաքական այն ուժերն են, որոնք կը մերժեն հանրապետութեան հզօր նախագահ մը ունենալ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խտըր Հապիպ յայտնեց, որ պահանջուածը այս հանգրուանին կառավարութեան մէջ աշխատանքները հեզասահ դարձնելու միտումով կատարուելիք խորհրդակցութիւնն է:
ԱՄԱԼ շարժումի երեսփոխան Ալի Խրէյս յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահութիւնը ամբողջ Լիբանանին է, իսկ խորհրդարանին աշխատանքները կարելի չէ մերժել:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի պատգամը յուսալքող է, յատկապէս այն պատճառով, որ երկրին տագնապին մասին անիկա ոչ մէկ նորութիւն բովանդակած է: