Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 13 յուլիսին ընդունած է Արցախի մէջ նկարահանուող առաջին հայ-իրանական միացեալ վաւերագրական-գեղարուեստական ժապաւէնի բեմադիչ Անահիտ Աբադը եւ ժապաւէնի տնօրէն Ռուբինա Ղազարեանը: Ինչպէս կը տեղեկացնեն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն, երկրի ղեկավարը կարեւոր նկատած է այս նախաձեռնութիւնը` Արցախի մասին տարբեր արժէքաւոր նիւթերու պատրաստման եւ լայն հանրութեան ներկայացման տեսանկիւնէն` նշելով, որ անիկա պիտի նպաստէ Արցախի Հանրապետութեան մէջ մշակոյթի զարգացման գործին:
Հանդիպումին ներկայ եղած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Նարինէ Աղաբալեան: