Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ ընդունեց Ամերիկայի հայկական համագումարի պատուիրակութիւնը` կազմակերպութեան հոգաբարձուներու խորհուրդի համանախագահ Վան Գրիգորեանի գլխաւորութեամբ:
Տեսակցութեան ընթացքին քննարկուեցան Արցախի մէջ տարբեր ծրագիրներու իրականացման կապուած հարցեր:
Նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատեց Ամերիկայի հայկական համագումարի դերը քաղաքական, տնտեսական եւ տեղեկատուական մարզերուն մէջ Արցախին աջակցելու, հանրապետութեան մասին աշխարհին ճշմարտացի տեղեկութիւններ ներկայացնելու գործին մէջ:
Պատուիրակութեան անդամները երէկ նաեւ տեսակցեցան Լեռնային Ղարաբաղի վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ:
Ողջունելով հիւրերը` վարչապետը կարեւոր նկատեց Ամերիկայի հայկական համագումարի դերը հայապահպանութեան եւ հայրենանպաստ ծրագիրներու շուրջ սփիւռքահայութիւնը համախմբելու եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ հայկական շահերու պաշտպանութեան գործին մէջ: Ա. Յարութիւնեան յոյս յայտնեց, որ կազմակերպութեան մէջ տեղի ունեցած վերջին փոփոխութիւնները պիտի նպաստեն Ամերիկայի հայկական համագումարի գործունէութեան յաւելեալ աշխուժացման:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` Վան Գրիգորեան հակիրճ տեղեկութիւն հաղորդեց կառոյցի գործունէութեան մասին եւ նշեց, որ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը կը շարունակէ մնալ համագումարի օրակարգային հարցերէն մէկը:
Ան հետաքրքրուեցաւ Արցախի առաջնահերթ խնդիրներով եւ աջակցելու պատրաստակամութիւն յայտնեց անոնց լուծման գործին մէջ: