Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վերստին կոչ ուղղեց հանդարտութիւնը պահելու եւ ներքին լարուածութիւններէն հեռու մնալու` պահպանելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը:
Ան հաստատեց, որ կառավարութեան յաջորդ նիստը պիտի ըլլայ առիթ մը, որուն ընթացքին լայնօրէն պիտի քննարկուի կառավարութեան գործելաոճը` փրկել կարենալու համար կառավարութեան աշխատանքի կարելիութիւնները:
Վարչապետ Սալամ այս յայտարարութիւնները կատարեց Պէյրութի իրաւունքներու պաշտպան իրաւաբանական խորհուրդի մէկ պատուիրակութեան եւ այդ խորհուրդի նախագահ, իրաւաբան Սաէպ Մաթարժիի ներկայութեան:
«Այսօր իմ պարտականութիւնս միայն վարչապետի պաշտօնը չէ, այլեւ` ինծի վստահուած է ամբողջ երկիր մը, նկատի ունենալով նախագահական թափուր աթոռի գոյութիւնը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ինք կատարեալ առարկայականութեամբ կ՛ուզէ շեշտել, թէ երկրին սահմանադրութեան 64-րդ յօդուածին համաձայն, նախարարաց խորհուրդը իր որոշումները կու տայ համախոհութեամբ, նախարարներուն կէս առաւել մէկին եւ կամ երկու երրորդին քուէներով: Մենք մեր աշխատանքին ընդմէջէն որոշեցինք համախոհութիւնը որդեգրել, սակայն համախոհութիւն ըսելով կարելի չէ միաձայնութիւն հասկնալ», ըսաւ ան:
Վարչապետ Սալամ նշեց նաեւ, որ ամիսներու ընթացքին կառավարութեան աշխատանքին վկայած արգելակումներէն ետք, իրենք որոշած են, որ քաղաքական տարակարծութիւնները մէկդի դնեն եւ շարունակեն երկիրը տնօրինելու վերաբերող թղթածրարներու քննարկումը: «Նկատի ունենալով, որ նախարարաց խորհուրդը համախոհական բնոյթի է, մենք որոշեցինք, որ կառավարութեան դահլիճը քաղաքական ուժերուն միջեւ հարցերը լուծելու յարմար վայրը չէ: Հետեւաբար ես պատրաստ եմ երկար ժամանակ տրամադրելու, որպէսզի կարելի ըլլայ կառավարութեան աշխատանքի գործելաոճը ճշդել», հաստատեց ան:
Վարչապետ Սալամ ընդունեց նաեւ առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Նշենք, որ երէկ երեկոյեան վարչապետ Սալամ` ընկերակցութեամբ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրիի, մեկնեցաւ Ժետտա, ցաւակցութիւն յայտնելու Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախկին նախարար Սէուտ Ֆայսալի մահուան առիթով: