Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յուլիսեան Պատերազմին Առիթով Պըրրի Կոչ Ուղղեց Նախագահական Ընտրութիւն Կատարելու

Յուլիս 14, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նեպիհ Պըրրի
Նեպիհ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Յուլիսեան պատերազմին առիթով Պըրրի յայտնեց, որ 2006-ին այս օրերուն Իսրայէլ Լիբանանի դէմ պատերազմ մը սանձազերծեց` քանդելով լիբանանեան զանազան շրջաններ, յատկապէս հարաւային Լիբանանն ու Պէյրութի հարաւային արուարձանները:

«Իսրայէլեան ուժերը քանդեցին նաեւ աղօթավայրերը, ճամբաները, կամուրջները, հաղորդակցութեան կեդրոնները, Պէյրութի միջազգային օդակայանը, ելեկտրականութեան յատուկ ենթակառոյցը, ինչպէս նաեւ ապականեցին լիբանանեան ջուրերը: Անկախ նիւթական այս հսկայական վնասներէն, պատերազմին պատճառով զոհուեցան նաեւ մեծ թիւով քաղաքացիներ: Պատերազմի ցաւալի յիշատակներուն կողքին, մենք կ՛ուզենք լուսարձակի տակ առնել նաեւ Դիմադրութիւն, բանակ եւ ժողովուրդ եռեակ տարազը, որ հակառակ քանդումին եւ արձանագրուած մարդկային հսկայական վնասներուն, կրցաւ յաղթանակ ապահովել երկրին եւ 33 օրուան ընթացքին ռազմավարական կատարեալ ձախողութեան մատնել թշնամի Իսրայէլը», ըսաւ Պըրրի:

Խորհրդարանի նախագահը ընդգծեց, որ յուլիսեան պատերազմի յիշատակը լիբանանցիները պէտք է մղէ ամրապնդելու իրենց ազգային միասնականութիւնը, պահպանելու երկրին վարչակարգն ու ապահովական կայունութիւնը, ձախողեցնելու ահաբեկչական ծրագիրը եւ նախագահական ընտրութիւն կատարելու, ինչպէս նաեւ խորհրդարանական օրէնսդրական նիստերու արտակարգ նստաշրջանի մը սկսելու:

Միւս կողմէ, Պըրրի անհրաժեշտ նկատեց խորհրդարանի օրէնսդրական նիստերու արտակարգ նստաշրջանի մը սկսիլը, որպէսզի կարելի ըլլայ վաւերացնել շարք մը օրէնքներ, որոնք օգտակար են լիբանանցիներուն` կենցաղի բարելաւման իմաստով:

Նշենք, որ Պըրրի Երուսաղէմի համաշխարհային օրուան առիթով կոչ ուղղեց պաղեստինեան գաղթակայաններու զաւակներուն սադրանքի մէջ չիյնալու եւ խուսափելու քաղաքական ցնցումներէն:

Նախորդը

Սուրիական Բանակն Ու Հըզպալլան Իրենց Հակակշիռին Տակ Առին Սուլթանի Շրջանը

Յաջորդը

Վարչապետ Սալամ Կոչ Կ՛ուղղէ Լարուածութիւններէն Հեռու Մնալու` Պահպանելու Համար Երկրին Կայունութիւնը

RelatedPosts

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի  Սահմանին Վրայ Կը Շրջի.   Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի Սահմանին Վրայ Կը Շրջի. Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Ինծի Լիբանանցիներուն Միջեւ Միասնականութիւն Տուր, Եւ Քեզի Իսրայէլի Դէմ Հաստատ Յաղթանակ Կու Տամ»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ
Լիբանանեան

Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?