Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՄԷՋ ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑԵՐԸ ՆՈՐ ԹԱՓ ԿԸ ՍՏԱՆԱՆ. «ՀԵՌԱՀԱՍ ԼՈՒԾՈՒՄՆԵՐ ՊԷՏՔ Է ԳՏՆԵԼ, ԱՅԼԱՊԷՍ ԻՍՐԱՅԷԼ ՊԻՏԻ ՍՆԱՆԿԱՆԱՅ ԵՒ ՏՆՏԵՍԱՊԷՍ ՔԱՆԴՈՒԻ» Կ՛ԸՍԷ ՊԵՆԻԱՄԻՆ ՆԵԹԱՆԻԱՀՈՒ

August 15, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Շաբաթ օրուան ցոյցէն տեսարան մը

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց, որ ընկերային եւ տնտեսական հարցերը լուծելու առաջարկներ ներկայացնելու պարտականութիւնը ունեցող մասնագէտներու խմբակը գլխաւորող փրոֆ. Մանուէլ Թրախնսպըրկէն պահանջած է «յատուկ հարցերու յատուկ լուծումներ ներկայացնել»:

Նեթանիահու Իսրայէլի նախարարաց խորհուրդի` միջազգային ելեւմտական տագնապին եւ Իսրայէլի վրայ անոր ազդեցութեանց նուիրուած  նիստին ընթացքին յայտնեց, որ մասնագէտներու խմբակէն պահանջած է իր յանձնարարականները ներկայացնել կարելի եղածին չափ շուտ, սակայն ոչ կանխահաս կերպով, որովհետեւ անհրաժեշտ է իրապաշտ լուծումներ առաջարկել եւ ոչ թէ ընդհանրական յայտարարութիւններ կատարել:

Իսրայէլի վարչապետը նաեւ նշեց, որ «կարեւոր է նաեւ հեռահաս լուծումներ գտնել, այլապէս Իսրայէլի պետութիւնը եւրոպական կարգ մը պետութեանց հետ պատահածին նման կրնայ սնանկացման եզրին կամ տնտեսական քանդումի հասնիլ»:

«Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ շաբաթ օր Իսրայէլի մէջ դարձեալ բազմամարդ ցոյցեր տեղի ունեցած են: Շաբաթներ առաջ երկրին մեծ քաղաքներուն մէջ սկսած բողոքի ցոյցերը շաբաթ օր վարակած են նաեւ Իսրայէլի աւելի փոքր եւ աղքատ քաղաքները: Նշենք, որ տնտեսական բարեփոխումներ պահանջող բողոքի ցոյցերը 4-րդ շաբաթն ըլլալով կը շարունակուին:

Մինչ նախորդ շաբաթներուն ցոյցերը տեղի ունեցած էին Թել Աւիւի եւ Երուսաղէմի մէջ, անցեալ շաբաթ օր ցոյցեր տեղի ունեցած են Հիւսիսային Իսրայէլի Նահարիայի եւ Հարաւային Իսրայէլի Էյլաթի նման քաղաքներուն մէջ: Իսրայէլեան ոստիկանութեան տուեալներով` 10-ի աւելի քաղաքներու մէջ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցերուն մասնակցած են աւելի քան 50 հազար անձեր:

Շաբաթներ առաջ սկսած բողոքի ցոյցերուն հիմնականին մէջ կը մասնակցէին ուսանողները, պետական պաշտօնեաներն ու հասարակական գործիչները: Եթէ սկիզբը ցուցարարները կը բողոքէին անշարժ կալուածներու բարձր գիներուն դէմ, ապա այժմ անոնք շարք մը տնտեսական հարցեր կ՛արծարծեն` «Ժողովուրդը ընկերային արդարութիւն կը պահանջէ» ընդհանուր կարգախօսով:

 

 

Նախորդը

«ԻՐԱՆ ԲՈՒՌՆ ԿԵՐՊՈՎ ՊԻՏԻ ՀԱԿԱԴԱՐՁԷ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԿԱՄ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՈՐԵՒԷ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ» Կ՛ԸՍԷ ԱՀՄԱՏԻՆԵԺԱՏ

Յաջորդը

ՕՊԱՄԱ ԵՒ ԱՊՏԱԼԼԱ ԹԱԳԱՒՈՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱՐԱՐՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ ԲՌՆԱՐԱՐՔՆԵՐՈՒՆ «ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ» ԴԱԴՐԵՑՈՒՄԸ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՆ

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Մինչեւ Յունուարի  Վերջ Ֆինանսաւորումը Ապահովուած Է»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Մինչեւ Յունուարի Վերջ Ֆինանսաւորումը Ապահովուած Է»

November 26, 2026
Ձախակողմեան Ժողովրդավարներ  Կուսակցութիւնը Այզենքոթի Հետ  Բանակցութիւններու Առկախումը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Ձախակողմեան Ժողովրդավարներ Կուսակցութիւնը Այզենքոթի Հետ Բանակցութիւններու Առկախումը Յայտարարեց

November 26, 2026
Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու  Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ  Տեղի Պիտի Չունենան»
Գլխաւոր լուրեր

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ Տեղի Պիտի Չունենան»

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։