
Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ «Ռուսիա Եոմ» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ իր երկիրը բուռն կերպով պիտի հակադարձէ իրեն դէմ ամերիկեան կամ իսրայէլեան որեւէ յարձակումի: «Յամենայն դէպս անոնք կը յուսան, սակայն գիտեն Իրանի հզօրութիւնը եւ լաւապէս գիտեն, որ իրանեան հակադարձութիւնը զսպիչ եւ ուժգին պիտի ըլլայ»:
Անդրադառնալով Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի զարգացումներուն` Ահմատինեժատ յայտնեց, որ «մեր շրջանին մէջ կարեւոր դէպքեր պատահեցան® եւ շարք մը կէտեր կան, առաջինը` ոչ միայն շրջանի ժողովուրդները, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհի ժողովուրդները պիտի չհանդուրժեն ներկայիս աշխարհի մէջ տիրող կացութիւնը: Ներկայիս աշխարհի մէջ տիրող կացութիւնը ոչ գոհացուցիչ է` դասակարգային խտրականութիւն կայ, ինչպէս նաեւ ճնշումներ, պատերազմներ, տագնապներ եւ պայքարներ, եւ մարդոց լայն զանգուած մը, որ վարկաբեկումի կ՛ենթարկուի»:
Ան նշեց, որ «ազատութիւնն ու արժանապատուութիւնը բոլոր ժողովուրդներուն գլխաւոր պահանջներէն են, թէեւ մեր տեսակէտները տարբեր են Եմէնի, Պահրէյնի եւ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութեանց նկատմամբ: Տեսակէտները իրապէս տարբեր են, եւ ասիկա արդիւնք է շրջանային հաւասարակշռութեանց, ինչպէս նաեւ շրջանային բեմը դիտողներուն տեսլականներուն բնոյթին»:


