Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աշխարհատարած Հորիզոններու Դիմաց Յունաստանի Ձիւնագնդակը. Պիտի Ծաւալի՞, Թէ՞ Հալի…

Յուլիս 14, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-14-15_greece-1

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Ընդառաջելով իրենց երիտասարդ վարչապետին` Ալեքսիս Ցափրասի կոչին, յոյն ժողովուրդը կիրակի, 5 յուլիսին վճռական «Ոչ»-ով մը պատասխանեց այն հարցումին, թէ պէ՞տք է ընդունիլ պարտատէր «Եռեակ»-ին (Եւրոպական խորհուրդ, Եւրոպայի Կեդրոնական դրամատուն, Միջազգային դրամական հիմնադրամ) նուաստացուցիչ պայմանները` ի խնդիր պետական պարտքերու վերադասաւորման եւ նոր փոխառութեանց սնտուկի բացման: Հանրաքուէին մասնակցեցաւ քուէարկողներուն աւելի քան 50 առ հարիւրը, որոնցմէ աւելի քան 60 առ հարիւրը քուէարկեց ի նպաստ Ցիփրասի «Սիրիզա» կուսակցութեան գլխաւորած ձախակողմեան կառավարութեան:

7-14-15_greece-2

Հանրաքուէին արդիւնքը պատմական հանգրուան մը կը նշէ ո՛չ միայն ժողովրդավարութեան ծննդավայրը նկատուող երկրին, այլ ամբողջ Եւրոպայի եւ տնտեսական աշխարհի մեծագոյն մասին համար. այս հանգրուանէն անդին, ու երկուշաբթի, յուլիս 6-էն սկսեալ, Յունաստան-Եւրոպական համայնք ճակատամարտը կը թեւակոխէ նոր փուլ, որուն ընթացքին վերջին շաբաթներու փոթորիկներէն բարձրացած փոշին պիտի հանգչի, կարգ մը ստայօդ սպառնալիքներ (պլաֆ) ճշմարտութեան պատին պիտի բախին, որպէսզի պարտապան ու պարտատէր նոր ձեռնոցներով վերադառնան բանակցութեան սեղան եւ աշխատին վերադասաւորել Զեւսի երկրին պարտքերու տագնապը, որ ունի հասկնալի եւ անտրամաբանական բազմաթիւ երեսներ:

7-14-15_greece-3

Քուէահամարին պաշտօնական արդիւնքներուն հրապարակումէն առաջ իսկ յստակ էր, որ յոյն ժողովուրդը մերժած է զինք տնտեսապէս ու ընկերային գետնի վրայ խեղդամահ ընող պարտատէրերուն պայմանները: Աւելի՛ն. հանրաքուէին զուգահեռ, մեծ ցոյցեր ծաւալեցան եւրոպական ոստաններու մէջ` Գերմանիայէն մինչեւ Ֆրանսա, Պրիւքսէլ (եւրոպական առումով մայրաքաղաք մը), Սպանիայէն մինչեւ Իտալիա եւ այլուր` զօրակցութիւն արտայայտելու համար Յունաստանի «Ոչ»-ին, մէկ կողմէ արձագանգելով դժգոհութեան այն ալիքին, որ վերջին տարիներուն աստիճանաբար բարձրացում կ՛արձանագրէր Աթէնքի մէջ, իսկ միւս կողմէ`  նախանշանը տալով այս շարժումին ստեղծած ձիւնագնդակին ստանալիք ընթացքին մասին. փաստօրէն Յունաստանէն գոյառնող ձիւնագնդակը այժմ կը գտնուի թաւալելով ուռճանալու, կամ հակազդող պարտատէրերուն ստեղծելիք խարոյկին ազդեցութեան տակ հալելու եւ շոգիանալու կարելիութեանց դէմ յանդիման:

Տագնապը` Քանի Մը Թուանշանով

Յունաստան-պարտատէրեր տագնապը նորութիւն չէ, անիկա գոնէ վերջին տասնամեակին անցած է երկու գլխաւոր պայթուցիկ հանգրուաններէ, առաջինը` 2010-ին, երկրորդը` 2012-ին, երբ պարտքերու հատուցման անկարող կառավարութիւններ հարկադրուեցան ընդունիլ «տնտեսական փրկութեան» պարտատէրերու պայմանները: Հետեւանքները ծանրացան կառավարութեան ու ժողովուրդին ուսերուն: Շնորհուած նոր պարտքերուն մեծագոյն մասը գնաց վարկ տրամադրողներու եւ ընդհանրապէս օտար դրամատուներու գանձարանները,

ժողովուրդին հասան միայն փշրանքներ: Մարդիկ շուտով վերահասու դարձան, որ պարտքերու վերադասաւորում` կը նշանակէ աւելի եւս կեղեքել զանգուածները, իսկ փոխատուութիւններու ճամբով` գոհացում տալ դրսեցի պարտատէրերու: Անխուսափելիօրէն պարտքերու կուտակումը նոր ծաւալ ստացաւ` մեկնաբաններուն ըսել տալով, որ եթէ Ողիմպոս լերան աստուածներն ու անոնց հովանին վայելող հերոսներն անգամ վերածնին, պիտի չկարենան Յունաստանը դուրս քաշել պարտքերու բեռան տակէն: Անցեալ շաբաթ, երբ ճակատումը արդէն մտած էր անդառնալի ճամբու մէջ, մինչեւ իսկ Միջազգային դրամական հիմնադրամը խոստովանեցաւ, որ պարտքերը հասած են անհատուցելի եւ անհակակշռելի կուտակումի:

7-14-15_greece-4

Տագնապին անմիջական պատճառը համեմատաբար չնչին բան մըն էր. Աթէնք չկրցաւ յունիսի վերջերուն Միջազգային դրամական հիմնադրամին հատուցել 1.6 միլիառ տոլարի պարտք մը եւ նախընտրեց ճակատումի երթալ պարտատէրերուն հետ: Գումարը, ըսինք, համեմատաբար չնչին է, որովհետեւ Բագոսի ժառանգորդներուն արտաքին պարտքերը անցած են 340 միլիառ եւրոյի սահմանները, որ կը համեմատի երկրի տարեկան ընդհանուր եկամուտին 175 առ հարիւրին, եւ որուն միայն տոկոսները կը հաշուեն 22.6 միլիառ եւրօ: Ըստ պաշտօնական տուեալներու, Յունաստանի տարեկան եկամուտը կը հաշուէ 173.5 միլիառ եւրօ. այս տուեալներուն լոյսին տակ, բնակչութեան անձ գլուխ պարտքը կը հասնի 30,000 եւրոյի…

Խեղդամահ Ընող Պայմաններ

Հանրաքուէի նախօրեակին Յունաստան ինքզինք գտաւ դժուարին երկընտրանքի մը առջեւ. սնանկանա՞լ, թէ՞ ընդունիլ տնտեսական-ընկերային արիւնաքամութեան աւելի՛ եւս ծանրացումը:

Ի՞նչ պէտք է հասկնալ այս անլուծելի հանելուկէն:

7-14-15_greece-5

Պահ մը երթանք քանի մը տասնամեակ ետ, քանի մը գլխաւոր գիծերու մէջ տեսնելու, որ Յունաստան ինչպիսի՞ հանգրուաններէ անցաւ արագօրէն ընկղմելու համար զինք տնտեսապէս խեղդամահ ընող այս տիղմին մէջ:

Վիճակագրութիւնները ցոյց կու տան, որ թագաւորական վարչակազմի տապալումէն ու ժողովրդավարութեան վերահաստատումէն ետք, 70-ականներու կէսերէն սկսեալ, Յունաստան ապրեցաւ տնտեսական բարելաւում, որ տիրեց շուրջ երկու տասնամեակ, ոչ բոլորովին զերծ` մտահոգիչ ցնցումներէ: Որոշ տարիներ պետական պիւտճէն շահ ալ ցոյց տուած է, իսկ բացը եղած է ընդհանրապէս հաւասարակշռելի: Նման վիճակ բնական է երկրի մը համար, որ բացառիկ տեղ ունի զբօսաշրջական երկիրներու ցանկին վրայ, ունի հսկայական առեւտրական նաւատորմ, երկրագործական եւ այլ արտադրութիւններ: Մէկ խօսքով` երկիրը տնտեսապէս հաւասարակշիռ պահելու տուեալները: Այսօր, երբ յոյները կը մեղադրուին իբրեւ «ծոյլ ու հաճոյասէր ժողովուրդ», որ` «պէտք է այդ ընթացքին պատիժը կրէ», բարօրութեան տարիները կը մոռցուին, այսինքն` այն տարիները, երբ մարդիկ աւելի՛ հանգիստ աշխատելով, ունէին բարեկեցութիւն եւ արժանապատիւ կեանք:

7-14-15_greece-6

Յետոյ, 2000-ի նախօրեակէն սկսեալ, վրայ հասան Եւրոպական համայնքին անդամակցութեան եւ միջազգային տնտեսութեան վերիվայրումներուն ներգործութիւնները, այսինքն` համաշխարհայնացումի տարբերակներուն վատ հետեւանքները, որոնք տնտեսական նահանջի մատնեցին երկիրը (Յունաստան միակը չէ). օրինակ` թրքական եւ չինական մրցակցական շուկան իր վատ ազդեցութիւնը ունեցաւ Յունաստանի վրայ: Եւրոյի դաշտ մուտք գործելով` Յունաստան (եւրոդաշտին անդամ դարձած այլ երկիրներու պէս) կորսնցուց, օրինակի համար, տնտեսական-ելեւմտական տագնապներ սեփական դրամանիշի արժեզրկման խուսանաւումով դիմագրաւելու կարելիութիւնը (սա տնտեսապէս տկար երկիրներու ընդունուած խաղաքարտերէն մէկն է. Լիբանանի ու Հայաստանի օրինակները ծանօթ են): Պիւտճէ հաւասարակշռելու համար կառավարութեան դիմաց կը մնար մէկ գլխաւոր միջոց` վարկեր ու փոխառութիւններ ապահովել միջազգային դրամական շուկաներէ եւ անհատ դրամատէրերէ. սա Յունաստանը նետեց դրամատիրութեան ամէնէն տաժանելի հետեւանքներուն գիրկը: Պարտատէրերը, պարտքերու վերադասաւորման ու նոր վարկեր տրամադրելու յիշեալ երկու հանգրուաններուն պարտադրեցին, որ կառավարութիւնը կրճատէ իր ծախսերը, սեղմումի ենթարկէ պաշտօնեաներու աշխատավարձերը, նուազեցնէ ընկերային հատուցումները եւ աւելի՛ պահանջկոտ ըլլայ տուրքերու գանձումին համար:

7-14-15_greece-7

Այս պայմանները առաւելաբար ծանրացան միջին ու սահմանափակ եկամուտով զանգուածներուն վրայ, որ հետզհետէ մատնուեցաւ թշուառութեան ու խեղդամահ ըլլալու վիճակի: Պետական մարզի պաշտօնեաներ զանգուածաբար գործազրկուեցան, նման արձագանգ արձանագրուեցաւ սեփական մարզին մէջ:

Անգործներուն համեմատութիւնը հասած է 26 առ հարիւրի, երիտասարդ անգործներու համեմատութիւնը անցած է 50 առ հարիւրը: Անգործ ընտանիքի մը ընկերային ապահովութեան նպաստը ինկած է 500 եւրոյի սահմաններէն վար,

որուն դիմաց ապրուստի պայմաններն ու առողջական կարիքներու հոգացումը անհամեմատօրէն սղած են: Զանգուածներ այսպիսով մատնուած են ֆիզիքական ու բարոյական ահաւոր մաշումի, մօտիկ անցեալին ինքնաբաւութիւն վայելողներ մղուած են արժանապատիւ… անձնասպանութեան:

Իբրեւ կիսամիջոց` կարգ մը քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ ծլած ու զարգացած են նպաստաբաշխումի կեդրոններ (այլապէս` օրինակելի), որոնք կը գործեն կամաւորներու բանակի մը ձեռքերով. որոշ շրջաններու մէջ գոյառած են ժողովրդային խմբակցութիւններու վարչութեամբ առեւտրական կամ արհեստից հաստատութիւններ (քօօփերաթիւ), որոնք գործ ու առեւտուր կ՛ընեն նախնական միջոցներով` հասնելով անտուն ու չքաւոր զանգուածներու անմիջական կարիքներուն, գործածելով նորահնար դրամանիշ, իբրեւ նախաքայլ` տրախմայի վերադարձին:

Այլ Պատճառներ

Տնտեսական տագնապը միայն արտաքին ճնշող պարտքերուն հետեւանքը չէ, այլ կան «ներքին» պատճառներ, որոնցմէ թւումի կարգով կ՛արժէ արձանագրել հետեւեալները:

ՏՈՒՐՔԵՐՈՒ գանձումը տարիներէ ի վեր ինկած է անարդարութեան մականին տակ. հսկայական հարստութիւն վայելող առեւտրականներէն սկսեալ, մինչեւ միջին տարողութեամբ հիմնարկներ, ընդհանրապէս տուրք չեն վճարեր, կամ` կը վճարեն չնչին տոկոս մը: Ինչպէ՞ս կարելի է իրականացնել նման վիճակ, եթէ ոչ` կաշառելով պետական վարչամեքենային պատասխանատուները, այսինքն` պաշտօնական տուրքերէն բաժին մը սահեցնելով պետական մարդոց գրպանները եւ զերծ մնալով հետապնդումէ:

ԴՐԱՄԱԳԼՈՒԽՆԵՐ կը հոսին դէպի այլ երկիրներ. դրամին տիրապետող դասակարգը միջոցները ստեղծած է նաեւ իր շահերը արտահոսելու դէպի օտար դրամատուներ: Յունաստան ունի միլիառատէրեր, որոնք իրենց հարստութիւնները փոխադրած են օտար դրամատուներ, կամ կը շահարկեն հոն, ուր «պայմանները աւելի նպաստաւոր են»: (Հայաստանի տնտեսական բառամթերքին մէջ շուրջ երկու տարի առաջ բաւական ուժեղ հնչեղութեամբ գործածուեցաւ «օֆշորային գործառնութիւն» բառակապակցութիւնը, հիմա մոռացութեան մատնուած է…):

7-14-15_greece-8

ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ գերազանցող գումարներով փոխառութիւն. իրերայաջորդ կառավարութիւններ քաջալերուեցան մեծագումար փոխառութիւններ ապահովելու արտաքին աղբիւրներէ, մինչդեռ երկրին տնտեսական բնական աճը չէր թոյլատրեր նման փոխառութիւններ: Այլ խօսքով, Յունաստան եւս մաս կազմեց «ակումբ»-ին այն երկիրներուն, որոնք մեծածախս ծրագիրներով երկիրը բարգաւաճումի տանելու խոստումը տուող աշխարհակուլ հաստատութեանց լարած ծուղակին մէջ կ՛իյնան եւ կը մտնեն փակուղի մը, որուն մէջ քանի մը քայլ առնելէ ետք կ՛անդրադառնան, որ իրենց կուտակած պարտքերուն տոկոսներն անգամ չեն կրնար հատուցել, հետեւաբար կը հարկադրուին ենթարկուելու պարտատէրերուն կեղեքող պայմաններուն, որոնք… օրինականութիւն կը վայելեն միջազգային դրամատիրական շուկային մէջ եւ, օրինակի համար, Միջազգային դրամական հիմնադրամը վերածած են պաշտօնական կողոպուտի հաստատութեան մը, մինչդեռ անիկա ծնունդ առած էր տնտեսական դժուարութիւններ դիմագրաւող երկիրներու օգնութեան ձեռք երկարողի առաքելութեամբ: Նման պայմաններու բերումով, երկրին եկամուտ ապահովող կառոյցներ կը սեփականաշնորհուին տեղացի կամ արտերկրացի շահարկողներու կողմէ, այլ խօսքով, եկամուտի աղբիւրները կը հոսին այլ աւազաններու մէջ…

ԶԻՆԱԿԱՆ պիւտճէի կրճատումը «արգիլեալ գօտի» է. Յունաստան ՕԹԱՆ-ի անդամ է, զինական իր ծախսերով կը գրաւէր ցանկին… երկրորդ տեղը` յաջորդելով Միացեալ Նահանգներուն: Անոր պաշտպանութեան պիւտճէն անփոփոխելիօրէն բարձր է` հակառակ տնտեսական ծանօթ դժուարութեանց: Քանի մը տարի առաջ ՕԹԱՆ-ն որոշեց, որ անդամ երկիրներու պաշտպանութեան ծախսը կազմէ տարեկան պիւտճէին 2 առ հարիւրը. Յունաստան կը ծախսէ անկէ աւելին, մինչդեռ այլ երկիրներ կը մնան 2 առ հարիւրի սահմանէն բաւական վար: Յունաստանին կ՛ըսուի, որ եթէ իր պաշտպանութիւնը չզօրացնէ, կը գտնուի թրքական արշաւանքի մը վտանգին տակ: Ոչ ոք հարց կու տայ, թէ նմանապէ՛ս ՕԹԱՆ-ի անդամ Թուրքիան ինչո՞ւ եւ ի՞նչ իրաւասութեամբ ինքզինքին պէտք է արտօնէ արշաւել այլ անդամի մը վրայ… Այլ օրինակ մը. Յունաստան քանի մը տարի առաջ Գերմանիայէն (որ գլխաւոր պարտատէրերէն է) գնած է երկու սուզանաւ` վճարելով մեծ գումարներ, սակայն ի յայտ եկած է, որ նաւերը գործածելի չեն… Պաշտպանութեան նախկին փոխնախարար մը խոստովանած է, թէ պաշտօնավարութեան ընթացքին այնքան կաշառք ստացած է, որ չի կրնար յիշել բոլորը…

Ձիւնագնդակը` Դէպի Ո՞ւր

Ահա գլխաւոր գիծերը` ներքին ու արտաքին այն պատճառներուն, որոնք Յունաստանը այս տարեսկիզբին դրին այլընտրանքի մը դիմելու ճամբուն մէջ: Ցիփրաս եւ իր գործակիցները ընտրապայքար մղեցին, նախորդ կառավարութիւններու պարտուողական ուղին բարեկարգելու եւ, մանաւանդ, պարտատէրերուն կողմէ «խնայողական նոր քայլեր» մերժելու դրօշով: Յոյներուն համար անոր խոստումները յուսադրիչ էին եւ իբրեւ առաջին իրագործում` Ցիփրասի «Սիրիզա»-ն յունուարի կէսերուն շահեցաւ ընտրութիւնները: Այնուհետեւ, ան ընդհանուր առմամբ հաւատարիմ մնաց իր խոստումներուն, վերջին երկու ամիսներուն բաւական տաժանելի սակարկութիւններ վարեց պարտքերու վերադասաւորման համար, սակայն շուրջ երկու շաբաթ առաջ յայտարարեց, որ դանակը հասած է ոսկորին, կը մերժէ ժողովուրդը նոր սեղմումներու ենթարկող պայմանները: Աւելի՛ն. ան աշխարհը ափ ի բերան թողուց, երբ յայտարարեց, որ պարտատէրերուն պայմանները ընդունիլ-չընդունիլը պիտի վստահի ժողովուրդի քուէին, այսինքն իսկական ժողովրդավարութիւն պիտի կիրարկէ Պղատոնի ժառանգորդ երկրին մէջ:

7-14-15_greece-9

Առաջին մեկնաբանութիւնները եղան այն, որ վարչապետը զգացականութիւն կը խաղայ եւ պլաֆ կ՛ընէ: Յետոյ ծայր առին «Ոչ»-ին թեր ու դէմ ցոյցեր, որոնք ելեկտրականացուցին Յունաստանի բեմը: Դրամական շուկան անշարժութեան մատնուեցաւ անցեալ շաբաթասկիզբին` անմիջականօրէն ճնշումի տակ դնելով սպառող զանգուածը: Եւրոպացի եւ միջազգային դրամատիրական աշխարհը սպառնաց Յունաստանին, թէ` պայմաններուն մերժումը պիտի նշանակէ Յունաստանի արտաքսումը Եւրոպական դրամական շուկայէն, այսինքն զայն պիտի սնանկացնէ: Ցիփրաս պատասխանեց, որ իր քաղաքական վարկը նժարի մէջ կը դնէ, ու եթէ ժողովուրդը ընդունելի նկատէ պարտատէրերուն պայմանները, ինք պիտի հրաժարի (այլ հարց է, թէ Ցիփրասի կառավարութիւնն ու անոր տնտեսութեան նախարար Եաննիս Վարուլաքիս ի՞նչ ծրագիր ունին, եթէ պարտատէրերուն սպառնալիքը իրականանայ եւ Յունաստան դուրս գայ եւրոյի դաշտէն): Եւ ահա, կիրակիի հանրաքուէն յունուարէն ասդին երկրորդ կարեւոր յաղթանակը շնորհեց կառավարութեան, որ հիմա ժողովրդային նկատառելի յենարանով մը պիտի վերադառնայ բանակցութեան սեղան, երբ սպառնացողներուն պլաֆի սուրը վար դրուի եւ Յունաստանին համար աւելի տանելի պայմաններու հետապնդման ճամբան բացուի: Ըստ կարգ մը մեկնաբաններու, Միջազգային դրամական հիմնադրամի այն յայտարարութիւնը, թէ` «Յունաստանի պարտքերը անցած են անհատուցելիի սահմանէն անդին, հետեւաբար պարտքերէն մաս մը ջնջելը անխուսափելի է», պէտք է նախանշան նկատել, որ Ցիփրաս աւելի նպաստաւոր պայմաններ պիտի ապահովէ իրեն զօրակցող ժողովուրդին եւ ազդանշանը պիտի տայ տնտեսական-ընկերային տիղմէն դուրս գալու:

Թէ ի՞նչ չափով պիտի իրականանան բարեշրջման լաւատեսութիւնները, մանաւանդ որ կարգ մը պարտատէրերու անմիջական հակազդեցութիւնը այն եղաւ, թէ Յունաստանի հետ բանակցելի հարց չկայ այլեւս, Ցիփրասի բացասական ընթացքը կտրած է Ռիւպիքոնը, կը մնայ ճնշող հարցական: Պարտատէրերուն համար հիմա կայ երկու ընտրանք. կա՛մ ետդարձ ընել սպառնալիքներէն եւ վերադառնալ բանակցային ուղիին` ընթացք տալով երիտասարդ վարչապետին ակնկալութեանց, կամ ալ` պահպանել կարծր կեցուածքը եւ ձեռնարկել Յունաստանի մէջ իշխանափոխութեան, փորձ ընել կառավարութեան ղեկին վերադարձնելու այն խմբակները, որոնք անցեալին եղած են իրենց գործակիցները, անոնց միջոցով վերականգնելու համար կեղեքիչ ուղին: Պէտք չէ անտեսել այն իրողութիւնը, որ քուէարկողներուն մօտաւորապէս 40 առ հարիւրը համաձայն չեղաւ Ցիփրասի կառավարութեան ընտրանքին` յայտնապէս ենթարկուելով այն սպառնալիքներուն, որ Յունաստան դուրս պիտի նետուի եւրոպական ընտանիքէն ու պիտի մատնուի նոր դժուարութիւններու, կամ ալ… իր մասնակի շահերը տեսնելով նախկին գործընթացի շարունակման մէջ: Նման մտածում կրնայ զարմանալի թուիլ բանական մարդու համար, սակայն շա՜տ բնական է դրամատիրութեան «բարիքները» վայելող փոքրամասնութեանց ակնոցով: Նոյն վիճակին ականատես չե՞նք միթէ

եւրոպական եւ այլ ցամաքամասերու բազմաթիւ երկիրներու մէջ` առանց զանց առնելու մեր Հայաստանը (Բաղրամեան պողոտային վրայ վերջին զարգացումները մէկ տարբերակը չե՞ն արդեօք Յունաստանին ու ճակատագրակիցներու պարտադրուած կացութեանց…):

Միւս կողմէ, սակայն, Յունաստանի «Ոչ»-ը կը ստեղծէ կացութիւն մը, որուն ներգործութիւնը սահմանափակուած չէ Ոդիսեւսի երկրին մէջ: Եւրոպական համայնքին մաս կազմող այլ երկիրներ եւս, առաւել կամ նուազ չափով, կը տառապին նոյն ախտերէն, որոնց եթէ փոքր խորագիրները կը կոչուին փտածութիւն, կաշառակերութիւն, վարչական ձախաւերութիւն, անարդար մրցակցութիւններու զոհ ըլլալ եւ այլն, գլխաւոր խորագիրը կը կազմէ համաշխարհայնացման դաժան կիրարկումը` դրամատիրական ամէնէն անմարդկային գործիքներուն օգտագործումով: Ահա թէ ինչո՛ւ Յունաստանի զարգացումները դրական ու յուսալից աչքերով կը դիտուին Իտալիոյ, Փորթուգալի, Սպանիոյ եւ Իրլանտայի պէս երկիրներու մէջ, մինչեւ իսկ դրական արձագանգներ կը գտնեն պարտատէր Ֆրանսայի ու Գերմանիոյ ժողովուրդներուն մօտ` սարսափի դողեր անցընելով Մերքելի, Հոլանտի եւ մինչեւ իսկ Ատլանտեանէն անդին տարածուող ելեւմտական աշխարհներուն մէջ:

Յունաստանի այս շարժումն ու կիրակիի «Ոչ»-ը վերանորոգ յոյսեր կը բերեն նորահնար օրէնքներու ճամբով կեղեքուողներուն. մարդիկ կը յուսան, որ Աթէնքէն սկիզբ առած ձիւնագնդակը թաւալելով ծաւալի ու հասնի այլ երկիրներ, ցամաքամասեր, խորտակէ նոր աշխարհի աւատապետներուն ամրոցները եւ վերստեղծէ համեմատաբար աւելի՛ արդար աշխարհ մը` հիմնուած ընկերային արդարութեան սկզբունքներուն վրայ: Մարդիկ գրաւ կը դնեն, որ այս ձիւնագնդակը աճի, եւ ո՛չ թէ դարձեալ զոհ երթայ ամենազօր հռչակուած պարտատէրերուն ստեղծելիք խարոյկին, որ կրնայ հալեցնել ու շոգիացնել զայն:

Չէ՞ որ աշխարհը բարեշրջման ալիքի մը տարածման ու ապա նահանջին ու անկումին ականատես եղաւ 80-ական տարիներու Եւրոպային մէջ…

 

 

 

 

Նախորդը

3 Տարուան Ընթացքին Թուրքիայէն 10 Հազար Քաղաքացի Միացած Է Ահաբեկչական Խմբաւորումներուն

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Աֆրամ Բ. Պատրիարքը

RelatedPosts

«Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանը Կը Դիտարկէ  Իբրեւ Վստահելի Եւ Արժանահաւատ Գործընկեր»  Կ՛ըսէ Եւրոպական Յանձնաժողովի Ներկայացուցիչը
Հայկական

«Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանը Կը Դիտարկէ Իբրեւ Վստահելի Եւ Արժանահաւատ Գործընկեր» Կ՛ըսէ Եւրոպական Յանձնաժողովի Ներկայացուցիչը

Մայիս 14, 2025
Լանտաու. «Ամերիկեան Վարչակազմի Նպատակն Է Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Հետամուտ Ըլլալ»
Հայկական

Լանտաու. «Ամերիկեան Վարչակազմի Նպատակն Է Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Հետամուտ Ըլլալ»

Մայիս 13, 2025
«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով  Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան
Գլխաւոր լուրեր

«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?