«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շեշտեց, որ եթէ խորհրդարանական արտակարգ նստաշրջան մը բանալու առաջարկը նախարարաց խորհուրդի կէս առաւել մէկին քուէարկութեան արժանանայ, ապա ինք պատրաստ է խորհրդարանը օրէնսդրական նիստերու հրաւիրելու:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ քաղաքական խորհուրդի նախագահ սէյիտ Իպրահիմ Ամին Սէյիտ ընդգծեց, որ կ՛ապրինք այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ Սէուտական Արաբիոյ մերձեցման նպատակով գործողը պէտք է նախատէ Իրանը:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա յայտնեց, որ ՏԱՀԵՇ-ին զէնք, զինամթերք եւ հովանաւորութիւն տրամադրողը չի կրնար արդարութեան նախարար ըլլալ:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ հաստատեց, որ Լիբանանի քաղաքական թղթածրարները պիտի չլուծուին առանց նոր Թաէֆի մը կամ Տոհայի նման հանդիպումի մը:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ուաժիհ Պաարինի շեշտեց, որ 2006-ի յուլիսեան պատերազմին ընթացքին Դիմադրութեան արձանագրած յաղթանակը պատմական էր եւ արաբ ժողովուրդին պատմութեան փառքի տողերը կը ներկայացնէր:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութիւնը երէկ վերընտրեց իր նախագահը, երեսփոխան Տորի Շամունը: Կուսակցութեան փոխնախագահ ընտրուեցաւ Ռոպեր Խուրի:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Նասեր Քանտիլ յայտնեց, որ Հըզպալլայի ցուցաբերած նեցուկը` Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի նկատմամբ, հիմնական պատճառն էր կառավարութեան տագնապին լուծման:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի շեշտեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի շարժումը Լիբանանին վերադարձուց քաղաքական բախումին իսկական պատկերը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ պահանջուածը իմաստուն կեցուածքներուն եւ հաստատութենական աշխատանքին վերադարձն է:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Եուսեֆ Սաատէ յայտնեց, որ Լիբանանի շահերը իսլամ-քրիստոնեայ իսկական համակեցութիւն եւ համագործակցութիւն կը պահանջեն:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը փողոց հասած է, որովհետեւ ոմանք ոտնձգութիւն գործած են երկրին հիմնական տարրերուն դէմ:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Զիատ Պարուտ շեշտեց, որ ապահովական կառոյցներու պետերուն նշանակումները կատարելու առումով իրենք կը գտնուին անել վիճակի մը մէջ:
«ԱՆՊԱ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու յաջորդ դեսպանը Էլիզապեթ Ռիչըրտն է:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, այս շաբաթասկիզբին Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Փաուլօ Ճենթիլոնի պաշտօնական այցելութեամբ մը պիտի հասնի Լիբանան: Կը նախատեսուի, որ ան իրեն հետ ունենայ շատ կարեւոր նամակ մը:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ կառավարութեան յաջորդ նիստին ընթացքին նախարարաց խորհուրդին քննարկելիք օրակարգին առաջին կէտը պիտի ըլլայ կառավարութեան գործելաոճը:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըր շեշտեց, որ պէտք է մարդիկ կեդրոնանան այն յատկանիշներուն վրայ, որոնք կը միացնեն զիրենք:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ «Մենք պէտք է իրարու նեցուկ կանգնինք եւ երկխօսութիւն կատարենք` Լիբանանը փրկելու համար»: