«ՌԻԱ Նովոսթի»` վկայակոչելով Եւրոպական խորհուրդի ղեկավարի մամլոյ ծառայութիւնը, կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհուրդի ղեկավար Տոնալտ Թուսք 14-16 յուլիսին պիտի այցելէ Վրաստան եւ Հայաստան:
Թուսք Վրաստան պիտի այցելէ 14-15 յուլիսին, իսկ Հայաստան` 16 յուլիսին:
Հայաստանն ու Վրաստանը Եւրոպական Միութեան «Արեւելեան գործընկերութիւն» ծրագիրի անդամներ են: Ծրագիրին նպատակն է «Արեւելեան գործընկերութիւն» ծրագիրի անդամ երկիրներուն եւ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն քաղաքական ու տնտեսական համարկումը:
Յուլիս 2014-ին Վրաստանը Եւրոպական Միութեան հետ ստորագրած էր Ընկերակցութեան համաձայնագիրը, իսկ Հայաստանը` ոչ: