«Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 2015-2016 տարեշրջանի զտումի Ա. հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, հայկական երեք խումբեր` Ալաշկերտ, Շիրակ եւ Ուլիս պարտուեցան:
Սակայն հակառակ ատոր, առաջին երկուքը պիտի շարունակեն մրցաշարքը` անցնելով Բ. հանգրուան, մինչ Ուլիս հրաժեշտ տուաւ մրցաշարքին:
Ալաշկերտ, որ հիւրն էր Սենթ Ճոնսթընի (Սկովտիա), թէեւ 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց, սակայն օտար դաշտի վրայ կոլ նշանակելու առաւելութենէն օգտուելով, ապահովեց Բ. հանգրուանի իր տոմսը:
Հայրենի կազմին միակ կոլը նշանակեց Նորայր Կէօզալեան (74-րդ), մինչ հիւրընկալ կազմը իր կոլերը նշանակեց 34-րդ եւ 87-րդ վայրկեաններուն:
Նշենք, որ հայրենի կազմը 65-րդ վայրկեանէն ետք մրցումը կը շարունակուէր տասը մարզիկով:
Ապահովելով Բ. հանգրուանի իր տոմսը, այժմ Ալաշկերտ իրեն մրցակից պիտի ունենայ ղազախական Քայրաթը:
Ալաշկերտի նման Բ. հանգրուանի իր տոմսը ապահովեց նաեւ Շիրակ, թէեւ հայկական խումբը 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Զրինյսքիէն, Պոսնիոյ մէջ:
Կը կարծուէր, որ 2-0 արդիւնքով ուշացած Շիրակ դուրս պիտի մնայ մրցաշարքէն: Սակայն մրցումին կորսուած` 96-րդ վայրկեանին, Ժան-Ժաք Պուքուհի յաջողեցաւ փրկել կացութիւնը եւ նշանակել Շիրակի կոլը:
Այսպիսով, Շիրակ օտար դաշտի վրայ կոլ նշանակելու առաւելութենէն օգտուելով, անցաւ յաջորդ հանգրուան, ուր կը մրցի շուէտական ԱԻՔ Սթոքհոլմի դէմ:
Միակ անբախտը եղաւ Ուլիս, որ իր դաշտին վրայ 3-1 արդիւնքով (երթ` 0 – 0) պարտութիւն մը կրելով Պիրքիրքարայէն (Մալթա), դուրս մնաց հետագայ պայքարէն:
Ուլիսի միակ կոլը նշանակեց Քոնսթանթին Մորոզով (71-րդ):
Նշենք, որ Բ. հանգրուանի երթի մրցումները տեղի պիտի ունենան 16 յուլիսին, իսկ դարձի մրցումները` 23 յուլիսին:
Հայրենի երկու կազմերը դարձի մրցումները պիտի կատարեն իրենց դաշտերուն վրայ: