Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց 18 տարեկանէն վար ազգային խումբը երէկ ապահովեց Արաբական պասքեթպոլի 18 տարեկանէն վար ախոյեանութեան կիսաւարտականի իր տոմսը` քառորդ աւարտականին իր կատարած մրցումին 64-34 արդիւնքով (14-2, 33-13, 53-23 եւ 64-34) ջախջախելէ ետք Ալճերիան:
Կիսաւարտականին, որ տեղի պիտի ունենայ այսօր, ժամը 22:00-ին, Լիբանան իր դէմ պիտի ունենայ Թունուզը:
Ինչ կը վերաբերի կիսաւարտականի երկրորդ մրցումին, իրարու դէմ պիտի ճակատին Եգիպտոս եւ Սէուտական Արաբիա:
Աւարտական մրցումը տեղի պիտի ունենայ վաղը` կիրակի:
Նշենք, որ այս ախոյեանութիւնը տեղի կ՛ունենայ Աղեքսանդրիոյ մէջ (Եգիպտոս):