Սպարտակ Մոսկուայի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան, որ կը մարզուէր անհատական ծրագիրով, սկսաւ մարզուիլ ընդհանուր խումբին հետ, կը յայտնէ ռուսական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Այլ գետնի վրայ, «Մէյճըր լիկ»-ի կազմերէն Ռէալ Սոլթ լէյք ակումբի թեքնիք տնօրէն Կրէյկ Վայպել յայտնեց, որ խումբին համակիրները պէտք չէ սպասեն Մովսիսեանի Միացեալ Նահանգներ վերադարձին, որովհետեւ ան մտադիր չէ հեռանալու իր ակումբէն` Սպարտակէն եւ վերադառնալու «Մէյճըր լիկ»-ին: