«Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, Թրաքայ (Լիթուանիա) 4-1 արդիւնքով յաղթեց Ֆարօ կղզիները ներկայացնող «Էյչ. Պի.» խումբին:
Այս մրցումին տուպլէ մը իրագործեց յառաջապահ Դաւիթ Արշակեան, առաջինը` 30-րդ վայրկեանին, իսկ երկրորդը` 90-րդ վայրկեանին` փենալթիով, կը յայտնէ Armsport.am:
Հայ ֆութպոլիստը այս մրցումին դաշտ ներկայացաւ 90 վայրկեան:
Նշենք, որ երթին 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած Թրաքայ, այսպիսով ապահովեց զտումի Բ. հանգրուանի իր տոմսը: