Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սահակեան Բրիտանիոյ Մէջ Տեսակցեցաւ Հայ Աւանդական Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

Յուլիս 11, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-10-15_pago-11Լոնտոն այցելող Լեռնային Ղարաբաղի  Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան հանդիպումներ ունեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, Սոցիալ-դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան, Ռամկավար ազատական կուսակցութեան Բրիտանիոյ կառոյցներու ղեկավարներուն եւ ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպումներուն  ընթացքին քննարկուեցան Արցախի պետականաշինութեան, ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, Արցախ-սփիւռք համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:

Սահակեան կարեւոր նկատեց աւանդական կուսակցութիւններու դերակատարութիւնը  Արցախին աջակցելու, համազգային կարեւոր խնդիրներու լուծման, հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդման գործին մէջ:

Արցախի նախագահը Լոնտոնի մէջ նաեւ  տեսակցեցաւ Հայ օգնութեան միութեան, Համազգայինի, ՀՄԸՄ-ի Բրիտանիոյ կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ: Քննարկուեցան Արցախի հետ գործակցութեան վերաբերող հարցեր:

Նախագահ Սահակեան բարձր գնահատեց յիշեալ համահայկական կազմակերպութիւններու դերակատարութիւնը սփիւռքի մէջ հայ ազգային ինքնութեան պահպանման, հայրենիքի հետ կապերու ամրապնդման եւ ազգային խնդիրներու լուծման գործին մէջ:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահը Լոնտոնի «Կոլտսմիթ Հոլ» դահլիճին մէջ մասնակցեցաւ Բրիտանիոյ հայ համայնքային խորհուրդի ճաշկերոյթին, որուն ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ հակիրճ ներկայացուց Արցախի  պատուիրակութեան Բրիտանիա այցելութեան նպատակները, ամփոփեց ատոր արդիւնքները եւ պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:

«Հայկական գաղութի եւ Բրիտանիոյ տարբեր կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ մեր հանդիպումները բաւական տպաւորիչ էին: Անոնք նոր լիցք եւ որակ կը հաղորդեն Ղարաբաղի եւ Բրիտանիոյ միջեւ կապերու ամրապնդման», ըսաւ նախագահ Բակօ Սահակեան` երախտագիտութիւն յայտնելով Ղարաբաղի բոլոր բարեկամներուն` անոնց դիրքորոշումին, սկզբունքայնութեան, մարդասիրութեան եւ գործուն աջակցութեան համար, մաղթեց յաջողութիւն եւ ամենայն բարիք:

Հանդիպումին ներկայ էին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Բրիտանիոյ թեմի առաջնորդ Յովակիմ Մանուկեան, պատգամաւորներ, պաշտօնատարներ, հասարակական եւ քաղաքական գործիչներ:

 

 

 

Նախորդը

Ազրպէյճանցիք Պատրաստ Են Վերանայելու Լեռնային Ղարաբաղի Կարգավիճակը «Միայն Ազրպէյճանի Կազմին Մէջ»

Յաջորդը

Ուֆայի Վեհաժողով . Նախագահ Սարգսեան Կարեւոր Նկատեց Իրան-Հայաստան Երկաթուղիի Կառուցումը

RelatedPosts

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
Վարչապետ Սալամ Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?