Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Յատկացումներու Յանձնախումբը Արցախին Ուղղակի Աջակցելու Կողմնակից Կը Մնայ

Յուլիս 11, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

FotorCreated10Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Յատկացումներու յանձնախումբը հինգշաբթի, 9 յուլիսին, ձայնակցելով ծերակուտական Մարք Քըրքին (հանրապետական, Իլինոյէն)` իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց շարունակելու ուղղակի Արցախի քաղաքացիներուն տրուող մարդասիրական օժանդակութիւնը: 1998-էն ի վեր տրուող այս տարեկան աջակցութիւնը կը վայելէ յանձնախումբի թէ՛ հանրապետական եւ թէ՛ դեմոկրատական անդամներուն:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Քեն Խաչիկեան այս առիթով երախտագիտութիւն յայտնեց ծերակուտական Մարք Քըրքին` Արցախին օգնելու ծրագիրին իր կարեւոր նպաստին համար:

«Օգնութեան այս ծրագիրը մարդասիրական անհրաժեշտ օգնութիւն կը հասցնէ Արցախին` Ամերիկայի զօրակցութեան ուժեղ դրսեւորում մը հանդիսանալով անոր քաղաքացիներուն նկատմամբ: Մենք մեծապէս կը գնահատենք ծերակուտական Մարք Քըրքի համագործակցութիւնը յանձնախումբի ատենապետ Կրահամի հետ` այս կենսական ծրագրի հաստատման ուղղութեամբ», յայտարարեց Խաչիկեան:

Յանձնախումբին որդեգրած զեկուցումը, որ կցուած է 2016-ի պետական-արտաքին յատկացումներու օրինագիծին, կ՛ընդգծէ հետեւեալը. «Յանձնախումբը կը յանձնարարէ օգնութիւն տալ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի զոհերուն, այն չափով, որ կը համապատասխանէ անցեալ տարիներու օժանդակութեան: Յանձնախումբը նաեւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ տագնապի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ տարուող ճիգերուն:

Յանձնախումբը նաեւ կարեւոր կը նկատէ ականազերծման աշխատանքներու շարունակութիւնը եւ ընդունելի չի նկատեր այն արգելքները, որոնք դրուած են որոշ շրջաններու ականազերծման դէմ:

Յանձնախումբը յանձնարարած է Հայաստանին տալ 20,06 միլիոն տոլարի տնտեսական օգնութիւն, 1,7 միլիոն տոլարի սպառազինութեան աջակցութիւն, եւ 600 հազար տոլար զինուորական կրթութեան ծրագիրներու համար: Ազրպէյճանին համար յանձնարարուած գումարը 8,778 միլիոն տոլար է, իսկ Վրաստանինը` 54 միլիոն տոլար:

Յանձնախումբը իր մտահոգութիւնը յայտնած է Ազրպէյճանի մէջ մարդկային իրաւանց խախտումներուն վերաբերեալ:

 

Նախորդը

«Զօր. Աունը Պիտի Չլքենք» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Յաջորդը

Թուրքիոյ Խորհրդարանի Հայ Երեսփոխան Փայլան Բողոք Պիտի Ներկայացնէ Ընդդէմ «Հայերու Որս»-ի Ձեռնարկած Թուրք Ազգայնականին

RelatedPosts

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
Վարչապետ Սալամ Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?