Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Զօր. Աունը Պիտի Չլքենք» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Յուլիս 11, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-10-15_seyid_10Երուսաղէմի միջազգային օրուան առիթով` Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ հաստատեց, որ հակառակ սէուտական բռնարարքներուն, Եմէնի մէջ տասնեակ հազարաւոր ցուցարարներ Երուսաղէմի, Կազայի եւ Պաղեստինի համար ցոյցեր կը կազմակերպեն, «Պահրէյնի մէջ նաեւ նոյնն է պարագան», իսկ իսրայէլացիները իրենց դէմ ուղղուած ոչ մէկ սպառնալիք կը զգան` մէկուկէս միլիառ իսլամականութեան գոյութենէն:

«Միւս կողմէ, Եմէնի դէմ պատերազմը Սէուտական Արաբիոյ կողմէ Իսրայէլի մատուցուած լաւագոյն ծառայութիւնն է եւ Իսրայէլի կողմէ անկրթութիւնը հասած է այն աստիճանի, որ ան կոչ ուղղէ ահաբեկչութեան դէմ արաբական-իսրայէլեան դաշինքի մը: Մինչդեռ Եմէնի դէմ Սէուտական Արաբիոյ սանձազերծած պատերազմը կորսնցուցած է քաղաքական իր նպատակները եւ վերածուած վրէժխնդրութեան», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով Սուրիոյ մէջ տիրող պատերազմական վիճակին` սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ լուծումը քաղաքական է եւ Սուրիա պիտի շարունակէ տոկալ:

«Մենք Սուրիոյ մէջ ճակատաբաց կը պատերազմինք եւ Սուրիոյ մէջ ինկած Դիմադրութեան իւրաքանչիւր նահատակ Լիբանանի, Պաղեստինի եւ շրջանի ժողովուրդներուն ու արաբ ազգին համար նահատակուած հերոս է: Ոմանք ըսած են, թէ Երուսաղէմի ճամբան Ժունիէէն կ՛անցնի: Ո՛չ, Երուսաղէմի ճամբան Ժունիէէն չ՛անցնիր, այլ Քալամունէն, Զապատանիէն եւ Հոմսէն, որովհետեւ եթէ Սուրիան կորսուի, Պաղեստինն ալ կը կորսուի», շեշտեց ան:

Անդրադառնալով Լիբանանին` սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի պահանջները իրաւացի են, իսկ անոր դաշնակիցները պիտի չլքեն զինք եւ անոր իսկական փաստը կառավարութեան նիստէն առաջ եւ վերջ կատարուածն է: «Ճիշդ է, որ այս հանգրուանին իմաստուն քայլ մը չէ ցոյցերուն մասնակցիլ եւ զօր. Աուն մեզմէ նման բան չպահանջեց, սակայն նաեւ ճիշդ է, որ զօր. Աուն եւ անոր դաշնակիցները չեն ուզեր կառավարութիւնը տապալել, որովհետեւ բոլորս ալ գիտենք, որ նման քայլ մը կրնայ երկիրը դէպի անիշխանութիւն առաջնորդել: Մենք կոչ կ՛ուղղենք խորհրդարանական օրէնսդրական նիստի արտակարգ նստաշրջան բանալու», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա:

Ան հաստատեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը իր դաշնակիցներէն մեկուսացնելը սխալ եւ ձախող գրաւ է, եւ «մենք Ազգային ազատ հոսանքը եւ զօր. Աունը պիտի չլքենք»7 «Կոչ կ՛ուղղենք Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութեան: Իսկ այսօր Լիբանան կարիքը ունի ազգային միասնականութեան եւ լիբանանցիներուն ճակատագիրը համակեցութիւնն է: Լիբանանը պահպանելու իմաստով լիբանանցիներուն միակ ճամբան երկխօսութիւնն է, եկէք խօսինք միասին», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա իր խօսքը եզրափակեց հաստատելով, որ իրենք պիտի շարունակեն Դիմադրութիւնը, որովհետեւ անիկա Երուսաղէմ տանող միակ ճամբան է:

Նախորդը

Ֆրենժիէ. «Մենք Կը Զօրակցինք Ազգային Ազատ Հոսանքի Նպատակին, Սակայն Անոր Հետ Տարակարծիք Ենք Օգտագործուած Միջոցներուն Առումով»

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Յատկացումներու Յանձնախումբը Արցախին Ուղղակի Աջակցելու Կողմնակից Կը Մնայ

RelatedPosts

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու  «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ»  Համախոհական Ցանկի Ներկայացում
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ» Համախոհական Ցանկի Ներկայացում

Մայիս 10, 2025
Ռաժժի. «Նախագահ Աունի Քուէյթ Այցելութիւնը  Խորհրդանշական Մեծ Իմաստ Ունի»
Լիբանանեան

Ռաժժի. «Նախագահ Աունի Քուէյթ Այցելութիւնը Խորհրդանշական Մեծ Իմաստ Ունի»

Մայիս 10, 2025
Մըթրի. «Լիբանանը Հակադարձութեան  Կամ Յարձակումի Հարթակի Վերածուիլը  Պիտի Չարտօնենք»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Հակադարձութեան Կամ Յարձակումի Հարթակի Վերածուիլը Պիտի Չարտօնենք»

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?