
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ գրած է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն մասնակցութեամբ Ուաշինկթընի մէջ կատարուած հանդիպումներուն ընթացքին Միացեալ Նահանգներ պատրաստակամութիւն յայտնած են աշխատելու Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի հետ` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հասնելու նպատակով:
«Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին համանախագահները Միացեալ Նահանգներէն տեղեկացան, որ Միացեալ Նահանգները պատրաստակամ են աշխատելու Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի հետ` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին շուրջ», նշած է Ուորլիք:
Ամերիկացի համանախագահը 6 յուլիսին դարձեալ «Թուիթըր»-ի ճամբով յայտնած էր, որ Մինսքի խմբակի համանախագահները կը գտնուին Ուաշինկթըն, ուր հանդիպումներ պիտի ունենան Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան, պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդին մէջ` քննարկելու համար Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցը: