Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սահմանադրական Դատարանը Հրապարակեց «Կուտակային Կենսաթոշակներու Մասին» Փոխուած Օրէնքի Մասին Որոշումը

Յուլիս 8, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-07-15_tadaranՍահմանադրական դատարանը երէկ որոշեց, որ  «Կուտակային կենսաթոշակի մասին» նոր` փոխուած օրէնքի բողոքարկուող յօդուածներու գերակշիռ մասը չի հակասեր սահմանադրութեան: Բողոքարկուող յօդուածներէն ընդամէնը 3-ին կարգ մը դրոյթները անվաւեր եւ հակասահմանադրական ճանչցուեցան:

Որոշումին եզրափակիչ մասը ընթերցելէ ետք Սահմանադրական դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան հայցուոր կողմին յորդորեց շուտափոյթ մեկնաբանութիւններ չընել:

Հայցուոր կողմի ներկայացուցիչ, ՀՅԴ պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան տակաւին պէտք է ընթերցէ բազմաթերթ որոշումը` հասկնալու` արդեօ՞ք Սահմանադրական դատարանը բաւարարած է իր դիմումը: Պահանջներէն մէկը գործող օրէնքի կասեցումն էր: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հարցումին` արդեօ՞ք Սահմանադրական դատարանի այս որոշումէն կարելի է ենթադրել, թէ օրէնքը, այնուամենայնիւ, պիտի շարունակէ գործել, Մինասեան պատասխանեց. «Եկէք արագ» եզրակացութիւններ չընենք: Այո՛, առերեւոյթ եթէ չկայ կասեցում բառը կամ չկայ այնպիսի կտրուկ ձեւակերպում, որ` ճանչնալ սահմանադրութեան հակասող եւ անվաւեր, անկէ պէտք չէ տակաւին հետեւութիւն ընել, թէ արդեօք մեր պահանջը բաւարարուա՞ծ է կամ որքանո՞վ բաւարարուած է»:

Պատգամաւորին համար այսօր յստակ է մէկ բան` պետութիւնը պէտք է հաշուի առնէ գնաճը եւ ճշգրտէ նաեւ իր կողմէ աւելցուած գումարը. «Ըստ վիճարկուող օրէնքին նախատեսուած էր, որ գնաճով կը ճշգրտուի միայն այն գումարը, որ քաղաքացիի աշխատավարձէն տարուած է եւ հաշուի առնուած չէ, որ եթէ պիւտճէն յատկացում կը կատարէ, ապա ատիկա ալ պիտի նկատուի քաղաքացիի սեփականութիւնը: Այս մասով կտրուկ եւ մէկ անգամէն կը ճանչցուի սահմանադրութեան հակասող»:

Հայցուոր կողմը Սահմանադրական դատարանին մէջ բարձրացուցած էր ոչ միայն օրէնքի բովանդակային, այլեւ ընթացակարգային խախտումներու հարցը, որոնք տեղի ունեցած են օրէնքի նախագիծը մշակելու ընթացքին, ատիկա քննարկելու եւ քուէարկելու ընթացքին: Դատարանի դիրքորոշումը այս մասով, պատգամաւորին համար, այս պահուն  տակաւին անհասկնալի է:

Նախորդ տարի ալ Սահմանադրական դատարանի որոշումը պարտադիր կուտակային կենսաթոշակային օրէնքի մասով տարընթերցումներու պատճառ դարձաւ եւ ժամանակ պահանջուեցաւ զայն հասկնալու համար: Այսուհանդերձ, Սահմանադրական դատարանի նախորդ որոշումէն ետք նոր օրէնք մշակուեցաւ: Այսօր այս մասով մեկնաբանութիւններ ընելը կանուխ է` կը կարծէ հայցուոր կողմը:

«Ես վստահ եմ, որ այս 80 էջէ աւելի փաստաթուղթին մէջ այնքան մօտեցումներ կան, որոնք նոր օրէնսդրական նախաձեռնութիւններու հիմք կու տան: Մեր գլխաւոր խնդիրն է, նաեւ «Դէ՛մ եմ» շարժման հետ միասին, յաջողիլ ուրուագծել այն հիմնական փոփոխութիւնները, որոնք ի վերջոյ մեր միացեալ պահանջած կենսաթոշակային համակարգի ուղղութեամբ քայլ պիտի ըլլայ», կ՛ըսէ Արծուիկ Մինասեան:

Հայցուոր կողմը կ՛ընդունի, որ բարձրագոյն դատարանին նախորդ որոշումին վրայ մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ նաեւ հանրային ճնշումը: Նախորդ տարի «Դէ՛մ եմ» շարժումը գրեթէ ամէն օր բողոքի ցոյցեր կը կազմակերպէր: Այսօր դատարանին առջեւ խաղաղ էր, դահլիճին մէջ, սակայն, ներկայ էին շարժման անդամներէն մի քանին: Շարժման անդամ Մանէ Թանդիլեան նաեւ չի շտապեր մեկնաբանութիւններ ընել, թէեւ կը վստահեցնէ, որ պայքարը պիտի շարունակուի:

«Սահմանադրական դատարանի դատաւորին կարծիքով, նախորդ որոշումը նոյնիսկ տակաւին չէ իրագործուած: Այսինքն, այս պահուն, երբ մենք նորէն դատի տուած ենք այլ դրոյթներ, տակաւին նախորդին մէջ կան մասեր, որոնք չեն իրագործուած եւ այդ մասով ալ պէտք է շարունակենք հետամուտ ըլլալ, որպէսզի յաջողինք պարտադրել կառավարութեան», կ՛ըսէ ան:

 

 

 

Նախորդը

«Միացեալ Նահանգներ Պատրաստ Են Լեռնային Ղարաբաղի Խնդիրին Շուրջ Աշխատանքը Շարունակելու Ռուսիոյ Եւ Ֆրանսայի Հետ» Կ՛ըսէ Ուորլիք

Յաջորդը

Պելճիքայի Ներկայացուցիչներու Տան Արտաքին Յարաբերութեանց Յանձնախումբը Որդեգրեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւ Մը

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Ռուսիա Պատրաստ Է Իր Ներդրումը Ունենալու Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հարցին Մէջ»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?