Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յուլիս 4, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ հարցերով դատախազ Ալի Իպրահիմ երէկ 11 հոգի` բժիշկներ եւ դեղագործներ ամբաստանեց դեղագիրներ կեղծելու եւ Ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկը գողնալու յանցանքներով:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի շեշտեց, որ այս հանգրուանը կեցուածքներ ճշդելու հանգրուան մը չէ, այլ` լիբանանեան միասնականութեան հանգրուան:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ քաղաքական խորհուրդի նախագահ սէյիտ Իպրահիմ Ամին Սէյիտ փափաք յայտնեց, որ Սուրիոյ, Եգիպտոսի, Թունուզի, Իրաքի, Քուէյթի եւ Ֆրանսայի արիւնալի դէպքերը ըլլան առիթ մը` վերատեսութեան ենթարկելու միջազգային կեցուածքները եւ Սուրիոյ հարցին քաղաքական լուծում մը գտնելու:

ԱՆՅԱՅՏ կորսուած իմամ Մուսա Սատըրի քոյրը` Ռապապ Սատըր շեշտեց, որ իրենք կը մերժեն Լիբանանի եւ Լիպիոյ մէջ հաշտութեան որեւէ քայլ` ըլլայ պաշտօնական թէ անպաշտօն:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա յայտնեց, որ եթէ կարելի չըլլայ հանրապետութեան նախագահը համախոհութեամբ ընտրել, ապա նախագահը պիտի վերածուի հարցի եւ ոչ թէ լուծումի:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի անհրաժեշտ նկատեց կառավարութեան աշխատանքներուն վերաշխուժացումը` կարենալ Լիբանանը փրկելու իրեն սպառնացող վտանգներէն:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ Ռուսիոյ «Փութին կայսրը» պատասխանատու նկատեց Սուրիոյ մէջ արձանագրուած բռնարարքներուն եւ ծայրայեղութեան: Ան պահանջեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը Սիպերիա կամ լքեալ անապատներ աքսորել:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յանձնառու է Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութեան շարունակութեան:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ Ազգային ուխտը չի կիրարկուիր եւ պէտք է վերադառնալ ժողովուրդին ու հանրաքուէ կատարել` նախագահական ընտրութեան նպատակով:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ խստիւ դատապարտեց Եգիպտոսը թիրախ դարձնող պայթումները եւ կոչ ուղղեց բոլոր երկիրներուն` Իսլամ եղբայրները վտարելու իրենց երկիրներէն, որովհետեւ անոնք միայն բանտարկուելու արժանի են:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի շեշտեց, որ Միջազգային ընտանիքը ձախողած է սուրիացի ժողովուրդին նկատմամբ իր ստանձնած պարտականութեան մէջ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի յայտնեց, որ այս հանգրուանին շատ անհրաժեշտ է օրէնսդրական նիստերու խորհրդարանական արտակարգ նստաշրջան մը սկսիլը:

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Աքրամ Շեհայէպ յայտնեց, որ երկրագործական արտադրութիւններուն արտածումին օժանդակութեան առումով կառավարութեան որոշումը դրական է:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ իրենք ոչ ոքի մարտահրաւէր կը կարդան, սակայն ազգային համագործակցութիւն կը պահանջեն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի շեշտեց, որ ոչ ոք կը փափաքի ուրիշը ջնջել, սակայն քաղաքացիներուն շահերը բոլորէն վեր են:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի շեշտեց, որ կառավարութեան պարտականութիւնն է շարունակել իր աշխատանքը, կասեցնելու համար իր ընթացքը խոչընդոտելու միտող քայլերը:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան միջոցներու նախարար Ղազի Զաայթեր հաստատեց, որ եթէ խորհրդարանը չուղղուի օրէնսդրական նիստեր գումարելու, ապա երկիրը պիտի ուղղուի դէպի տնտեսական տագնապ:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպումի երեսփոխան Ալաէտտին Թըրրօ կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն երկխօսութիւն կատարելու` Լիբանանի հարցերը լուծելու նպատակով:

 

Նախորդը

Քըլըճտարօղլու Անակնկալ Հանդիպում Ունեցած Է Պայքալի Հետ

Յաջորդը

«Վարչապետ Սալամ Յանձնառու Է Լիբանանեան Պետութեան, Սակայն Մեր Իրաւունքն Է Տարակարծիք Ըլլալ Անոր» Շեշտեց Ապու Սաապ

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?