ՖԻՏԷ-ին հրապարակած յուլիս ամսուան միջազգային նոր դասաւորման մէջ, հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան նախորդ ամիս իր գրաւած դիրքին համեմատ երկու դիրքի նահանջ մը արձանագրելով այժմ կը գրաւէ 10-րդ դիրքը:
Արոնեան, որ այժմ իր տրամադրութեան տակ ունի 2765 կէտ, վերջին անգամ 2009-ին էր, որ այդ դիրքին վրայ կը գտնուէր:
Պարագլուխի դիրքին վրայ կը շարունակէ մնալ աշխարհի նորվեկիացի ախոյեան Մակնիւս Քարլսըն (2853):
Գաբրիէլ Սարգսեան կը գրաւէ 66-րդ դիրքը (2673), իսկ Սերկէյ Մովսիսեան` 96-րդ դիրքը (2653):
Նշենք, որ առաջին հարիւրէն դուրս մնացին Վլատիմիր Յակոբեան եւ Հրանդ Մելքումեան: