Նախորդ 30 յունիսին Էսթոնիոյ մէջ արտասովոր արդիւնք մը արձանագրուեցաւ բաժակի մրցումի մը ընթացքին, կը յայտնէ Armsport.am:
Արդարեւ, բարձրագոյն խումբին մէջ հանդէս եկող Բայթէ, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Ռաութե-Թոլիսեդէին, յաղթանակ մը արձանագրեց 31 – 0 արդիւնքով (կիսախաղ` 19 – 0):
Երկու ֆութպոլիստներ նշանակեցին 9-ական կոլ, մինչ առիթով մը աչքի զարնուեցաւ յաղթական կազմին բերդապահը, որ փենալթի մը կոլի վերածեց, կ՛եզրափակէ «Պի.Պի.Սի.»:


