Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ պրազիլցի միջնապահ Տուկլաս Քոսթա միացաւ կազմին:
Թէեւ անոր փոխանցման գումարին մասին ճշգրիտ ոչինչ յայտարարուեցաւ, սակայն Պայէրն համաձայն գտնուեցաւ 24 տարեկան ֆութպոլիստին ակումբին` Շախտիոր Տոնեցքին վճարել 30 միլիոն եւրօ:
2010-ին Կրեմիոյէն (Պրազիլ) Շախտիոր Տոնեցքին միացած Քոսթա ուքրանական ակումբին հետ կատարեց 203 մրցում` նշանակելով 38 կոլ, տիրանալով 5 ախոյեանութեան` 3 բաժակի եւ 4 գերբաժակի տիտղոսներու` Ուքրանիոյ մէջ:
Քոսթա, որ 5 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց «Պունտըսլիկա»-ի խումբին հետ, ըսաւ որ ասով իրեն համար մեծ երազ մը իրականացաւ: