15 յուլիսին կը յստականայ, թէ ո՛վ պիտի ըլլայ «ESPY-2015»-ի մրցանակաբաշխութեան լաւագոյն օտար մարզիկը:
Ամերիկեան մրցանակաբաշխութեան օտար լաւագոյն մարզիկներու թեկնածուներուն (հիւսիսային Ամերիկայէն դուրս) կարգին յայտնուեցան Պարսելոնայի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի եւ Ռէալ Մատրիտի մաս կազմող Քրիսթիանօ Ռոնալտօ:
Կը կարծուի որ պայքարը բաւական սուր ըլլայ անոնց եւ Նովաք Տիոքովիչի (Թենիս), Լուիս Հեմիլթընի («Ֆորմիւլա – 1») եւ Լիտիա Քոնի (կոլֆ) միջեւ: