
Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ երէկ լարուած իրավիճակ էր. Բաղրամեան պողոտայէն հրապարակ եկած «Ոչ թալանին» նախաձեռնութեան անդամները մեղադրեցին Բաղրամեանի մէջ մնացածները` շարժումը քաղաքականացնելու մէջ:
Գործիչ Գէորգ Գորգիսեան յայտարարեց, որ պէտք չէ տարուիլ սադրանքներով: «Հոսանքի դէմ պայքարողները այստեղ են, մարդիկ ինչո՞ւ համար մնացած են այնտեղ», ըսաւ ան` առաջարկելով վերահսկել հաշուեքննութեան հոլովոյթը:
«Մենք հիմա ճատրակ կը խաղանք Սերժ Սարգսեանի հետ: Մենք ըրինք քայլ, ան ալ պատասխանեց: Հիմա մենք պէտք է քայլ ընենք, բայց Բաղրամեանի մէջ չեն կրնար այդ քայլը ընել, հիմա այնտեղ յորձանուտ դարձած է», ըսաւ ան:
Իսկ Վաղինակ Շուշանեան Օփերայի հրապարակին ամպիոնէն պարզապէս յայտարարեց, որ Բաղրամեան պողոտային վրայ մարդիկ կան, որոնք չեն ձգեր կիներն ու երեխաները դուրս բերել պողոտայէն:
Ան նաեւ յայտարարեց, որ նստացոյց մը պիտի սկսի Ազատութեան հրապարակին վրայ: Շուշանեանի խօսքով` իր նստացոյցը կը տեւէ այնքան, մինչեւ իշխանութիւնները կատարեն իրենց պահանջն ու իրենց ընկերները միանան իրենց` Ազատութեան հրապարակին վրայ: «Մեր պայքարը եղած է խաղաղ, օրէնքի դաշտին վրայ եւ այդպէս ալ պիտի շարունակենք», ըսաւ ան:
Բողոքի շարժումին փոքր մասը` «Ոչ թալանին» նախաձեռնութեան անդամներուն հետ եկած է Ազատութեան հրապարակ, իսկ ցուցարարներու մեծ մասը մնացած է Բաղրամեան պողոտային վրայ, ուր իրավիճակը լարուած է:
Երէկ կէսօրէ ետք իրավիճակը Բաղրամեան պողոտային վրայ հանդարտ էր: Մարդոց թիւը մեծ չէր, ոստիկանական նոր ուժեր չկեդրոնացան, երկու կողմերուն միջեւ վիճակը խաղաղ մնաց:
Քաղաքացիները հանրային քննարկում կատարեցին` որոշելու հետագայ քայլերը: Բաղրամեան պողոտային վրայ հաւաքուածները յայտարեցին, որ երեկոյեան բողոքի ցոյցը կրկին պիտի շարունակեն, իսկ մինչ այդ ժամը 5:00-ին` 20 երիտասարդներով խաղաղ երթ տեղի ունեցաւ Երեւանի կեդրոնին մէջ` մարդոց կոչ ընելու միանալու ցոյցին:
«Մեր պայքարը կը շարունակուի, մեր պայքարը սկսած է այստեղ, այստեղ ալ պիտի շարունակուի: Այստեղ ղեկավարի հարց չկայ, մենք բոլորս հասկցող, գիտակից մարդիկ ենք, հաւաքուած ենք խնդիրի մը շուրջ` ամբողջովին կասեցնելու սակի բարձրացումը», յայտարարեց գործիչներէն մէկը:
Դիմելով նախագահ Սերժ Սարգսեանին` ան նշեց. «Յարգելի՛ նախագահ, ձեր ըսածը լուծում չէ, մեզի հաշուեքննութիւն պէտք չէ, մեզի պէտք է ամբողջովին կասեցնել սակի բարձրացումը: Մեզի պէտք չեն ազգամիջեան բախումներ: Մեր ցոյցը, մեր երթը խաղաղ է: Այսօր, եթէ ոստիկաններուն հետ բախում տեղի ունենայ, այդ բոլորէն ոչ մէկ շահ կ՛ըլլայ: Ազգամիջեան բախումներ մեզի պէտք չեն, մեզի պառակտում պէտք չէ»:
«Ո՛չ Թալանին» Նախաձեռնութիւնը
Յայտարարութիւն Կատարեց
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին նախաձեռնութեան համակարգող խումբի անդամներ Վաղինակ Շուշանեան եւ Մաքսիմ Սարգսեան ըսին, որ չեն պառակտուած, ճնշումներու չեն ենթարկուած: Անոնք ընդգծեցին, որ պայքարը կը շարունակուի ե՛ւ Բաղրամեան պողոտային, ե՛ւ Ազատութեան հրապարակին վրայ` միաժամանակ պնդելով, որ Բաղրամեան պողոտայի պայքարը իրենք չեն համակարգեր:
«Ո՛չ թալանին» նախաձեռնութիւնը Բաղրամեան պողոտային վրայ իբրեւ համակարգող այլեւս ինքզինք չի տեսներ, որովհետեւ վերջին օրերուն ընթացքին կարգ մը աշխատանքներ կը տարուէին խումբին նկատմամբ: Մենք Բաղրամեան պողոտային վրայ պիտի ըլլանք իբրեւ շարքային, հասարակ քաղաքացիներ», նշեց Վաղինակ Շուշանեան` նաեւ հաստատելով, որ իրենց նկատմամբ ճնշումներ չեն եղած:
Հարցումին, թէ ինչն էր պատճառը, որ կիրակի օր Բաղրամեան պողոտային վրայ հաւաքուած հազարաւոր ցուցարարներուն կոչ ուղղեցին երթալ Ազատութեան հրապարակ, Շուշանեան արձագանգեց. «Մենք բախումներ չենք ուզեր, բայց կ՛ըսենք, որ մեր պահանջը չէ բաւարարուած, նախագահը ոչ մէկ զիջում ըրաւ: Ոչ մէկ քայլ կայ դէպի յառաջ, որովհետեւ այդ նոյն պիւտճէն մեր գրպանէն կը գոյանայ», ըսաւ Մաքսիմ Սարգսեան: Իսկ Վաղինակ Շուշանեան աւելցուց. «Մեծ հաշուով պատասխան չէ տրուած մեր պահանջին: Ասիկա ուղղակի իրենց կողմէ փոքր ետքայլ էր»:
Անդրադառնալով Ազատութեան հրապարակին վրայ ցոյցը շարունակելու յորդորներուն` Շուշանեան ըսաւ. «Մտավախութիւն ունէի, որ ոստիկանական ուժերը գուցէ սկսին գործողութիւն իրականացնել: Միակ պատճառը Ազատութեան հրապարակ իջնելու եղած է այն, որ մեր քաղաքացիներուն կողքին ըլլանք, որ այստեղ չհրահրեն, այստեղ չսադրեն», աւելցուց Մաքսիմ Սարգսեան:
«Ո՛չ թալանին» նախաձեռնող խումբի անդամները նշեցին, որ կիրակի երեկոյեան իրենց անունով քաղաքական գործիչներու հասցէին եղած են վիրաւորական արտայայտութիւններ, որոնք իրենց հետ կապ չունին: Հետագայ շահարկումներէն խուսափելու համար որոշած են իրենց հետագայ քայլերուն մասին յայտարարել համակարգող խումբի բոլոր անդամներով:
Համակարգող խումբի անդամներէն Սոֆիա Յովսէփեան ըսաւ. «23 յունիսին տղոց ձերբակալութենէն ետք ինքնաբուխ շարժումը սկսաւ: Գալ եւ համակարգել այս բոլորը, այո՛, մենք պատրաստ էինք, որովհետեւ ունինք մէկ նպատակ` ելեկտրականութեան հոսանքի սակի բարձրացման դէմ պայքարը: Սակայն հետագային ստանձնել նման գերպատասխանատուութիւն, երբ որ ժողովրդական հաւաք է ասիկա… համակարգելը բան մըն է, որպէսզի չըլլան անտեղի բաներ, եւ վերցնել պատասխանատուութիւն` ասոնք լրիւ այլ են: Այսօր մենք արդէն մեր շարունակական քայլերը կը տեսնենք այլ հարթակի վրայ: Լճանալ Բաղրամեան պողոտային վրայ եւ ոչինչ ընելը յառաջընթաց չէ»:
Դ. Յարութիւնեան. «Հաշուեքննութեան
Իրականացման Համար Կը Պահանջուի 3-Էն 6 Ամիս»
Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար-նախարար Դաւիթ Յարութիւնեան հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ հաշուեքննութիւն իրականացնելու համար կը պահանջուի 3-էն 6 ամիս:
«Այն պարագային, երբ պարզուի, որ սակի բարձրացումը արդարացուած չէ, ապա կառավարութիւնը բաշխիչ ցանցերէն ետ կը գանձէ մինչ այդ վճարուած գումարները», ըսաւ Դաւիթ Յարութիւնեան:
Խօսելով «Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր» ընկերութեան վերավաճառքի կամ ազգայնացման մասին` Յարութիւնեան նշեց, որ տեսականօրէն երկու տարբերակները բացառել պէտք չէ, սակայն կարեւոր սկզբունք մը կայ` պետութիւնը երբեք պէտք չէ կառավարէ այդ ընկերութիւնը:
«Ազգայնացման պարագային միեւնոյնն է իբրեւ կառավարիչ պէտք է ընտրել ճանչցուած միջազգային ընկերութիւն: Ցաւօք, մենք ունինք տխուր փորձառութիւն, երբ երկիրը կը կառավարէր այդ ընկերութիւնը, կը կուտակուէր 50-100 միլիոն տոլարի պարտք, որ դարձեալ կը փոխհատուցուէր պիւտճէէն: Բան մը, որ անթոյլատրելի է», ըսաւ նախարարը:
Վարչապետը Մեղադրեց Բաղրամեանի Վրայ
Հաւաքուած Ցուցարարները
«Բաղրամեան պողոտային վրայ երէկ յայտնուեցան ուժեր, որոնց իրական նպատակը ոչ թէ ելեկտրականութեան հոսանքի սակերու բարձրացման հարցն է, այլ երկրին մէջ անկայունութեան ստեղծումն ու մեր քաղաքացիները բախումներու մղելը», յայտարարեց Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան:
Վարչապետին հրապարակած յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, որ այդ ուժերը առաջնահերթ նպատակ դարձուցած են ոչ թէ հարցի ընկերային կամ տնտեսական բաղադրիչը, այլ անհասկնալի եւ անհեռատես քաղաքական նկրտումներ:
«Այսպիսի եզրակացութեան կարելի է գալ միայն այն պատճառով, որ օր մը առաջ նախագահ Սերժ Սարգսեան մանրամասն ներկայացուց ոչ միայն ուժանիւթային համակարգին մէջ գոյութիւն ունեցող իրավիճակը, սակերու բարձրացման հիմնաւորումները, այլ յայտարարեց, որ սակի բարձրացման որոշումը եւս կ՛ենթարկուի միջազգային հաշուեքննութեան, իսկ մինչ այդ կառավարութիւնը իր վրայ կ՛առնէ սակի բարձրացման ամբողջ բեռը: Մենք պատրաստակամութիւն յայտնած ենք այս ամբողջ հոլովոյթին մէջ ներգրաւելու մասնագիտական հանրութեան եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչները: Այս իրավիճակին մէջ անհասկնալի կը դառնայ ցուցարարներու` Բաղրամեան պողոտան ապօրինի փակ պահելու որոշումը, մանաւանդ որ շարժումը նախաձեռնող խումբը յայտարարեց, որ շարժումը պիտի շարունակեն Ազատութեան հրապարակին վրայ: «Ո՛չ թալանին» նախաձեռնութեան անդամները, ստանալով իրենց կողմէ արծարծուած հարցին դրական լուծումը, իրաւագիտակցութեան բարձր որակներ դրսեւորեցին, որ կը բխի ե՛ւ հանրութեան ե՛ւ պետութեան շահերէն», ըսաւ Աբրահամեան:
Հայաստանի վարչապետը կրկին երկխօսութեան կոչ ուղղեց. «Վերահաստատելով իշխանութիւններու պատրաստակամութիւնը` երկխօսութեան եւ միացեալ աշխատանքի միջոցով խնդիրներու լուծման հասնելու հարցին մէջ, անգամ մը եւս կոչ կ՛ուղղեմ Բաղրամեան պողոտային վրայ բողոքի շարժում շարունակող մեր համաքաղաքացիներուն` զերծ մնալու հակասահմանադրական գործողութիւններէ եւ չսրելու իրավիճակը: Միաժամանակ անթոյլատրելի կը նկատեմ ոստիկանութեան հանդէպ որեւէ սադրանք. Ոստիկանները կը ծառայեն մեր երկրին եւ ժողովուրդին եւ արժանի են յարգանքի»:
Ֆրանսայի Դեսպան. «Մենք Կը Հետեւինք
Երեւանի Իրադարձութիւններուն»
«Մենք մեկնաբանութիւններ չենք ըներ ուրիշ գերիշխան երկրի մը մէջ տեղի ունեցող ներքին իրադարձութիւններու առնչութեամբ, նման իրաւունք մեզի չենք վերապահեր», երէկ լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտարարեց Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Ժան Ֆրանսուա Շարփանթիէ` անդրադառնալով Երեւանի մէջ ելեկտրական հոսանքի սակի բարձրացման դէմ ընթացող բողոքի շարժումներուն:
«Կրնամ ըսել, որ մենք, անկասկած, կը հետեւինք տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն, որոնք կը տեղաւորուին ժողովրդավարական հոլովոյթներու տրամաբանութեան մէջ: Բնական է, որ մարդիկ պահանջներ կը ներկայացնեն: Բնական է նաեւ, որ իշխանութիւնները կ՛ուզեն պաշտպանել հասարակական կարգը: Միակ բանը, որ մենք կ՛ուզենք, այն է, որ որքան կարելի է շուտ լուծում գտնուի երկխօսութեան ճամբով, որոշումը, որ ընդունելի կ՛ըլլայ բոլորին համար, նաեւ տնտեսութեան կենսագործունէութեան տեսանկիւնէն, որովհետեւ տնտեսութիւնը կարեւոր գործօն է», ընդգծեց դեսպանը:
Սահմանագիծին վրայ վերջերս հայ զինուորին նահատակութեան մասին հարցումին պատասխանելով դեսպանը ըսաւ. «Կատարուածը ցաւալի իրադարձութիւն էր: Մենք կը ցաւինք զոհուած զինուորին համար, անոր ընտանիքին, հարազատներուն մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք: Մեր դիրքորոշումը յստակ ու պարզ է. պէտք է ջանքեր գործադրել խուսափելու բռնութեան որեւէ դրսեւորումէ, որեւէ շեղումէ նման հոլովոյթներուն մէջ»:
Դեսպանը միաժամանակ նշեց, որ Ֆրանսա կը ցաւի եւ կը քննադատէ բռնութեան որեւէ դրսեւորում, բայց ամէն պարագայի, ըստ դեսպանին, ասիկա չի նշանակեր, որ տեղի ունեցած այս շեղումները, խախտումները պէտք է զիրենք տարհամոզեն, որպէսզի հրաժարին իրենց որդեգրած քաղաքականութենէն:
«Մենք մեր ջանքերը պիտի չխնայենք գործուն մասնակցութիւն ունենալու, որպէսզի բանակցային հոլովոյթը շարունակուի: Եւ կոչ կ՛ուղղենք կողմերուն, հետամուտ ըլլալու, ուշիմ ըլլալու եւ լծուելու այս տագնապի լուծման կարելի տարբերակներու որոնման աշխատանքներուն», ըսաւ դեսպան Ժան-Ֆրանսուա Շարփանթիէ: