Ռէալ Մատրիտի նոր մարզիչ Ռաֆայէլ Պենիթես, իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ չ՛ուզեր յետսապահ Սերճիօ Ռամոսի հեռացումը արքայական ակումբէն, որովհետեւ բարձր կը գնահատէ անոր խաղարկութիւնը եւ կ՛ուզէ, որ ան մնայ իր կազմին մէջ:
«Մարքա» կը յայտնէ, որ ֆութպոլիստը չի կրնար համաձայնութեան գալ Ռէալի հետ, որովհետեւ իր պայմանագրութիւնը երկարաձգելու համար տարեկան 10 միլիոն եւրօ կ՛ուզէ, մինչ ակումբին նախագահը` Ֆլորենթինօ Փերես, ցարդ համաձայն չէ այդ գծով: