Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՔԱԿ. «Խաղաղութեան Հոլովոյթը Շարունակելու Մեր Պայմանը Օճալանի Ազատ Արձակումն Է»

Յունիս 29, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ճեմիլ Պայըք
Ճեմիլ Պայըք

Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան թիւ 2 ղեկավար Ճեմիլ Պայըք յայտնեց, որ իրենք Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ միակողմանի զինադադար հաստատելով քրտական հարցի լուծման խաղաղութեան հոլովոյթը յառաջ մղած են, սակայն Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան սպաննած է այդ հոլովոյթը` միջամտելով այդ ընտրութիւններուն: Էրտողան նաեւ միջամտած է թրքական կառավարութեան եւ ՔԱԿ-ի ղեկավար Ապտիւլլա Օճալանի միջեւ բանակցութիւններուն, երբ անոնք 10 կէտերու շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած են, «ուստի բոլորը պէտք է գիտնան, որ Էրտողանն է, որ խաղաղութեան հոլովոյթին վերջ տուաւ»:

«Զէնքերը վար պիտի դնենք միայն Օճալանի ազատ արձակուելէն եւ Կորդուաց լեռներուն մէջ իր ընկերներուն մօտ վերադառնալէն ետք», ըսաւ Պայըք` աւելցնելով. «Խաղաղութեան հոլովոյթը շարունակելու մեր հիմնական պայմանը Օճալանի ազատ արձակումն է, առանց որուն խաղաղութեան հոլովոյթին մէջ որեւէ յառաջընթաց պիտի չարձանագրուի»:

«Մենք կ՛ուզենք ժողովրդավարական սահմանադրութիւն մը, որ կը լուծէ Թուրքիոյ մէջ քրտական հարցը, եւ կը զօրակցինք այդ ծիրին մէջ իւրաքանչիւր քայլի, սակայն եթէ Թուրքիան այդ քայլերը չկատարէ եւ փորձէ պատերազմի կառավարութիւն կազմել, ապա մեր մարտիկները ինքնապաշտպանութեան պիտի դիմեն եւ պիտի պաշտպանեն Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարական ուժերը, որովհետեւ ասիկա մեր պարտաւորութիւնն է: Թուրքիա հասած է հանգրուանի մը, ուր փոփոխութիւններու կը կարօտի», նշեց Պայըք:

Խօսելով ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին մասին` Պայըք ըսաւ. «Անցեալ հանգրուանին կրցանք զգետնող հարուած հասցնել ՏԱՀԵՇ-ի, մենք մարդկութիւնը կը պաշտպանենք»:

Խօսելով Իրաքի մասին` Պայըք յայտնեց. «Մենք քրտական մարզին մէջ քրտական պետութեան հաստատման դէմ չենք, անոնք կ՛ուզեն քրտական պետութիւն հաստատել եւ ատիկա անոնց իրաւունքն է, իսկ մենք պատրաստ ենք պաշտպանելու զանոնք, եթէ որեւէ վտանգի ենթարկուին: Իսկ ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ Քիւրտիստանին, ապա ինչպէս նշեցի, պետութիւն հաստատել չենք ուզեր»:

Նախորդը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ընտրութեան Եւ Օծման 20-րդ Տարեդարձ Եւ Համահայկական 6-րդ Խաղերու Ջահավառութիւն. Հայաստանը Միայն Հող Չէ, Հայաստանը Ժողովուրդն Է Իր Պետականութեամբ. Հաստատեց Արամ Ա. Կաթողիկոսc

Յաջորդը

Փորոշենքօ Արտօնած Է Արտասահմանեան Զօրքերու Մուտքը Ուքրանիա

RelatedPosts

Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է,  Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրան Խնդրեց, Որ Ջնջենք Անոր Դէմ Հաստատուած Պատժամիջոցները, Եւ Ես Դրական Տրամադրուած Եմ»

Նոյեմբեր 8, 2025
Ղազախստան Միացաւ Աբրահամեան  Համաձայնագիրներուն
Գլխաւոր լուրեր

Ղազախստան Միացաւ Աբրահամեան Համաձայնագիրներուն

Նոյեմբեր 8, 2025
Ուզպեքիստան Եւ Միացեալ Նահանգներ  Հազուագիւտ Մետաղներու Վերաբերեալ  Համաձայնագիրներ Ստորագրած Են
Միջազգային

Ուզպեքիստան Եւ Միացեալ Նահանգներ Հազուագիւտ Մետաղներու Վերաբերեալ Համաձայնագիրներ Ստորագրած Են

Նոյեմբեր 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?