
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ ընդունեց Մարոնիներու լիկայի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ լիկայի նախագահ Սամիր Ապի Լամայի:
Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ լիբանանցիներուն համար ամօթալի է, որ նախագահական աթոռը տարիէ մը աւելի է, որ թափուր մնացած է:
Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ իրենք բազմիցս կոչ ուղղեցին լուծելու այդ հարցը, սակայն ոչ ոք անսաց իրենց կոչերուն:
«Մարտ 8-ի եւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը աննպատակ իրարու դիմաց կանգնած են, իսկ մենք կը պահանջենք, որ անոնցմէ իւրաքանչիւրը պաշտօնապէս առաջադրէ նախագահական ընտրութեան իր թեկնածուն, ինչպէս նաեւ ուղղուի խորհրդարան` նախագահական ընտրութեան նիստին մասնակցելու», ըսաւ ան:
Ռայի պատրիարքը իր խօսքը եզրափակեց հաստատելով, որ Լիբանան եւ անոր հաստատութիւնները մահամերձ վիճակի մէջ են:
Յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ ընդունեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանը:


