Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ յայտնեց, որ երկրին քաղաքական տագնապը հասած է այն աստիճանի, որ սկսած է իր ժխտական ազդեցութիւնը ունենալ կառավարութեան նիստերուն վրայ:
«Ոչ ոք կը դրժէ վարչապետին իրաւունքները, սակայն կառավարութեան ժողովները պէտք է արդիւնաւէտ ըլլան, հետեւաբար անհրաժեշտ է կառավարութեան նիստին ընթացքին պետութեան եւ քաղաքացիներուն շահերը պաշտպանող որոշումներ տալ, ինչպէս նաեւ կատարել շարք մը նշանակումներ, որոնց շարքին է լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը», շեշտեց Ապու Սաապ:
Ան աւելցուց, որ քաղաքական ճնշումները կ՛արգիլեն ապահովական կառոյցներու պետերուն նշանակումը: