
Նախանցեալ օր Հայաստանի ոստիկանապետ Ալիք Սարգսեան խօսեցաւ Կարապի լիճին մօտ ընդդիմադիր Հայ ազգային քոնկրեսի երիտասարդ գործիչներուն եւ ոստիկաններուն միջեւ տեղի ունեցած միջադէպին մասին եւ ներկայացուց դէպքին մանրամասնութիւնները:
Ան երիտասարդները մեղադրեց «ոստիկանաորսով» զբաղելու յանցանքով եւ նշեց, որ ներկայիս կը հերոսացուին այն երիտասարդները, որոնք կրնան հայհոյել ոստիկանին կամ խոչընդոտել անոր աշխատանքը:
Ըստ ոստիկանապետին, 9 օգոստոսի երեկոյեան տեղի ունեցած միջադէպը սկսած էր, երբ իրենց ծառայութիւնը իրականացնող ոստիկանները մօտեցած էին երիտասարդի մը, որ առանց դնչկալի կը պտտցնէր իր շունը եւ նկատողութիւն ըրած էին անոր: Մինչ երիտասարդը ներում հայցելով հեռացած էր, Հայ ազգային քոնկրեսի երիտասարդներէն Տիգրան Առաքելեան հայհոյելով մօտեցած էր ոստիկանին եւ ըսած էր. «Այստե՞ղ ալ կու գաք, քանի՞ անգամ ձեզի ըսինք, որ հոս չգաք»:
Անոր յաջորդած է մօտ 20 վայրկեան տեւած քաշքշուկը, որմէ ետք ոստիկանները փորձած են արդէն 7 երիտասարդները ոստիկանական բաժանմունք տեղափոխել: Ճամբուն վրայ Տիգրան Առաքելեան գլուխով հարուածած է եւ կոտրած է ոստիկաններէն մէկուն քիթը:
Ալիք Սարգսեան խոստացած է այսօր ցոյց տալ, թէ ինչպէ՛ս երիտասարդները պահած են իրենք զիրենք ոստիկանական բաժանմունքին մէջ եւ ինչպիսի՛ աղմուկ բարձրացուցած են: «Այս ամէնը տհաճ է, բայց ստիպուած եմ պատմել, նոյնիսկ կ՛ամչնամ ցոյց տալու այն բաժինները, ուր անոնք կը յարձակին ոստիկանին վրայ, իսկ վերջինս ստիպուած է ձեռքերը վեր պահած ետ քաշուելու, որովհետեւ գիտէ, թէ որուն հետ գործ ունի», ըսաւ Հայաստանի ոստիկանապետը:
Ալիք Սարգսեան տեղեկացուց, որ անոնց դէմ քրէական գործ յարուցուած է, եւ յայտարարեց, որ ինք «թոյլ չի տար քաւութեան նոխազ դարձնել ոստիկանութիւնը», եւ խորհուրդ տուած է այս միջադէպը չքաղաքականացնել:


