Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (25 Յունիս 1965)

June 25, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ Կեանք

 Գրիգոր Նարեկացի Հայագիտական Կեդրոն
Ն. Փալանճեան Ճեմարանի Մէջ

Տէր Եւ Տիկին Յաբէթ Թովմասեան 20.000 Տոլար
Կը Նուիրեն Այս Նպատակին

Քալիֆորնիոյ Հայ կրթական հիմնարկութեան քարտուղարութիւնը մամուլին ղրկած է հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.-

Անցեալ աշնան յայտարարած էինք, որ ամերիկահայ հայրենակից մը կը խոստանայ 20 հազար տոլար յատկացնել Համազգայինի ճեմարանին մէջ հայագիտական կեդրոն եւ ուսուցչանոցի մը հիմնադրութեան համար:

Այս բարերարները տէր եւ տիկին Յաբէթ Թովմասեաններն են, Տիթրոյիթ քաղաքէն:

Երեք տարի է կ՛աշխատէինք  բարերար մը գտնելու այս պատմականօրէն անհրաժեշտ ծրագրին համար: Ուրախ ենք, որ Յաբէթ եւ իր կինը` Արմենուհի Թովմասեան անձնուիրաբար յանձնառու եղան իրագործելու այս խիստ կարեւոր կեդրոնը: Հոն պիտի պատրաստուին հայագէտներ եւ մեր հետզհետէ աճող դպրոցներուն եւ քոլեճներուն համար` որակեալ տնօրէններ եւ ուսուցիչներ:

Փալանճեան Ճեմարանի տնօրէն Սիմոն Վրացեան մեզի կը գրէ, որ կը ջանան նախ Ճեմարանի շէնքերուն վրայ յարկ մը եւս աւելցնել, որպէսզի կարենան «Գրիգոր Նարեկացի» հայագիտական կեդրոնը օր առաջ հաստատել: Մինչ այս խոստացուած գումարը կը հաւաքուի Հայ կրթական հիմնարկութեան մօտ:

Բարերար Յաբէթ Թովմասեան յայտարարեց մեզի. «Ես պարզ հայ մըն եմ. իմ անունը կարեւոր չէ: Գրիգոր Նարեկացին ամբողջ հայութեան կը պատկանի, այդ է պատճառը, որ կը բաղձամ իր անունով կոչել նոր բացուելիք հայագիտական բաժինը»:

Յ. Թովմասեան անցեալին այլ առիթներով եւս պատկառելի գումարներ նուիրած է Փալանճեան ճեմարանին եւ ուրիշ ազգային ձեռնարկներու եւ հաստատութիւններու: Եղած է հիմնադիր անդամ Հայ կրթական հիմնարկութեան:

Այս առթիւ Հայ կրթական հիմնարկութեան Տնօրէններու ժողովը իր խորին շնորհակալութիւնը եւ գնահատանքը կը յայտնէ ազնիւ բարերարներուն:

Ժորժ Սարգիսեան Երէկ Պարգեւատրուեցաւ
Մայրիներու Ազգ. Կարգի Շքանշանով

Երէկ` հինգշաբթի, 24 յունիս, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Համազգայինի Ն. Փալանճեան ճեմարանի պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ շքեղ ընդունելութիւնն մը (քոքթէյլ), որուն ընթացքին լիբանանեան կառավարութեան ներկայացուցիչը` գեղարուեստից նախարարութեան տնօրէն Ժորժ Սաատէ, Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վաստակաւոր դերուսոյց եւ հայ բեմի անխոնջ նուիրեալ Ժորժ Սարգիսեանին յանձնեց «Մայրիներու ազգային կարգ»-ի շքանշանը, որ հանրապետութեան նախագահին կողմէ շնորհուած էր իրեն:

Ներկայ էին պետական երեսփոխաններ Մովսէս Տէր Գալուստեան եւ Անտրէ Թապուրեան, առաջնորդ սրբազանը եւ աւելի քան 300 հրաւիրեալներ: Յաջորդաբար խօսք առին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Սիմոն Վրացեան, Թատերասէրներու կողմէ Սուրէն Շանթ, Իրանի լիբանանեան դեսպան Ապտել Ռահման Ատրա եւ Ժորժ Սարգիսեան: Հաւաքոյթը վարեց Յակոբ Իսկենտերեան:

Այս առթիւ Անտրէ Թապուրեան 1000 լ. ոսկի նուիրեց Պուրճ Համուտի Համազգայինի թատրոնի շինութեան ֆոնտին, իսկ Համազգայինի Պէյրութի վարչութիւնը եւ ՀՄԸՄ-ի Շրջ. վարչութիւնը` 500-ական լ. ոսկի:

 

Ներքին Կեանք

Հանգստեան Թոշակ Լրագրողներու Համար

Նախարարաց խորհուրդի վերջին նիստին վաւերացուեցաւ լրագրողներու համար հանգստեան թոշակի ստեղծման սկզբունք: Կազմուեցաւ յանձնախումբ մը` այս իմաստով օրինագիծ մը պատրաստելու համար: Այս յանձնախումբին մաս կը կազմեն Ժոզեֆ Զաարուր` տեղեկատուութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն, Անթուան Պարուտ` արդարութեան նախարարութեան արխիւային գրասենեակի պետ եւ Մունիր Հելուանի` ելեւտմական նախարարութեան ծախսերու սպասարկութեան պետ: Շատ հաւանական է, որ օրինագիծը երեսփոխանական ժողովի վաւերացման ենթարկուի այժմու արտակարգ նստաշրջանի ընթացքին:

Հսկայ Կառատուներ Պէյրութի Մէջ

Ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ նախաձեռնուած նոր կանոնագիրը` երթեւեկի խնդիրը լուծելու համար, ձախողեցաւ:

Պէյրութի քաղաքապետութիւնը աւելի արմատական լուծում մը գտնելու համար պատրաստած է յատակագիծեր` քաղաքին կեդրոնը երկու հսկայ կառատուներ կառուցանելու համար:

Հողին գինը եւ շինութեան ծախսերը, կ՛ըսէ նախագիծը, պիտի հայթայթուին շնորհիւ տուրքերու, որոնց արժէքը 25 լ. դահեկանը պիտի չանցնի:

Ծրագրին նպատակն է պարպել քաղաքը, ուր ինքնաշարժներու թիւը յարաճուն կերպով կ՛աւելնայ:

Բայց մինչեւ որ քաղաքապետութիւնը իրագործէ իր ծրագիրը, ինքնաշարժներու թիւը այնքան պիտի աւելնայ, որ նախատեսուած է, որ երկու կառատուները բաւարար պիտի չըլլան, եւ հարկ պիտի ըլլայ ուրիշ բան գտնել:

Նոր Պողոտայ

Պէյրութի քաղաքապետութեան գործերով զբաղող յանձնախումբը գումարեց ժողով մը, որուն ընթացքին քննեց Մեծ ծրագիրներու գործադիր խորհուրդին կատարած աշխատանքները:

Յանձնախումբը ապա քննեց կարգ մը ստիպողական ծրագիրներ եւ վաւերացուց յատկապէս հետեւեալները.

– Պիպլոսէն ամերիկեան դեսպանատուն գացող պողոտայի մը ծրագիրը: Այս պողոտային մեծ մասը ծովուն վրայէն պիտի անցնի:

– Ավընիւ տէ Ֆրանսէի եւ Սուր փողոցին միջեւ գօտիին մէջ ծովը որոշ տեղեր պիտի լեցուի:

Յանձնախումբը որոշեց նաեւ փակել հանրային պարտէզը:

Քննական Շրջապտոյտ

Հանրօգուտ շինութեանց նախարար Փիեռ Ժեմայէլ առջի օր ուղղաթիռով ընդհանուր շրջապտոյտ մը կատարեց պետական աշխատատեղիներու մէջ:

Փ. Ժեմայէլ եւ իր հետեւորդները նախ այցելութիւն մը տուին Պէյրութի նաւահանգիստի աշխատանքներուն, որոնք կը շարունակուին ըստ նախատեսուած ծրագրի: Այս աշխատանքներուն 70 առ հարիւրը արդէն աւարտած է:

Այնուհետեւ անոնք թռիչք կատարեցին Ժունիէի նաւահանգիստին վերեւ, ուր աշխատանքները 55 առ հարիւր համեմատութեամբ վերջացած են:

Փ. Ժեմայէլ ապա թռիչք կատարեց Լիբանանի չորս նահանգներուն վրայէն, ուր ճամբաներու շինութիւնը մեծ չափով կը շարունակուի:

Ժողովրդային Լողափներ

Ժողովրդային լողափներ ծրագրին պատասխանատու յանձնախումբը առջի օր իր տեղեկագիրը ներկայացուց ներքին գործոց նախարար Թաքիէտտին Սոլհի:

Թ. Սոլհ այդ տեղեկագիրը փոխանցեց նախարարաց խորհուրդին, որ գումարուեցաւ չորեքշաբթի օր:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Նիստ Ու Կացի 10 Կանոններ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.