
Ազրպէյճանի Իսլամական կուսակցութեան եօթը գործիչներ, որոնց շարքին, կուսակցութեան ղեկավար Մովսում Սամետով, դատարան կանչուած են կազմակերպուած յանցագործութեան խումբ կազմելու, անօրինական զէնք պահելու եւ դաւադրութիւն կազմակերպելու մեղադրանքով:
Անոնք ձերբակալուած էին յունուարին, այն բանէն ետք, երբ Սամետով ազրպէյճանական իշխանութիւնները մեղադրած էր բռնաճնշումներ գործադրելու յանցանքով եւ անոնցմէ պահանջած էր հրաժարիլ:
Սամետով եւ անոր համախոհները չեն ընդունիր իրենց դէմ առաջադրուած մեղադրանքները` յայտարարելով, որ իրենց ձերբակալման շարժառիթը քաղաքական է: Մեղադրեալներու կողմնակիցները հաւաքուած են դատարանին առջեւ իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու:
Սակայն ըստ մարդկային իրաւանց պաշտպաններու, Իսլամական կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն դէմ յարուցուած մեղադրանքները հիմնաւորուած են:


