Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լորտերու Տունը Քննարկած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցը

Յունիս 18, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-17-15_BP«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Բրիտանիոյ խորհրդարանի պաշտօնական կայքը, կը հաղորդէ, որ Բրիտանիոյ Լորտերու տունը 16 յունիսին քննարկած է Հայոց ցեղասպանութեան հարցը: Հայերու, յոյներու եւ ասորիներու զանգուածային սպանութիւնները իբրեւ ցեղասպանութիւն որակելու Բրիտանիոյ կառավարութեան դիրքորոշման մասին առաջին հարցը բարձրացուցած է պարոնուհի Քարոլայն Քոքս:

Ընդգծելով, որ աշխարհի 20-է աւելի երկիրներու խորհրդարաններ ճանչցած եւ դատապարտած են Հայոց ցեղասպանութեան փաստը, ինչպէս նաեւ վկայակոչելով Եւրոպական խորհրդարանի եւ Կալեսի համագումարի ընդունած բանաձեւերը` պարոնուհին հարց տուած է, թէ արդեօք Բրիտանիոյ  կառավարութիւնը մտադրութիւն ունի՞ վերատեսութեան ենթարկելու իր դիրքորոշումը եւ իբրեւ ցեղասպանութիւն ճանչնալու 1915-ի իրադարձութիւնները: Քոքս նաեւ յիշեցուցած է Ֆրանչիսկոս պապին խօսքերը այն մասին, որ ցեղասպանութեան ճանաչումը անհրաժեշտ է ապաքինման, հաշտեցման եւ յառաջընթացի համար:

Կառավարութեան անունով Պահպանողական կուսակցութեան անդամ, Քորթաունի կոմս Ճէյմս Սթոֆորտ պատասխանած է, որ Բրիտանիոյ կառավարութիւնը կը ճանչնայ 20-րդ դարու սկիզբը Օսմանեան կայսրութեան մէջ բնակող հայ ժողովուրդին եւ այլ խումբերու հասցուած սարսափելի տառապանքները: «Յիշելով եւ յարգելով անցեալի զոհերուն յիշատակը, մենք կը գտնենք, որ Բրիտանիոյ առաջնահերթութիւնը պէտք է ըլլայ օգնել Թուրքիոյ եւ Հայաստանի կառավարութիւններուն ու ժողովուրդներուն` միասնաբար առերեսուելու իրենց հասարակաց պատմութեան», նշած է ան` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը տեղեակ է 1915-ի զոհերու յիշատակին նուիրուած պատարագին ընթացքին Հռոմի պապին կատարած յայտարարութենէն եւ կը յարգէ անոր տեսակէտը այդ հարցին շուրջ:

«Մենք համամիտ ենք, որ շատ կարեւոր է խիզախութեամբ առերեսուիլ պատմութեան դասերուն եւ կատարել մեր կարողութիւններու սահմաններուն մէջ ամէն կարելին` նման վայրագութիւնները կանխարգիլելու համար», նշած է ան:

Հարցուպատասխանի ընթացքին լորտ Լինտոն Հարիսըն, պարոնուհի Սառա Լատֆորտ եւ լորտ Ուիլիըմ Պաք հարցումներ յղած են հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ հաշտեցման վերաբերեալ` մասնաւորաբար խնդրելով ներկայացնել, թէ ի՛նչ քայլերու կը ձեռնարկէ Բրիտանիան այդ յարաբերութիւնները բարելաւելու ուղղութեամբ:

Ճէյմս Թոփֆորտ դրական գնահատած է այն, որ վերջին խորհրդարանական ընտրութիւններուն հայկական ծագումով երեսփոխաններ ընտրուած են Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ: Ան նշած է, որ Բրիտանիոյ կողմէ ֆինանսաւորուող «Չիւնինկ» կրթաթոշակային ծրագիրի ծիրին մէջ քննարկումներ կը ծաւալին նաեւ հայ եւ թուրք շրջանաւարտներու միջեւ: Բրիտանիա նաեւ աջակցած է հայկական հասարակական կազմակերպութիւններէն մէկուն նախաձեռնութեան, որուն ծիրին մէջ տպագրուած է ցեղասպանութեան ընթացքին հայերը փրկած թուրքերու կեանքին մասին պատմող գիրք մը:

 

 

Նախորդը

Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանը Բաւարարած Է «Սարգսեան Ընդդէմ Ազրպէյճանի» Եւ «Չիրագով Եւ Միւսները Ընդդէմ Հայաստանի» Բողոքները

Յաջորդը

Արցախի Մէջ. Նախագահ Սահակեան Ներկայացուց Նոր Նշանակուած Պաշտպանութեան Նախարարը

RelatedPosts

Ազրպէյճանի Հոգեւոր Առաջնորդը Կրկին Մեղադրանքներ Հնչեցուցած Է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հասցէին
Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճանի Հոգեւոր Առաջնորդը Կրկին Մեղադրանքներ Հնչեցուցած Է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հասցէին

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ալիեւ. «Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Նախաստորագրումը Հարաւային Կովկասը Պիտի Վերածէ Խաղաղութեան Տարածքի»
Հայկական

Ալիեւ. «Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Նախաստորագրումը Հարաւային Կովկասը Պիտի Վերածէ Խաղաղութեան Տարածքի»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Սուրիոյ Մէջ Հայաստանի Նոր Դեսպանը Իր Հաւատարմագիրները Յանձնեց Շիպանիին
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիոյ Մէջ Հայաստանի Նոր Դեսպանը Իր Հաւատարմագիրները Յանձնեց Շիպանիին

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?