Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (18 Յունիս 1965)

Յունիս 18, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վ. Համբարձումեանի Յայտարարութիւնները

Յառաջիկայ Տասնամեակներու Ընթացքին
Մարդը Հրատ Եւ Արուսեակ Պիտի Ճամբորդէ

«Կը խորհիմ, թէ քսաներորդ դարուն մարդը արեգակնային դրութենէն անդին պիտի չելլէ», յայտարարեց Բիւրականի աստղաբնագիտական դիտարանի տնօրէն, ակադեմիկոս Վիքթոր Համբարձումեան, «Փրաւտա»-ի թղթակցին շնորհած տեսակցութեան մը մէջ: Վ. Համբարձումեան շարունակեց. «Մարդը լուսին պիտի երթայ եւ զայն պիտի արժեւորէ որոշ չափով մը, հաւանաբար երթայ նաեւ Հրատ եւ Արուսեակ, որոնք անջրպետի իր դրացիներն են, բայց ապահովաբար մինչեւ Արամազդ պիտի չհասնի: Ինչպէս որ հաստատուած է ստուերային վերլուծումով, այդ մոլորակին մթնոլորտը բաղկացած է ամոնիաքէ եւ մեթան կը պարունակէ, այնպէս որ, բոլոր դժուարութիւններուն վրայ կը բարդուի մթնոլորտային «անհրապոյր» բնութեան դէմ պայքարի բարդ խնդիրը: Չեմ կարծեր, որ գալիք տասնամեակներուն, մարդը կարողանայ այդքան կարեւոր պատնէշներ խորտակել: Ատիկա քսանմէկերորդ դարուն կրնայ ըլլալ»:

Ակադեմական Համբարձումեան կ՛ըսէ նաեւ. «Այժմէն կրնանք երեւակայել բնակուած մեծ արհեստական արբանեակի մը կամ լուսնի վրայ հաստատուած դիտարան մը: Մեր տիեզերական դրացին, մեզի ամէնէն մօտիկը, կրնայ մեզի ընծայել աստղագիտական դիտումներու իտէալական պայմաններ, որոնք երազ են այսօր: Կը յուսամ, որ մեր դարու 80-ական թուականներուն պիտի կրնանք երկրի արհեստական արբանեակի մը կամ լուսնին վրայ հաստատել իսկական հեռադիտակ մը` երկրի վրայ մեր ունեցած հեռադիտակներուն չափ մեծ, աւելցուց Համբարձումեան:

Երէկ Առատօրէն
Անձրեւեց Պէյրութի Մէջ

Այս տարի օդը շատ քմայքոտ է Լիբանանի մէջ: Կիրակիի սաստիկ տաքէն ետք, երէկ օդը յանկարծ ցրտեց եւ կէսօրուան մօտ առատօրէն անձրեւեց: Քանի մը վայրկեանի մէջ Պէյրութ վերագտաւ ձմեռնային իր կերպարանքը:

Յունիսի անձրեւը բացառիկ երեւոյթ է Լիբանանի մէջ: Վերջին տասը տարիներու ընթացքին վեց անգամ միայն անձրեւած է յունիսի մէջ: 3 յունիս 1957-ին, 2 եւ 3 յունիս 1959-ին, 18 յունիս 1960-ին, 5 յունիս 1963-ին եւ 13 յունիս 1964-ին:

Այսօրուան համար օդաչափը ցոյց կու տայ գեղեցիկ ու ամպոտ օդ, յատկապէս` հիւսիսը եւ լեռնային շրջաններու մէջ: Առաւելագոյն ջերմաստիճանը, որ 26 էր երէկ Պէյրութի մէջ, պիտի մնայ նոյնը:

Սրբազան Տարեդարձին Առիթով

Ապրիլին` սգատօն:
Մայիսին` փառատօն:

1915-ի ապրիլի ջարդին, աւերի ու խաւարին յաջորդեց 1918-ի մայիսեան ազատագոռ արեւը: Արե՛ւը արմենական, որ կը շողայ աստուածապատկեր Արարատի արեւելեան կողմն հայաշխարհին` ողողելով հայրենի մէկ մասին հանրապետական հորիզոնները, լեռներն ու դաշտերը ազատութեան հայաշէն բարիքներով:

Վեց դարերու ստրկութեան եւ ապրիլեան Ցեղասպանութեան յաջորդած է, հուսկ, ուրեմն, Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որ ծնաւ 1918-ի մայիս 28-ին, բազում օրհասական եւ անհաւասար կռիւներու բախումէն: Ծնաւ յաղթական հայ զէնքերու շաչիւնէն. ծնա՛ւ միակամ հայ ժողովուրդին արիւնաշառափ երկունքէն եւ բազմահազար հերոսներու անմահական նահատակութենէն:

Էր երբեմն, որ այդ հուրի եւ արիւնի, այդ հայագեղ ու փառահեղ ծնունդին տարեդարձը մեր բնակած այս անկիւնն ալ կ՛ոգեկոչուէր ու կը տօնուէր պատշաճօրէն: Կը սարքուէր հանդէս: Կ՛ըլլար խրախճանք, Ժողովուրդը կ՛երգէր ու կը պարէր:

Կը խանդավառուէր ու կը խայտար: Կ՛ոգեկոչէր ազատաբեր հերոսամարտերը: Կը յիշէր ու կ՛ապրէր հայօրէ՛ն: Հայ հոգին կը հաղորդուէր հայրենանուէր հայ քաջամարտիկներուն ցեղապաշտ գաղափարին հետ. կը գինովնար հայրենասիրութեամբ ու կը ճախրէր դէպի երկիրը հայրենի:

Ա՞յժմ: Այժմ շատեր պարպուած են իրենց հոգիներէն: Սմքած են: Դարձած են անողնայար, ստրկամիտ, սողացող, ո՛չ արժանի մայիսեան ոգիին:

Ձեռնարկ մը եղաւ գէթ: Բնական ու անշուք ձեռնարկ մը` հայ գոյութեան թիւ մէկ բերդին մէջ յարգանքի մեր երախտայորդ տուրքը խնկարկելու մայիսեան հայրենազոհ հերոսներու յիշատակին:

Պատարագիչ քահանան աւանդական պահուն ըսաւ. «Համեստ ազգային մը 25 ոսկի նուիրելով Հայաստանեայց Ս. եկեղեցւոյ պայծառութեան, հոգեհանգիստի արարողութիւն կը խնդրէ ի յարգանս Հայաստանի անկախութեան համար նահատակուած մարտիկներուն, որոնք 1918-ի մայիսին Սարըղամիշի, Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի, Բաշ Ապարանի եւ այլուր մղուած ճակատամարտերուն մէջ իրենց կեանքը պատարագ ըրին` կերտելով մայիս 28-ին ծնած Հայաստանի Հանրապետութիւնը, ի փառս յաւերժական հայութեան»:

Այդ հայաշունչ պահուն եկեղեցին հայկականը ժողովուրդով չէ, որ լեցուած էր: Լուր չունէին: Լեցուած էր ու կը յորդէր սակայն բազմահազար ու բազմամիլիոն անմահ հոգիներովը հերոսներուն, որոնք հայ պատմութեան արիւնացայտ թաւալումին մէջ իրենց անձը նոխազ ըրին, որպէսզի հայը ապրի ազատ ու անկախ:

Այդ յուզումնաթաթաւ ու հոգեպարար պահուն Եկեղեցին Հայկականը աստուածեղէն լուսայորդ տաճար մըն էր` հայ պատմութեան անորոշ ու մթին խորերէն ի վեր բոլոր ժամանակներու, արմենական բոլոր անմահ հոգիներուն ներկայութեամբը զեղուն:

Հայոց պատմութիւնը հոն էր: Հո՛ն էր հայրենիքը մեր պաշտելի: Թէ՛ հայրենիքը մեր աւերակ եւ թէ՛ հայրենիքը մեր ծաղկեալ ու փարոս փրկութեան:

Հո՛ն էր եւ Աստուածը հայուն:

Պատարագիչ քահանան խորանէն կը թախանձէր «խաղաղութիւն ու արքայութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան համար նահատակ հերոսներու հոգիներուն»:

Ատենին թաղականութեան ատենապետը ներս մտած` կը հետեւէր հայաբոյր արարողութեան: Ի պատիւ իրեն յայտնեմ, որ այդ օրը մերժեց անհատական հոգեհանգիստի ուրիշ խնդրանք` ըսելով, որ այս կիրակին վերապահուած է միա՛յն հայ նահատակ հերոսներու յիշատակութեան:

Այդ պահուն, սակայն, գերազանցօրէն հայրենաշունչ ու հոգեպարար այդ պահուն, գտնուեցան մարդիկ, որոնք եկեղեցւոյ բակը  նստած կը շաղակրատէին: Անոնց էութեան խորթ էր, բացարձակապէս խորթ, ներսը կատարուող օրուան հայրենաշունչ հանդիսութիւնը: Անոնք յարգանք չունէին հերոսներու յիշատակին:

ԴԻՏՈՂ

Լաթաքիա

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Այլազան. Ինչպէ՞ս Պահպանել Օծանելիքը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?