Rosblat.ru կը հաղորդէ, որ Մոսկուայի քաղաքային դատարանը Մոսկուայի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան ուղղութեամբ կրակած Արթուր Միրզոյեանը ազատ արձակելու որոշում տուած է: Այդ մասին յայտնած է անոր փաստաբանը` Կէորկի Շատուորեանը:
«Այսօր Մոսկուայի քաղաքային դատարանին մէջ վերաքննիչ բողոքի քննութեան ժամանակ ես եւ իմ պաշտպանեալս ներում շնորհելու միջնորդութիւն ներկայացուցած ենք: Դատարանը բաւարարած է միջնորդութիւնը: Միրզոյեան ազատ արձակուած է», նշած է փաստաբանը:
3 ապրիլին Մոսկուայի դատարանը Միրզոյեանը դատապարտած էր երկու տարուան բանտարկութեան: 18 օգոստոս 2014-ին Միրզոյեան մօտեցած էր Թուրքիոյ դեսպանատան եւ կրակած անոր ուղղութեամբ: