Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սահակեան Ընդունեց Եւրոպական Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի Դիտորդական Յանձնաժողովի Համազեկուցողները

June 12, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-10-15_sahag-116Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան նախանցեալ օր ընդունեց Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) դիտորդական յանձնախումբի Հայաստանի հարցերով համազեկուցողներ Աքսել Ֆիշըրը եւ Ալան Միլը: Հանդիպման ներկայ եղաւ նաեւ ԵԽԽՎ-ի մէջ Հայաստանի Ազգային ժողովի պատուիրակութեան ղեկավար Հերմինէ Նաղտալեան:

Ողջունելով հիւրերը` Գալուստ Սահակեան նշեց, որ Հայաստանի մէջ ուշադրութեամբ կը հետեւին  Հայաստանին վերաբերող ԵԽԽՎ-ի իւրաքանչիւր փաստաթուղթի, յատկապէս եթէ ատիկա կը  վերաբերի ստանձնած պարտաւորութիւններուն եւ անոնց կատարման:

Գ. Սահակեան կարեւոր նկատելով Հայաստանի մէջ ընթացող բարեփոխումները նշեց, որ ներկայիս  Եւրոպական խորհուրդին հետ կը մշակուի նոր, 2015-2017 թուականներու գործողութիւններու ծրագիր, որուն մէջ նշուած ուղղութիւններէն բացի, Հայաստանի առաջարկով նախատեսուած է համագործակցութիւն այլ մարզերու մէջ:

Անդրադառնալով սահմանադրական բարեփոխումներու հոլովոյթին` խորհրդարանի նախագահը նշեց, որ այդ հոլովոյթին մէջ Հայաստան սերտօրէն կը համագործակցի Վենետիկի յանձնաժողովին հետ, որ դրական եզրակացութիւն տուած է հայեցակարգին վերաբերեալ: Գ. Սահակեան նշեց, որ սահմանադրական բարեփոխումներուն վերաբերեալ առաջարկները կը մշակուին հանրային քննարկումներու ընթացքին: Խօսելով դատաիրաւական մարզին մէջ բարեփոխումներու հոլովոյթին մասին` խորհրդարանի ղեկավարը նշեց, որ ատիկա կ՛իրականացուի Հայաստանի  պարտաւորութիւններուն ներդաշնակ:

Լեռնային Ղարաբաղի առնչութեամբ Գ. Սահակեան նշեց, որ հիմնահարցի խաղաղ լուծումը Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան կարեւոր առաջնահերթութիւններէն մէկն է: Ան աւելցուց, որ տագնապին լուծումը Հայաստան կը տեսնէ բացառապէս խաղաղ ճամբով:

Հանդիպման ընթացքին Ազգային ժողովի  նախագահը մտահոգութիւն յայտնեց սառած տագնապներու հարցով ԵԽԽՎ-ի ենթայանձնախումբի ստեղծման վերաբերեալ, որովհետեւ ԵԽԽՎ-ի դիտորդական յանձնախումբը լիազօրուած չէ զբաղելու տագնապներով:

Խօսելով փտածութեան  դէմ պայքարի մասին` Գալուստ Սահակեան նշեց, որ ատիկա Հայաստանի իշխանութիւններու մնայուն  ուշադրութեան առարկան է: Այս ծիրին մէջ Ազգային ժողովի նախագահը կարեւոր նկատեց աշխատանքը Եւրոպական խորհուրդի մասնագիտացած կառոյցներուն մէջ, որոնց հետ Հայաստան աշխուժօրէն կը համագործակցի:

Հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար, բարձր գնահատեցին  ԵԽԽՎ-ի մէջ Հայաստանի Ազգային ժողովի պատուիրակութեան կատարած աշխատանքը:

Հանդիպման ընթացքին մանրամասնօրէն քննարկուեցան նաեւ սահմանադրական բարեփոխումներուն առնչուող հարցեր:

 

 

Նախորդը

Մինասեան. «Կարելի Չէ Թիրախ Դարձնել Մեր Պաշտպանութեան Համակարգը Եւ Նախարարը»

Յաջորդը

Եւրոպական Խորհրդարանին Մէջ Արցախի Խնդիրին Շուրջ Քննարկումներ

RelatedPosts

Ազգային Ժողովը Չդադրեցուց Հեռատեսիլի Եւ Ձայնասփիւռի Յանձնաժողովի Անդամ Յակոբ Մովսէսի Լիազօրութիւնները
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Չդադրեցուց Հեռատեսիլի Եւ Ձայնասփիւռի Յանձնաժողովի Անդամ Յակոբ Մովսէսի Լիազօրութիւնները

February 14, 2026
Պաքուի Մէջ Հայ Գերիներու Դատավճիռներու Վերաբերեալ Ընկերվար Միջազգայնականի Յայտարարութիւնը
Հայկական

Պաքուի Մէջ Հայ Գերիներու Դատավճիռներու Վերաբերեալ Ընկերվար Միջազգայնականի Յայտարարութիւնը

February 14, 2026
Վանս Պաքուի Մէջ Քննարկած Է Գերիներու Ազատ Արձակման Հարցը
Գլխաւոր լուրեր

Վանս Պաքուի Մէջ Քննարկած Է Գերիներու Ազատ Արձակման Հարցը

February 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.