Ազգային ժողովի քառօրեայ նիստին կը քննարկուի «Զինուորական ծառայութիւն կատարողներուն եւ անոնց ընտանիքներու անդամներուն ընկերային ապահովագրութեան մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքին մէջ լրացում կատարելու մասին օրէնքի նախագիծը, որուն հեղինակը Ազգային ժողովի պատգամաւոր Էտմոն Մարուքեանն է: Կը նախատեսուի քննարկել զինուորական ծառայութեան ընթացքին զինուորներու ստացած վնասուածքներու արտերկրի մէջ բուժման, ճամբորդութեան ծախսի եւ կեցութեան գումարը պետական միջոցներու հաշուոյն հոգալու պետութեան պարտականութիւնը եւ զինուորի իրաւունքը:
Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան իր խօսքին մէջ ցաւ յայտնեց, որ վիրաւոր զինուորին օգնելու մասին ընկերային ցանցերու մէջ տարածուած լուրերը պահ մը վերածուած էին բանակի, պաշտպանութեան նախարարութեան եւ պետութեան դէմ ուղղուած քարոզչութեան:
Արծուիկ Մինասեան իր խօսքը ուղղեց լրատուական միջոցներուն, բոլոր այն քաղաքացիներուն եւ անձերուն, որոնք մտահոգ են նման հարցերով` հայկական բանակը եւ պաշտպանութեան համակարգը թիրախ չդարձնելու:
«Երբ կը նայիս, թէ լրատուական միջոցները ինչպէ՛ս յարձակած են պաշտպանութեան նախարարութեան կամ պաշտպանութեան նախարարին վրայ, ատիկա դատապարտելի երեւոյթ պէտք է ըլլայ: Պաշտպանութեան նախարարը չի ներկայանար իբրեւ սոսկ քաղաքականութեան մէջ եղող անձ մը, որուն նկատմամբ կրնաս յարձակումներ գործել: Ան մեր պաշտպանութեան համակարգին գլխաւոր հրամանատարն է: Այս տեսակէտէն շատ զգուշ պէտք է ըլլալ: Ես չեմ գիտեր, ձեզմէ ո՛վ տեսած է Սէյրան Օհանեանի վերաբերեալ այդ հաղորդումը: Ես իբրեւ քաղաքացի, բաւականութիւն ստացայ, ուրախացայ եւ հպարտացայ, որ պաշտպանութեան նախարարը, իր առօրեան կը կազմակերպէ այն ձեւով, որ կարելիութիւն կու տայ նաեւ ուսուցանելու պարզ մարդիկը, որ մարդը կրնայ նաեւ մարզանք ընել այդ բազմազբաղ վիճակին մէջ, շաբաթ-կիրակի օրերուն դուրս գալ աշխատանքի, բայց չես գիտեր ինչո՛ւ այդ հաղորդումէն ետք անմիջապէս յարձակում գործեցին նախարարին եւ անոր ընտանիքին նկատմամբ: Մենք` իբրեւ պատգամաւորներ, պէտք է դատապարտենք նման երեւոյթները եւ կոչ ուղղենք զերծ մնալու նման կարեւորագոյն կառոյցի նկատմամբ նման վերաբերմունքէ, ոչ թէ խօսքի ազատութիւնը դարձնել մեզի համար պաշտպանական մարզ մը եւ ինչ ուզեն ըսեն», հաստատեց Արծուիկ Մինասեան:
Պատգամաւորը իր պաշտօնակիցներուն կոչ ուղղեց արտայայտելու այս հարցին վերաբերեալ իրենց տեսակէտները, եւ եթէ համակարգուած ձեւով չպայքարին նման երեւոյթներու դէմ, շատ աւելի վատ հետեւանքներ կ՛ունենան նման հրապարակումները: Արծուիկ Մինասեան շեշտեց, որ ինք նպատակ չէ դրած ոեւէ մէկուն անձը պաշտպանել, ինք կը ցանկայ պաշտպանել պաշտպանութեան համակարգը:
Արծուիկ Մինասեանէն ետք արտահերթ խօսք առաւ Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով: Ան շարունակեց նոյն բնաբանը` ըսելով, որ առանց ամուր պաշտպանական համակարգի, անկարելի է խօսիլ ժողովրդավարութեան, տնտեսական աճի եւ ընկերային պայմաններու բարելաւման մասին: Շարմազանով յիշեցուց յայտնի ճշմարտութիւնը, որ եթէ չես ուզեր կերակրել ուրիշին բանակը, ուրեմն պէտք է հոգ տանիս քու բանակիդ եւ ուժեղացնես զայն:
«Պաշտպանութեան եւ ապահովութեան համակարգը մեր երկրին ողնաշարն է, եւ եթէ այլ երկիրներուն անկախութիւնը տրուած է Խորհրդային Միութեան փլուզման շնորհիւ, ապա Հայաստանն ու Արցախը այդ անկախութեան համար արիւն թափած են: Եւ հիմա այդ անկախութեան միակ երաշխիքը հայկական բանակն է, եւ որեւէ վայրահաչոց հայոց բանակի եւ բանակի պատասխանատուի հասցէին, վայրահաչոց է հայրենիքին նկատմամբ: Իշխանութիւնները կարելի է եւ պէտք է քննադատել, բայց պէտք չէ նոյնացնել իշխանութիւն եւ հայրենիք, եւ կարելի չէ ամէն ինչի չափը անցընել: Մենք պէտք չէ ընենք այն, որ ձեռնտու է մեր դրացիներուն: Բան մը ընելէ առաջ եկէք` հասկնանք` ի՞նչ կ՛ընենք: Ինկած էք համընդհանուր զգայացունց հոլովոյթի ետեւէն` ով որքան «լայք» կը հաւաքէ® յետո՞յ: Մեր բոլոր դժբախտութիւններուն պատճառը միշտ եղած է այն, որ մենք միշտ քննադատած ենք գործ ընողը, որ միաբան չենք եղած: Ինչպէս կ՛ըսէր Նժդեհ` հայուն թիւ մէկ թշնամին հայուն ներսի նախանձն է: Եկէք` ձերբազատինք ներքին նախանձէն, ըլլանք բարի քրիստոնեայ, կը բաւէ ընդդէմ ոեւէ անձի ապրիք, եկէք` ապրինք` յանուն հայրենիքի: Ամօ՛թ այն մարդոց, որոնք առաւօտեան կ՛արթննան` մտածելով, թէ որո՛ւն պատուէրը պիտի ընեն մէկու մը դէմ», ըսաւ Շարմազանով: