Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԹՐՔԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԻ ՍՊԱՅԱԿՈՅՏԸ Ո՛Չ ԿԸ ՀԵՐՔԷ, Ո՛Չ ԱԼ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԷ ՔԻՒՐՏԵՐՈՒՆ ԴԷՄ ՔԻՄԻԱԿԱՆ ԶԷՆՔ ՕԳՏԱԳՈՐԾԵԼՈՒ ՄԱՍԻՆ ԼՈՒՐԵՐԸ

August 12, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Զօր. Նեճտեթ Էօզել

Քրտական «Ֆըրաթ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ թրքական բանակի սպայակոյտը յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնած է, որ թրքական բանակի սպայակոյտի նոր նշանակուած պետ զօր. Նեճտեթ Էօզել չէ գլխաւորած 1999-ին քիւրտ զինեալներու դէմ կատարուած գործողութիւնը:

Միեւնոյն ժամանակ թրքական բանակի սպայակոյտը ո՛չ հերքած է, ո՛չ ալ հաստատած մամուլին մէջ շրջանառուող այն լուրերը, ըստ որոնց, թրքական բանակին կողմէ 1999-ին քիւրտ զինեալներու դէմ կատարուած յատուկ գործողութեան ժամանակ քիմիական զէնք օգտագործուած է:

Շաբաթներ առաջ «Ֆըրաթ» հաղորդած էր, որ թրքական բանակի սպայակոյտի նոր նշանակուած պետը ժամանակին քիւրտ զինեալներու դէմ քիմիական զէնք օգտագործած է: Ըստ քրտական լրատու գործակալութեան, 11 մայիս 1999-ին գլխաւորած է թրքական բանակի` Քրտական ազատագրութեան բանակի զինեալներուն դէմ կատարած գործողութիւնը, որուն ընթացքին օգտագործուած էր քիմիական զէնք: Քսան քիւրտ զինեալներ սպաննուած էին:

Զօր. Նեճտեթ Էօզել այդ գործողութեան համար քիւրտերու շրջանակին մէջ ստացած է «Քիմիական Նեճտեթ» անունը:

Աւելի ուշ Գերմանիոյ Ձախ կուսակցութենէն հինգ երեսփոխաններ միացեալ յայտարարութեան մը մէջ նշած էին, որ թրքական բանակի սպայակոյտի նոր նշանակուած պետ զօր. Նեճտեթ Էօզել զինուորական յանցագործ է:

Նախորդը

ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԷՋ ԱՌ Ի ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԻՒՆ ԼԱՉԱԿԻՆ 124 ՀԱԶԱՐ ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ՀԱՒԱՔՈՒԱԾ Է

Յաջորդը

ՊԱՔՈՒ ԿԸ ՀԱԿԱԴԱՐՁԷ ԹԵՀՐԱՆԻ. «ՈՐԵՒԷ ՄԷԿՈՒՆ ԹՈՅԼ ՉԵՆՔ ՏԱՐ ՄԵՐ ՆԵՐՔԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒՆ ՄԻՋԱՄՏԵԼ» Կ՛ԸՍԷ ՓՈԼՈՒԽՈՎ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.