Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (11 Յունիս 1965)

Յունիս 11, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յիսնամեակի Առթիւ Պատրաստուած
Շարժանկարները

Գրած էինք, թէ Եղեռնի 50-ամեակի Կեդրոնական յանձնախումբը Միացեալ Նահանգներու մէջ պատրաստած է շարժանկարային եւ հեռապատկերային ցուցադրութեան յատուկ ժապաւէններ:

«Հայրենիք»-ի մէջ Կեդրոնական յանձնախումբը, որ կը գործէ Ամերիկայի մեր կազմակերպութեան հովանաւորութեան ներքեւ, հրատարակած է իր պատրաստած ժապաւէններուն ցանկը.

Եղեռնի 50-ամեակի յանձնախումբին կողմէ շարժանկարային եւ հեռապատկերային ցուցադրութեան համար պատրաստուած ժապաւէններն են`

Ա.- Խորէն Ա. կաթողիկոսի կողմէ յիսնամեակի կոնդակի ընթերցումը: Յայտագիրը կը ներկայացնէ գեր. Հրանդ արք. Խաչատուրեան:

Բ.- «Յիսնամեակը», ՄԱԿ-ի 25, 26, եւ  27 յունուարի Ընդհանուր ժողովներուն մէջ:

Գ.- «Ինչո՞ւ կ՛ոգեկոչենք յիսնամեակը», խօսք` փրոֆ. Սեդրակ Մինասի, յանուն Կեդրոնական յանձնախումբին:

Դ.- «Յիսնամեակ» ցեղասպանութեան յատկացուած 23 վայրկեան տեւողութեամբ ժապաւէն մը, պատրաստուած` յիսնամեակի Կեդրոնական յանձնախումբին կողմէ, արտադրութիւն եւ ղեկավարութիւն` Լեւոն Քէշիշեանի:

Բնագիրը  պատրաստուած է անգլերէնով. պատրաստուած են նաեւ հայերէն եւ արաբերէն օրինակներ, արաբերէնի խօսնակն է Ճիւլ Քաճեան:

Այս բացառիկ հարազատ շարժանկարը պատրաստուած է պատմական շարժանկարներէ, նկարներէ, ու հարազատ ձայնով կը ներկայացնէ յիսնամեակի պաշտօնական խօսքը` փրոֆ. Սեդրակ Մինասի կողմէ:

Հարազատ, պատմական շարժանկարներէ կը ցուցադրուին սուլթանը, թրքական բանակը, հայ կամաւորները, նկարներ` Զօհրապ, Ակնունի, Վարդգէս, Վարուժան, Սեւակ, Խաժակ, Սիամանթօ եւ այլն: Նմանապէս հարազատ տեսարաններ ջարդերու, տեղահանումներ եւ այլն: Ինչպէ՞ս ՄԱԿ-ը 1946-ին ցեղասպանութիւնը ընդունեց որպէս ոճիր, Փոլ Հանրի Սփաքի յայտարարութիւնը: 1945-ի ուխտը կը դառնայ միջազգային օրէնք: Կը տեսնուին Սողոմոն Թեհլիրեան, ոճրագործները` Թալէաթ, Ճեմալ, Էնվեր, Խալիլ Պէյ, ծածկագիր հեռագիրները:

ՄԱԿ-ը լուռ է: 1961-ին առաջին անգամ Սէյլանի ներկայացուցիչ Փերերա կը խօսի հայ ջարդերու մասին: Թուրք պատուիրակը կը հերքէ. «Այդպիսի բան չէ պատահած…»: Կրկին լռութիւն:

1964-ին` Ապահովութեան խորհուրդի մէջ Թուրկութ Մենեմենճիօղլու կը յայտարարէ, թէ «ցեղասպանութիւնը ոճիր է, եւ թէ` պատասխանատուները պէտք է պատժուին»:

Հայ մը կրնար նոյն խօսքը ըսել 1915-ին. սակայն, թուրք պատուիրակը ըսաւ այդ խօսքը 1964-ին:

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 25, 26 եւ 27 յունուարի նիստերը: Այս ժողովին էր, որ Կիպրոսի արտաքին գործերու նախարար Սփիրօ Կիպրիանու կորովի յայտարարութիւններ ըրաւ` պատասխանելով թուրք արտաքին գործոց նախարար Էրքինին:

Ժապաւէնին մէջ մասնաւոր յայտարարութիւն մը կը կատարէ փրոֆ. Առնոլտ Թոյնպի: Ան կ՛ըսէ` «Թուրքերը չյաջողեցան ոչնչացնել հայերը»: Փակման խօսքը` կրկին փրոֆ. Սեդրակ Մինասի կողմէ:

Շարժանկարին յաջող պատրաստութեան իրենց մասնակցութիւնը բերած են արտադրիչ-ղեկավար Լեւոն Քէշիշեան, քամերամեններ` Լարս Չոմպերկ, Ռոպըրթ Ճիսթրի, Մոհամետ Պենիստ, Փարթամեան, Գասպարեան, սաունտմեն` Ուլֆ: Օգտագործուած են պատմական ֆիլմեր ՄԱԿ-ի արխիւներ, Քէշիշեանի արխիւները, հայ կամաւորներ, Նիկոլա ցարի անձնական նկարիչը, Կեդրոնական յանձնախումբի արխիւը:

Երաժշտութիւն` «Կոմիտաս» երգչախումբի (Պոսթըն) կողմէ, Ռուբէն Գրիգորեանի ղեկավարութեամբ: Գեղարուեստական գծագրութիւն` Մինաս Մինասեան: Պրպտում ժապաւէններու` Օտրի Քէյճ: Պրպտում բնագրի` Լեւոն Քէշիշեան եւ Սարա Անդրէասեան: Բնագիր` փրոֆ. Սեդրակ Մինաս եւ Լեւոն Քէշիշեան: Թարգմանութիւն հայերէնի` Մինաս Թէօլէօլեան: Թարգմանութիւն արաբերէնի` Ճիւլ Քաճեան: Ձայն «Ռիվս պրոտքասթինկ քոմփընի», Էտիթըր Լարս Չոմպերկ:

Տպագրութիւն` «Արթ սթիւտիօ»-ի խօսնակ` անգլերէն Թէոտոր Ֆէյկըն, արաբերէն` Ճիւլ Քաճեան: Քօփիրիխթ, Ուաշինկթըն, Տի. Սի., 1965:

Երաժշտական Երեկոյ Ի Պատիւ Միւռոնօրհնէքի
Եկած Հայ Ուխտաւորներուն

ԱՆԻ մշակութային միութիւնը կազմակերպած էր երաժշտական երեկոյ մը` նուիրուած Սայաթ Նովային, մենակատարութեամբ քեմանչիստ Ռուբէնին, ի պատիւ միւռոնօրհնութեան առթիւ արտասահմանէն հիւր ուխտաւորներուն, տեղի ունեցաւ 3 յունիս 1965-ին, երեկոյեան ժամը 8:45-ին, ամերիկեան համալսարանի սրահին մէջ (Չեփըլ): Ներկայ էին պէյրութահայ երաժշտասէրներ եւ ուխտաւոր հայերը, որոնք սրահը կը լեցնէին:

Տեղին կը նկատենք երկու խօսք ընել ԱՆԻ մշակութային միութեան մասին, որուն ծնունդը մօտ մէկուկէս տարի կ՛ըլլայ: Իր գործունէութեամբ հանրային համակրանքին արժանացած կազմակերպութիւն մը դարձած է ան, որուն միակ նպատակն է մշակութային գործունէութիւն ունենալ մեր կեանքէն ներս` ազգապահպանման մեծ գործին սատարելով իր սեփական միջոցներով, ուրիշ քոյր կազմակերպութեանց կողքին:

Ձեռնարկը լաւ կազմակերպուած էր եւ ուխտաւոր հիւրերը տեղ գրաւած էին սրահին յառաջամասի աթոռներուն վրայ, որպէսզի լաւագոյնս վայելեն հայկական քնքուշ եղանակները, որոնք յօրինուած էին հայ երաժշտութեան արքաներուն կողմէ` Սայաթ Նովա, Կոմիտաս վարդապետ, Արամ Խաչատուրեան, Ա. Սպենդիարեան եւ այլն:

ԱՆԻ մշակութային միութեան ատենապետ Յարութիւն Պէրպէրեան, տուաւ հակիրճ կենսագրականը անուանի հայ քեմանչիստին եւ դրուատեց անոր նուագելու բացառիկ արժանիքները, ապա բեմ հրաւիրեց քեմանչիստ Ռուբէնը: Ռուբէն մեծ վարպետութեամբ եւ բացառիկ ներշնչումով նուագեց իրեն պապենական յիշատակ մնացած աւանդական քեմանչային վրայ, այն նոյն քեմանչային, որ ժամանակին նուագած էր իր մեծ հայրը` Աշուղ Սանամը: Ռուբէն իր կատարեալ կատարողութեամբ երաժշտասէր հասարակութեան հրամցուց իրական վայելքի պահեր եւ ցոյց տուաւ հայ գուսանական երաժշտութեան անգերազանցելի մեկնաբանութիւնը իր քեմանչայով: Քեմանչան Ռուբէնին համար գաղտնիք մը չունի այլեւս եւ կատարելապէս կը տիրէ անոր իր ճկուն եւ արագ խաղերով:

Պէյրութահայութեան նորութիւն մը չէ Զուարթ Սերայտարեանի երգեցողութեան արժանիքները: Ան յաջող կերպով մեկնաբանեց Սայաթ Նովայի երգերը եւ խոր ապրումով երգեց զանոնք` ժողովուրդին բացառիկ գնահատանքին արժանանալով: Զ. Սերայտարեան խոստմնալից տարր մըն է հայ երգերու մեկնաբանութեան մէջ եւ հաճոյք է զինք ունկընդրել նոյնիսկ երկար ժամանակ:

Շաքէ Մխիթարեան, շնորհալի արուեստագիտուհին, դաշնամուրին վրայ մեծ յաջողութեամբ ընկերակցեցաւ քեմանչիստ Ռուբէնին եւ Զ. Սերայտարեանին եւ բարձր գնահատանքի արժանացաւ:

Երկու ժամ լրիւ աշուղական եւ քնքուշ երգեր եւ նուագ մտիկ ընելէ ետք հանդիսութիւնը փակեց Վարդան վրդ. Տեմիրճեան` առաջնորդ Ատրպատականի թեմին, Պարսկաստան, որ հանդիսութիւնը կը հովանաւորէր` փոխարինելով Տաճատ արք. Ուրֆալեանը, լիբանանահայոց առաջնորդ, որ կը բացակայէր բանաւոր պատճառով:

Վստահաբար եզակի այս երաժտական ձեռնարկը լաւագոյն յիշատակներ թողուց մեր յարգելի ուխտաւոր հիւրերուն, որոնք մօտերս պիտի վերադառնան իրենց երկիրները` Լիբանանէն տանելով աւելի զօրաւոր հայկականութիւն:

ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Հոգեբանական Փորձ-Քննութիւն. Առաջին Հերթին Ի՞նչ Կը Տեսնէք…

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In