ՎԱՐՈՒԺԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
«Ով որ երկնաւոր Հօրս կամքը կը կատարէ, անիկա է եղբայրս, քոյրս եւ մայրս» (Մտ. 12.50)
Այսօր մայրերու օր է, կ՛ըսեն: Մայրերու տօն է, կ՛ըսեն: Ձեռնարկ մը, հանդէս մը կը կազմակերպեն: Շա՛տ բարի: Սակայն մայրը օրով մը, տօնով մը, հանդէսով մը պատուել, ինծի կը թուի, թէ ձեւակերպութեան կը վերածուի մօրը հանդէպ յարգանքն ու գնահատանքը: Մայրը յարգանքի ու պատուի արժանի է ամէն օր: Մանաւանդ` հայ մայրը, ո՛ւր ալ գտնուի, ի՛նչ վիճակի ալ մատնուի, յարատեւ յարգանքի եւ պատուի արժանի է, որովհետեւ ան մեր օճախին մէջ առաջին ներկայացուցիչն է մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի եւ անոր հովանին վայելող մեր ազգին:
Աստուածաշունչի ցուցմունքներուն հետեւելով, քրիստոնեայ եկեղեցւոյ ընդհանրական հայրերը, ինչպէս նաեւ մեր եկեղեցական հայրերը, մեր բանաստեղծները, մեր արուեստագէտները ամէնէն իւրայատուկ տեղը եւ դերը շնորհած են մօր, կնոջ առաքելութեան կեանքի բոլոր բնագաւառներուն մէջ, բարոյական, հոգեւոր ու ընկերային երեսներուն վրայ, միշտ հետեւելով Աստուածամօր օրինակին: Արուեստագէտներու ամէնէն խօսուն նկարները, շարականագիրներու ամէնէն շքեղ գանձերը, գրողներու ամէնէն պերճ տողերը նուիրուած են մօր ըմբռնումին:
Ինչո՞ւ:
Որովհետեւ`
Մայրը տանիքն է ընտանիքին: Կարելի չէ երեւակայել ընտանիք մը` առանց այդ երդիքին:
Մայրը կենսական դուռն է ազգային ինքնուրոյնութեան, կրթութեան: Առանց մօր` կարելի չէ ենթադրել առողջ դաստիարակութիւն եւ առողջ մշակոյթ:
Մայրը գլխաւոր սիւնն է հայրենիքին, առանց մօր` կարելի չէ երեւակայել հայրենի սահման եւ ապահովութիւն:
Մասնաւորելով.
Հայ մայրը, հայ կինը, մասնաւորաբար քրիստոնէական շրջանին գլխաւոր սիւնը հանդիսացաւ հայ ընտանիքին, Հայ եկեղեցիին, հայկական մշակոյթին: Ան իր մեծագոյն նպաստը բերաւ հայապահպանման, հայ ժողովուրդի առողջ ծլարձակումին, բոլոր բնագաւառներէն ներս: Հայ կինը աջ բազուկ հանդիսացաւ մեր անձնուրաց այրերուն, ազատագրական բոլոր ժամանակներու շարժումներուն, սկսեալ Վարդանանցէն, հասնելու համար մինչեւ Մուսա Լեռ, Ուրֆա, Սասուն, Սարդարապատ ու Արցախ, ամէն տեղ, ուր մեր ժողովուրդը իր գոյութեան համար պայքարի լծուեցաւ: Հայ կինը սպեղանի դարձաւ մեր որբերուն եւ կարիքաւոր ընտանիքներուն ամէնէն դժուարին պայմաններու մէջ:
Այսօր կեանքի ու ընկերութեան եւ այլ պարագաներու հետ փոփոխութեան ենթարկուած է նաեւ հայ մօր պատկերը: Սպասուած մաքուր պատկերը չի ներկայացներ մեր ընտանիքը, մեր հաւատքը, մեր լեզուն ու մշակոյթը: Բայց ողբալու եւ մեղադրանքներ հիւսելու պահը չէ այս պահը: Այլ պահն է անդրադառնալու: Ինքնաճանաչման պահն է այս պահը եւ վերանորոգումի: Աստուածամօր լոյսով լուսաւորուելու եւ տեսնելու ճշմարտութիւնը: Պահն է վերստին հագնելու Աստուածամօր եւ մեր երանելի մայրերուն պատմուճանը եւ մղելու արդար ու յարատեւ պայքարը, վերստին կանգնելու համար ճշմարիտ մօր պատուանդանին: Ուրախութեամբ պէտք է նշել, որ մենք այսօր եւս ականատես կ՛ըլլանք օրինակելի հայ մայրերու: Կը հանդիպինք անոնց զոհողութեան, հեզութեան` հայրենիքի մէջ, Արցախի մէջ եւ սփիւռքի զանազան անկիւններուն: Կը տեսնենք, որ հայ մայրեր տառապանքի գնով ընտանիք, հայրենիք, բանակ, մշակոյթ, լեզու եւ հաւատք կը պահպանեն: Հետեւաբար, որոշ լաւատեսութեամբ լեցուած, կը թելադրենք, որ բոլո՛ր մեր մայրերը, մանաւանդ երիտասարդ մայրերը օրինակ վերցնեն Աստուածամայրն ու մեր օրինակելի մայրերը, տիկինները եւ ըստ այնմ պահեն իրենց ընտանիքը, ըստ այնմ սնուցանեն ու կրթեն իրենց եւ ազգին սիրասուն զաւակները եւ ըստ այնմ կապուած մնան մեր մնայուն արժէքներուն:
Եթէ Աստուածամօր պատկերի հայելիին մէջ նայիք, սիրելի՛ քոյրեր եւ մայրեր, հոն ձեր պատկերը պիտի տեսնէք` յար եւ նման Աստուածամօր պատկերին: Արտաքնապէս ոչ մէկ տարբերութիւն պիտի նշմարէք: Իսկ ներքնապէս եւս ամէն տուեալ եւ յարմարութիւն ունիք նմանելու Աստուածամօր, երբ ձեր հաւատքով, հնազանդութեամբ, կարգապահութեամբ եւ գիտակցութեամբ կը տնօրինէք ձեր կեանքը երկրի վրայ: Երբ ձեր երկրային օրերուն կը խորհիք ձեր զաւակներու եւ թոռներու կարիքները գոհացնելու, անոնց կողքին խորհիք Աստուծոյ մօտ ըլլալ, Աստուած տեղաւորել ձեր մէջ: Ըլլալ հովանի եկեղեցիին եւ անկէ բխած հարստութիւններուն: Այդ հոգեւոր հարստութիւններուն կապել ձեր զաւակներն ու թոռները, ազգին զաւակներն ու թոռները, որպէսզի մեր եկեղեցին մնայ ամուր, մնայ ճոխ ու զուարթ, ինչպէս կը հետամտիք ձեր զաւակները պահել ճոխ, ամուր ու զուարթ:
Լաւ գիտցէք եւ միտք պահեցէք.
Դուք էք Քրիստոսի մայրը, երբ գիտէք լսել եւ գործադրել իր խօսքը:
Դուք էք Քրիստոսի մայրը, երբ գիտէք սնանիլ Աստուածամօր առաքինութիւններով:
Դուք էք Քրիստոսի մայրը, երբ Աստուծոյ կամքը կը կատարէք:
Դուք էք Քրիստոսի մայրը, երբ ամրապէս կապուած կը մնաք անոր եկեղեցիին, որ ժողովուրդն է, տարեց, երիտասարդ, պատանի թէ մանուկ, որոնք կը կազմեն, կը ծաղկեցնեն ու կը պահեն հայրենիքը:
Այժմ` հայ մօր եւ կնոջ հաւաքական դերի մասին:
Քրիստոս, երկնաւոր արքան, արքայական պալատներէ հեռու, իշխանական ապարանքներէ հեռու, ծնաւ ամէնէն համեստ ու անշուք ախոռի մը մսուրին մէջ:
Տարագիր, անտուն եւ անապաստան, անօթի ու մերկ, հայրենիքէն զրկուած եւ կոտորակուած ժողովուրդի մը մնացորդացի աղքատ գիրկին մէջ ծնաւ Հայ օգնութեան միութիւնը` հայոց կարմիր խաչը:
Հարիւրամեայ իր վաստակով ան յաղթեց աշխարհին, իր Տիրոջ պէս, կտոր մը հացի վերածուելով, պնակ մը կերակուր ըլլալով, կրթաթոշակի լումայ մը հանդիսանալով, հիւանդի դեղահատ մը դառնալով` բաշխուեցաւ իր սիրած ժողովուրդին, միշտ հեռանկար ունենալով այդ ժողովուրդի վերականգնումը, կազդուրումը եւ յարատեւումը: Անցեալի դրական ձեռքբերումները հպարտութեան առիթ են, այո՛: Անցեալի առողջ նուաճումները ներշնչարան են, այո՛: Բայց ճամբան երկար էր սկիզբէն, ու ճամբան սալարկուած էր մուրտի փուշերով, ինչպէս կը վկայէ բանաստեղծը: Եւ ճամբան կը շարունակուի նոյն դժուարութիւններով:
Քրիստոս յաղթեց աշխարհին իր առաքեալներով եւ անոնց շառաւիղէն քալող անշահախնդիր հետեւորդներով` անոնց անսակարկ նուիրումով:
Հայոց կարմիր խաչը իր յաջողութիւնն ու ձեռքբերումները նոյնպէս կը պարտի խաչուհի մկրտուած նուիրեալ հայուհիներու, որոնք գործեցին ու անցան, լոյս անոնց հոգիներուն: Եւ գործը կը շարունակուի նոյն հրամայականներով:
Այսօր լուրջ մարտահրաւէրներու առջեւ ենք աւելի քան երբեք:
Կ՛ըսեն, թէ արեւմտահայերէնը նահանջի մէջ է: Սխա՛լ է: Նահանջի մէջ են մեր ծնողքը, մայրը, կինը: Կ՛ըսեն, թէ նահանջի մէջ է հայրենիքը: Սխա՛լ է: Նահանգի մէջ է մեր ընտանիքը, մայրը, կինը:
Կ՛ըսեն, թէ նահանջի մէջ է մեր եկեղեցին: Սխա՛լ է: Նահանջի մէջ է մեր հաւատքը: Անոր սիւնը հանդիսացող մեր մամիկը, մեր մայրիկը:
Ճառեր խօսելով, յաղթեցինք ու պիտի յաղթենք գոռալով` մենք տեղ չենք հասնիր: Մենք կը յաղթենք միայն մեր լուռ աշխատանքով, մեր համբերատար նուիրումով: Մեր շարքերը խտացնելով եւ ամրացնելով նոր ու երիտասարդ խաչուհիներով: Կարմիր է խաչը, այո՛, դժուարակիր է խաչը, այո՛: Բայց յաղթող է ու յաղթող պիտի մնայ խաչը: Առանց անոր` յարութիւն չկայ: Հետեւաբար հայոց կարմիր խաչին մէջ ես պիտի չուզեմ տեսնել հին ու նոր, աւագ եւ կրտսեր, մեծ եւ փոքր, հարուստ եւ աղքատ, երեւցող ու չերեւցող, այլ պիտի ուզեմ տեսնել մէկ ու միացեալ մեծ ընտանիք, իր գործօն բոլոր խաչուհիներով` լիարժէք եւ համահաւասար:
Հայոց կարմիր խաչը, ճիշդ է, վարչական միաւորում մը որպէս կը ներկայանայ, եւ իբրեւ այդպիսին` իր գործերը ծրագրող ու համադրող մարմիններ կը յառաջացնէ: Բայց այդ մարմինները ընտրապայքարներով պէտք չէ գոյաւորուին, այլ` համախոհութեամբ ու համերաշխութեամբ:
Այդ մարմիններուն վրայ եղողները Աստուածամօր եւ մեր փափկասուն տիկիններու օրինակով, պէտք է ըլլան աւելի համեստ, աւելի հաւատարիմ, աւելի հնազանդ, քան` միութեան ամէնէն յետին ու համեստ խաչուհին:
Նոր դարաշրջանի մը սեմին ենք: Իմ ջերմ փափաքն է, մաղթանքը եւ թելադրանքը, որ ՀՕՄ-ը իր վարչական բոլոր կառոյցներով, իր խաչուհիներու ամբողջական շարքերով նոր եւ լայնածաւալ արշաւներ կազմակերպէ, բոլոր հայ համայնքներու բոլոր հայ ընտանիքներուն մէջ, ջանայ լուծել հայ մայրերուն դէմ ցցուած դժուարութիւնները եւ ներգրաւէ զանոնք հայոց կարմիր խաչի շարքերէն եւ ընտանիքէն ներս` յարգանքով ու յօժարակամ օգնութեամբ: Հրաւիրել բոլոր հայ մայրերը համախմբուելու հայ վարժարանին շուրջ: Աշխատանքի լծել բոլոր հայ մայրերը, հայ օճախին մէջ միշտ արծարծ պահել մեր հաւատքը եւ ազգային բարքերն ու աւանդութիւնները:
Ա՛յս է Աստուծոյ կամքը, ա՛յս է մեր ազգային հաւատամքը եւ ասոնց ծառան, պաշտօնեան եւ սպասաւորը կոչուած է ըլլալ Քրիստոսի մայրը, այսինքն` դուք բոլորդ:
Այս թող ըլլայ իւրաքանչիւր խաչուհիի սկզբունքը եւ տեսլականը, երբ իր առաջին քայլը կը դնէ Ցեղասպանութեան յաջորդող նոր հարիւրամեակի դարպասէն ներս:
Բարի՛ երթ: