
«Մամուլը եւ արեւմտեան կողմերը կը չափազանցեն ու հոգեբանական ենթահող կը պատրաստեն սուրիական վարչակարգի հաւանական տկարացման», յայտարարեց ռազմավարական հարցերու մասնագէտ, քաղաքական վերլուծաբան Անիս Նաքքաշ երէկ` ընդգծելով, որ եթէ Սուրիոյ վարչակարգը փուլ գայ, շրջանի գրեթէ բոլոր երկիրները, ներառեալ` Թուրքիա եւ Իսրայէլ, պիտի բռնկին` շրջանը մատնելով պատերազմական վիճակի:


