Վեհափառ Հայրապետին Բացման Խօսքը
Ազգ. Ընդհանուր Ժողովի Առաջին Նիստին
Ազգային Ընդհանուր ժողովի առաջին նիստին, որ տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 2 յունիս, կ. ե. ժամը 3:30-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան վեհարանի դահլիճին մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Խորէն Ա. արտասանեց հետեւեալ բացման խօսքը.-
Գերաշնորհ եւ սիրեցեալ եղբարք ի Քրիստոս
եւ յարգելի անդամք Ազգ. Ընդ. ժողովոյ,
Լրիւ երկու տարիներ սահեցան այն օրէն ասդին, երբ մեր կաթողիկոսական ընտրութենէն եւ օծումէն անմիջապէս ետք քաղցր հաճոյքն ունեցանք ողջունելու զձեզ այս դահլիճին մէջ` որպէս անդամներ Ազգային Ընդհանուր ժողովոյ:
Հայրական նոյն սիրով եւ ջերմութեամբ այսօր եւս կ՛ողջունենք զձեզ Ազգ. Ընդհ. ժողովոյ բացման այս հանդիսաւոր պահուն եւ ի խորոց սրտի բարի գալուստ կը մաղթենք ամէնուդ:
Կ՛աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ իր աստուածային իմաստութեամբը առաջնորդէ բոլորս մեր խորհրդակցութիւններուն եւ որոշումներուն մէջ` յօգուտ եւ ի փառս Հայց. Առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ եւ ազնուական հայ ժողովրդեան:
Անցնող երկու տարիները մեզի համար եղան տքնաջան աշխատանքի եւ եռուն գործունէութեան շրջան մը, որուն ընթացքին մենք վայելեցինք անմիջական գործակցութիւնը Ս. Աթոռիս ուխտանուէր միաբանութեան եւ անվերապահ աջակցութիւնը Ազգային Կեդրոնական վարչութեան նուիրեալ անդամներուն:
Կաթողիկոսութեանս երկամեայ գործունէութեան մանրամասն տեղեկագիրը դուք պիտի լսէք քիչ վերջ եւ Ազգ. Կեդր. վարչութեանս անխոնջ ու արդիւնաւէտ ճիգերուն ամբողջական պատկերը պիտի ունենաք ձեր աչքերուն առջեւ:
Բացման այս հակիրճ քանի մը խօսքերով պիտի ուզէինք ձեր ուշադրութիւնը հրաւիրել կարգ մը հիմնական իրողութեանց վրայ, որոնք եղան մեր գործունէութեան գլխաւոր երեսները եւ կազմեցին մեր մտահոգութեան ու ջանքերուն էական առանցքը:
Ա.- Մարդկայնօրէն կարելի մեր բոլոր միջոցներով հետամուտ եղանք վերահաստատելու եւ ամրացնելու մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ միութեան, սիրոյ, եղբայրութեան եւ համերաշխութեան ոգին: Հոգեկան խոր հրճուանք է մեզի համար յայտարարել ձեր բոլորին, որ Աստուծոյ օրհնութեամբ եւ օգնականութեամբ, խաղաղութեան եւ համերաշխ գործակցութեան շրջան մը բացուեցաւ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ, որուն բարիքները անսահման են եւ վեր` մարդկային ամէն գնահատանքէ: Մեր յարատեւ ճիգն ու ջանքն է առաւել եւս խորացնել միութեան ու եղբայրութեան ոգին, որուն մեծ կարիքն ունի ի սփիւռս աշխարհի ցրուած մեր հայ ժողովուրդը: Կ՛աղօթենք միշտ ի խորոց սրտի, որ ամենաբարին Աստուած առատ արդիւնաւորութեամբ պսակէ մեր բոլորին աշխատանքը այս գեղեցիկ ճամբուն մէջ:
Բ.- Մեր երկամեայ գործունէութեան ընթացքին ջանադիր եղանք Հայց. եկեղեցւոյ նուիրապետական բոլոր աթոռներուն հետ եղբայրական եւ սիրալիր յարաբերութիւններ մշակելու եւ ներդաշնակ գործակցութեամբ ծառայելու Աստուծոյ, մարդկութեան եւ հայութեան: Ուրախութիւն է Մեզի համար նշել հոս սիրոյ եւ եղբայրութեան այն ոգին, որ գոյութիւն ունի այսօր Հայց. եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներու գահակալներուն միջեւ` հակառակ արտաքին կացութիւններու յաճախ անթոյլատու պայմաններուն:
Նախանձախնդիր եղանք կանոնաւոր թղթակցութեամբ սերտօրէն կապ պահելու մասնաւորաբար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերուն հետ, թեմակալ առաջնորդներուն եւ Ազգային իշխանութեանց միջոցաւ: Մօտէն հետաքրքրուեցանք թեմերու կարեւոր հարցերով, հետեւեցանք անոնց գործունէութեան ընթացքին, գոհունակութեամբ քաջալերեցինք բոլոր դրական իրագործումները եւ անգամ մը եւս կը յայտնենք Մեր անհուն սէրն ու ջերմ գնահատանքը ամէնուն նկատմամբ անխտիր` առաջնորդներէն սկսեալ մինչեւ ամէնէն խոնարհ ծխականները: Թեմերու կապը Ս. Աթոռիս հետ կենսական նշանակութիւն ունի եւ մեծամեծ բարիքներ կ՛ապահովէ թէ՛ թեմերուն եւ թէ՛ կաթողիկոսարանիս համար: Սրտի գոհունակութեամբ կու գանք հաստատել, որ այս գիտակցութիւնը այլեւս համոզումի է վերածուած մեր բոլորին մօտ:
Գ.- Հայց. եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներու եւ Մեր կաթողիկոսութեան ենթակայ թեմերուն հետ Մեր մշակած յարաբերութիւններէն անդին, սերտ եւ ջերմ կապեր հաստատեցինք օտար եկեղեցիներու հոգեւոր վերին իշխանութեանց հետ, ի մասնաւորի` Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ գերագոյն պետին` նորին սրբութիւն պապին, Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու ամենապատիւ պատրիարքներուն, Յոյն Օրթոտոքս եկեղեցւոյ պատրիարքներուն, Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոսին, եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարին եւ Լիբանանի ու այլ երկիրներու եկեղեցական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններուն հետ:
Մենք կը հաւատանք, որ Ի. դարուն, երբ եկեղեցական յարաբերութիւնները օրէ օր կ՛աճին ու կը ճիւղաւորուին, մեր եկեղեցին, դարերէն ժառանգած իր լայնախոհ սկզբունքին եւ դիրքին որպէս բնական հետեւութիւն, պէտք է լայն մասնակցութիւն բերէ միջեկեղեցական կեանքին եւ իր ձայնը լսելի դարձնէ:
Օտար եկեղեցիներէն զատ, սերտ յարաբերութիւններ մշակեցինք նաեւ Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական համայնքներու վերին իշխանութեանց հետ, մասնաւորաբար` ներկայ տարեշրջանին, ապրիլեան Եղեռնի յիսնամեակի համազգային եւ միասնական ոգեկոչման առիթով: Հոգեկան անբաւ մխիթարութեան աղբիւր մը եղաւ այս ջերմ գործակցութիւնը համայն հայութեան համար:
Դ.- Լիբանանի պետական իշխանութեանց հետ Մեր յարաբերութիւնները եղան միշտ սիրալիր եւ բարեկամական: Ջանացինք բարձր պահել հայ ժողովուրդի քաղաքացիական հաւատարմութիւնն ու առողջ կեցուածքը լիբանանեան բարեխնամ պետութեան նկատմամբ:
Հաւատարմական նոյն ոգիէն մղուած` կանոնաւոր կապ պահեցինք նաեւ Մեր թեմերու պետական իշխանութեանց հետ տօնական եւ հանդիսական առիթներով եւ մեր շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթութիւնները յայտնեցինք իրենց Մեր հեռագրերով:
Ե.- Կաթողիկոսարանիս ներքին, վանական, կրթական, մշակութային կեանքին հետեւեցանք անմիջական վերահսկողութեամբ եւ ամէնօրեայ հետաքրքրութեամբ: Դպրեվանքի, տպարանի, մատենադարանի, մայր տաճարի, «Հասկ» ամսագրի, Մարտիկեան վարժարանի եւ վանական ու միաբանական ընթացիկ կեանքի բոլոր խնդիրներով անձնապէս զբաղուեցանք եւ անհրաժեշտ ցուցմունքները կատարեցինք կանոնաւոր եւ արդիւնաւոր ընթացքի մը մէջ պահելու համար մայրավանքիս ընդհանուր գործունէութիւնը իր բոլոր գլխաւոր երեսներուն մէջ:
Զ.- Մեր երկամեայ գործունէութեան մէջ կարեւոր տեղ գրաւեց կաթողիկոսարանիս նիւթական կացութեան ապահովման եւ ամրացման աշխատանքը: Մեր հիմնական նպատակն է կաթողիկոսարանս հասցնել տնտեսականօրէն ինքնաբաւ հաստատութեան մը վիճակին եւ միջոցներ ստեղծել անոր գործունէութեան ընդարձակումին եւ առաւելագոյնս պտղաբերումին համար: Մեր ի գործ դրած ջանքերը մասամբ ունեցան իրենց դրական արդիւնքները: Բայց տակաւին շատ կարիքն ունինք թեմական կանոնաւոր օժանդակութեան` Ս. Աթոռիս պիւտճէն կարենալ հաւասարակշռելու համար:
Է.- Վճռական նախանձախնդրութեամբ լծուեցանք առաջին մէկ օրէն կաթողիկոսարանս բարեզարդելու աշխատանքին: Համագաղութային նշանակութիւն եւ գործունէութիւն ունեցող ազգին կեդրոնական այս հաստատութիւնը անհրաժեշտ էր, որ ունենար գեղակերտ եւ տպաւորիչ արտաքին կառուցուածք եւ կարելիութիւններ` բեղուն գործունէութեան մը համար: Ձեռնարկուած հիմնական նորոգութիւններն ու նոր կառուցումները ձեր բոլորին աչքերուն առջեւն են ահա: Վստահ ենք, որ մօտ ատենէն մեր եկեղեցիին ու ազգին արժանավայել եւ պատուաբեր կաթողիկոսարան մը պիտի ըլլայ Անթիլիասի մեր մայրավանքը:
Յարգելի՛ երեսփոխաններ,
Հարեւանցի ակնարկի մը ներքեւ ուրուագծուած այս պատկերը պարզապէս նշումն է երկարամեայ մեր գործունէութեան գլխաւոր երեսներուն: Ազգային Կեդր. վարչութեան մանրամասն տեղեկագիրը կը բանայ ձեր բոլորին աչքերուն առջեւ ամբողջական պատկերը:
Փակելէ առաջ մեր խօսքը` գոհութիւն եւ փառք կու տանք Ամենակալին Աստուծոյ, որ Մեզ պահեց առողջ եւ մեզի ընծայեց մեր ժողովուրդին ծառայելու սքանչելի առիթներ անցնող երկու տարիներու ընթացքին:
Սրտի պարտք կը զգանք անգամ մը եւս յայտնելու Մեր ամենախորունկ շնորհակալութիւնները մեր թեմակալ առաջնորդներուն եւ Ազգային իշխանութեանց, մեր միաբանութեան բոլոր անդամներուն եւ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան, որոնք թեւ ու թիկունք եւ զօրավիգ հանդիսացան մեզի մեր գործունէութեան ընթացքին եւ մեծապէս սատարեցին սկսուած գործին բարւոք եւ ատոք արդիւնաւորման: Ի խորոց սրտի բոլորին կը մաղթենք քաջառողջ եւ երջանկալից երկար կեանք` ընդերկար ծառայելու համար մարտիրոսացեալ հայ եկեղեցւոյն եւ բազմաչարչար հայ ազգին:
Շնորհակալութեան եւ գնահատանքի մեր վերջին խօսքը կ՛ուզենք ուղղել մեր ազնուական հայ ժողովուրդին, որ իր սրտանուէր աղօթքովն ու զոհողութեամբը, իր նուիրումովն ու ընծայաբերութեամբը, ինչպէս նաեւ իր գիտակից գործակցութեամբը լիովին օգնել Մեզի, որպէսզի աստուածահաճոյ եւ ազգանուէր ծառայութեան մը վերածէինք մեր երկամեայ գործունէութիւնը ի պայծառութիւն Հայց. Ս. եկեղեցւոյ եւ ի փառս Ամենաբարին Աստուծոյ:
ԽՈՐԷՆ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
1 յունիս 1965
Անթիլիաս