Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աբրահամեան Տեսակցեցաւ Չեխիոյ Խորհրդարանի Նախագահին Հետ

June 3, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-02-15_AprahamianՊաշտօնական այցելութեամբ Չեխիա գտնուող Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան երէկ տեսակցեցաւ  այդ երկրի խորհրդարանի Պատգամաւորներու տան նախագահ Եան Համաչեքի հետ:

Տեսակցութեան ընթացքին Համաչեք նշեց երկկողմանի յարաբերութիւններու բարձր մակարդակը եւ  կարեւոր նկատեց Հայաստանի վարչապետին այցելութիւնը` հայ-չեխական կապերը աւելի խորացնելու եւ տնտեսական յարաբերութիւնները  աշխուժացնելու առումով:

Հայ-չեխական յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ խորացման առումով բարձր գնահատուեցաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի պետական այցելութիւնը Չեխիա: Պատգամաւորներու տան  նախագահը, կարեւոր նկատելով միջխորհրդարանական կապերու խորացումը, անհրաժեշտ նկատեց  համագործակցութեան հետագայ զարգացումը նաեւ տնտեսութեան մարզին մէջ: Եան Համաչեք  կարեւոր նկատեց գործակցութեան խորացումը  արեւելեան գործընկերութեան ծիրին մէջ:

Յ. Աբրահամեան իր կարգին նշեց, որ վերջին տարիներուն Հայաստանի եւ Չեխիոյ միջեւ  յարաբերութիւնները եւ քաղաքական երկխօսութիւնը աշխուժացած են: Ան կարեւոր նկատեց խորհրդարանական դիւանագիտութեան դերը եւ հայ-չեխական միջխորհրդարանական համագործակցութիւնը, անհրաժեշտ նկատեց  առեւտրական-տնտեսական կապերու հետագայ աշխուժացումը եւ զարգացումը: Վարչապետը նշեց, որ Չեխիա Եւրոպայի մէջ Հայաստանի կարեւոր գործընկերներէն մէկն է, եւ կարեւոր նկատեց Արեւելեան գործընկերութեան ծիրին, ինչպէս նաեւ Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան այլ ձեւաչափերուն մէջ գործակցութեան խորացումը:

Աբրահամեան նշեց, որ հայկական կողմը բարձր կը  գնահատէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկներուն Չեխիոյ ծերակոյտի եւ Պատգամաւորներու տան պատուիրակութեան մասնակցութիւնը, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Պատգամաւորներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին` Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւը ընդունելու համար:

Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին առնչութեամբ զրուցակիցները շեշտեցին, որ տագնապը պէտք է լուծուի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին ծիրին մէջ, խաղաղ բանակցութիւններու ճամբով:

Տեսակցութենէն ետք Հայաստանի վարչապետին  գլխաւորած պատուիրակութիւնը Փրակայի Սենովաժնէ հրապարակին վրայ ծաղկեպսակ զետեղեց հայ-չեխական բարեկամութիւնը խորհրդանշող խաչքարին:

 

Նախորդը

Մինասեան. «Եթէ Ձեր Ռազմավարութեան Հետեւանքով Սակը Պիտի Բարձրանայ, Ուրեմն Ռազմավարութիւն Պէտք Չէ»

Յաջորդը

ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը Երէկ Հասաւ Երեւան

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.